Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բոլոր Մուտքերէն Շրջափակեց Ազգային Ժողովը

Մարտ 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 9 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ  տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ մէկ ժամուան մէջ յայտնի պիտի ըլլայ վերջին շրջանի Ազգային անվտանգութեան, Զինուած ուժերու միասնականութեան եւ այդ Զինուած ուժերուն դէմ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի անօրինական յարձակումներուն հետ կապուած նոր զարգացումներուն ընթացքը:

«Այսօր այն օրն է, երբ Հայաստանի նախագահը պէտք է երկար մտածելէ  ետք վերջապէս կողմնորոշուի, թէ ո՛վ է ինքը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, նախագահ, որ Նիկոլ Փաշինեանին քո՞վ կ՛աշխատի, Նիկոլ Փաշինեանի արդէն երեք տարի տեւած շանթաժներո՞վ, թէ՞ կը կատարէ նախագահի իր պարտականութիւնները, կ՛ապահովէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, օրէնքները», նշեց ան:

Ըստ Գեղամ Մանուկեանի, Արմէն Սարգսեանի տուած որոշումով  պայմանաւորուած է յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի տարածքին մէջ իր ներկայութիւնը, դերը եւ կարգավիճակը:

«Հանրահաւաքի ընթացքին յստակ պիտի ըլլայ, թէ արդեօք Արմէն Սարգսեանը կը համակերպի՞ շանթաժին, բռնութիւններու կոչին, թէ՞ ի վերջոյ տէրն է Սահմանադրութեան եւ ինչպէս Սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ` պետութեան գլուխն է», ըսաւ ան:

Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանը, ելոյթ ունենալով Բաղրամեան պողոտային վրայ ընթացող հաւաքին, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն բռնապետութեան դէմ ու իր ազատութեան համար տարած պայքարին  համար:

«Ես հիմա այստեղէն կը յայտարարեմ, որ բոլորը, վարչակարգի բոլոր ստրուկները, բոլոր սպասարկուները պատասխան պիտի տան օրէնքին, սերունդներուն եւ Աստուծոյ առջեւ», յայտարարեց Արա Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց. «Այն տարածքը, որ ասոնք զիջած են թուրքերուն, Լիբանանի չափ է, Կիպրոսի չափ»:

«Կ՛ուզեմ, որ դուք ձեզի հաշիւ տաք` Լիբանանի ու Կիպրոսի չափ տարածք  տուած են թուրքերուն, ու կը հարցնէք` հիմա խօսինք ձէթի սղութեան կամ սղաճի մասի՞ն: Այո՛, հիմա պիտի խօսինք, որովհետեւ ասոնք շատ արհեստավարժ ձեւով հոգեբանօրէն կ՛ազդեն մարդոց ենթագիտակցութեան վրայ եւ կը յիշեցնեն 25 տարի առաջ ըսուած խօսքերը` Սերգօ՛ ջան, լաւ չես ապրած, քանի Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած: Հիմա, իբրեւ թէ, իրենք լուծած են Ղարաբաղի հարցը, կը սկսիք լաւ ապրիլ… ու բոլորին կը կերակրեն այն սուտերով, որ տնտեսութիւնը սկսած է շնչել, նոր առիթներ բացուած են ազգին առջեւ: Այսինքն, Արցա՞խը կը խանգարէր, որ այդ առիթները բացուէին, Արցախը կողմ եւ ինչ որ անհասկնալի առիթները միւս կո՞ղմ. ատիկա կը փորձեն կաթեցնել ձեր ենթագիտակցութեան վրայ, եւ այդ պատճառով պէտք է փաստարկուած ապացուցենք, որ տնտեսութիւնը երբեք աւելի վատ վիճակի մէջ չէ եղած գոնէ վերջին 20 տարուան ընթացքին, քան այսօր», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց. «Ազգային ժողովը կ՛աշխատի միայն այն պարագային, եթէ գայ ընդունելու մեր ժողովուրդին յարիր որոշում: Իսկ մինչեւ այդ փակեցէ՛ք նաեւ միւս մուտքերը, յետոյ կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը»:

Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ պէտք է ամէն գիշեր Բաղրամեանի մէջ  200-300 հոգի գոնէ մարդ ըլլայ` պաշտպանելու վրանները:

Վազգէն Մանուկեանի ելոյթէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները շրջափակեցին Ազգային ժողովի շէնքը, ոստիկաններու եւ քաղաքացիներու միջեւ բախում տեղի ունեցաւ:

Մասնակիցները կը վանկարկէին «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ»:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց ոստիկաններուն արհեստականօրէն լարում չստեղծելու:

«Մենք խորհրդարանի շէնք պիտի չմտնենք: Հիմա մենք մէկ քայլ ետ պիտի երթանք, բայց ոստիկանութիւնը թող առջեւ չգայ:

Մենք այստեղ հաւաքուելու մէկ նպատակ ունինք, արդէն տասը օր է փակած ենք Բաղրամեան պողոտան, մեր բողոքը արտայայտած ենք, մենք այս փողոցը պէտք է փակ պահենք, որովհետեւ այս Ազգային ժողովը այլեւս ընելիք չունի», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան հաւաքուածներուն կոչ ուղղեց երկու վրան բերելու եւ տեղադրելու Դեմիրճեան փողոցը:

Շարժումի անդամները յայտարարեցին, որ խորհրդարանի շէնք մտնելու մտադրութիւն չունին եւ խորհրդարանի մուտքերը փակ պիտի պահեն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ հրաժարական ներկայացնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ազգային ժողովի պատգամաւորները տակաւին կարելիութիւն ունին պատմութեան մէջ իբրեւ դաւաճաններ չմնալու, անոնց ետքայլի տեղը մենք ձգած ենք», յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեան:

Իսկ ՀՅԴ-ի անդամ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց. «Մենք շրջափակած ենք Ազգային ժողովի շէնքը եւ թոյլ պիտի չտանք, որ այս Ազգային ժողովը այլեւս գործէ:

«Ասիկա խորհրդարանական երկիր է եւ երկրի գլխաւոր որոշումները կախուած են խորհրդարանէն: Խորհրդարանը ժողովուրդի վերահսկողութեան տակ է: Յարգելի՛ հայրենակից, որ հիմա պատկերասփիւռի կայանով կը հետեւիս մեզի, եկո՛ւր,  վերահսկողութեանդ քայլը կատարէ, դուն ալ բաժինդ ունեցիր այս շէնքը վերահսկողութեանդ տակ վերցնելու գործին մէջ», ըսաւ Գերասիմ Վարդանեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց. «Արդէն 4 ամիս է, որ ժողովուրդի բողոքի ձայնը իր վճռականութիւնը կ՛արտայայտէ այս հողատուն իշխանութենէն հեռացնելու հարցով: Սակայն այս ընթացքին Հայաստանի նախագահը, որ պատասխանատու եւ պարտաւոր է, ձեռքերը լուաց եւ կը փորձէ հեռանալ: Մենք մեր ձեռքով` ժողովուրդը իր ձեռքով, պիտի հաստատէ իշխանութիւն: Մենք Ազգային ժողովի մուտքին մօտ ենք, որպէսզի ժողովուրդի ներկայացուցչական մարմինին կարեւոր բան մը ըսենք, ժողովուրդին իշխանութիւնը անբեկանելի է, ժողովուրդը իր իշխանութիւնը գործադրելու համար պիտի հաստատէ ազգային նոր իշխանութիւն», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

«Փաստօրէն Արմէն Սարգսեան իրավիճակը լարեց», Դեմիրճեան փողոցին մէջ անհնազանդութեան ցոյցին ընթացքին լրագրողի հարցումին ի պատասխան յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան եւ նշեց, որ այլեւս աւելցնելիք բան չունի:

Իշխան Սաղաթէլեանը, դիմելով ցուցարարներուն, ըսաւ. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, եթէ Հայաստանի նախագահը չի պաշտպաներ Սահմանադրութիւնը, եթէ Հայաստանի վարչապետը կը շարունակէ տապալել երկրի սահմանադրական կարգը, ուրեմն ժողովուրդը պէտք է պաշտպանէ Սահմանադրութիւնը, մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ անգամ մը եւս Նիկոլը տապալէ Սահմանադրութիւնը եւ սահմանադրական կարգը»:

Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին անընդհատ ոստիկանական նոր ուժեր բերուեցան Բաղրամեան պողոտայ: Ոստիկանները զինուած էին վահաններով ու սաղաւարտներով եւ շարքերով կը փորձէին քայլ առ քայլ առջեւ երթալ: Քաղաքացիները անոնց գործողութիւններուն կ՛արձագանգէին սուլոցներով եւ «Ամօթ» վանկարկելով:

 

 

Նախորդը

Ըստ Նախագահի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան. «Սահմանադրական Դատարան Դիմելու Վերջնաժամկէտ Չկայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?