Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայել Պոկտանովի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հարցերով Հարիրիի օգնական Ժորժ Շաապանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին վերաբերեալ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին քննարկուած է Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի կացութիւնը` ընդգծելով մասնագէտներէ բաղկացած ատակ կառավարութեան մը կողմէ ընկերային եւ տնտեսական տագնապները լուծելու կարեւորութիւնը:
«Քննարկուեցաւ նաեւ երկրին մէջ գործող քաղաքական հիմնական ուժերուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային հարցերուն, որոնց շարքին նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու կարեւորութեան` հիմնուելով թիւ 2245 բանաձեւին վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, յատկապէս առեւտրական, ընկերային եւ ներդրումի մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:
Միւս կողմէ, Հարիրի Ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհաւորեց ուսուցիչները` ողջունելով անոնց ծառայութիւնը եւ յարգանք յայտնելով անոնց զոհողութիւններուն, որոնք կը կատարուին ներկայ արտակարգ պայմաններուն եւ առողջապահական ու տնտեսական տագնապներուն ընթացքին:
Երեկոյեան Հարիրի վերադարձաւ Պէյրութ:



