Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ` «Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ» Կարգախօսով

Մարտ 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 6 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը:

Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը` յայտնելով իրենց լիակատար աջակցութիւնը Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան համոզմունք յայտնեց, որ անցնող շաբաթներուն բողոքի բոլոր գործողութիւններուն ընթացքին իրենց շարքերը եղած են ամուր, առողջ, տրամադրուած են մարտական: Ըստ անոր, իրենց շարքերուն մէջ կարեւոր ներկայութիւն ունի երիտասարդութիւնը, որ մղիչ ուժ է: Ան շեշտեց, որ իրենց շարքերու  երիտասարդները նուիրուած են, հայրենասէր են, պարկեշտ են, կը սիրեն իրենց պատմութիւնը: Մանուկեանի համաձայն, անոնցմէ շատերը այնքան համեստ են, որ նոյնիսկ չեն ալ ըսեր, որ կռուած են պատերազմին: «Կ՛ուզենք այսօրուան հանրահաւաքին կարեւոր մէկ մասը տրամադրել անոնց: Իրականութեան մէջ գործ ընողը անոնք են, քիչ խօսողը անոնք են, փողոց փակողը անոնք են®», ըսաւ Մանուկեան:

Բեմ հրաւիրուեցաւ երիտասարդ Սեւակ Նազարեանը, որ հանդէս եկաւ  ելոյթով: «Մենք արդէն 10 օր է Բաղրամեան պողոտային վրայ այս կարգավիճակով կը շարունակենք մեր պայքարը, գիշեր-ցերեկ, 24-ժամեայ  դրութեամբ առանց որեւէ դժգոհութեան կը շարունակենք մեր պայքարը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իրենք կը փորձեն կերտել իրենց երազանքներու ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրաբեան, որ նշեց, թէ այնտեղ է ոչ թէ իբրեւ պալատի նախագահ, այլ իբրեւ Հայաստանի մտահոգ, շարքային քաղաքացի եւ նախկին զինուոր: Ան եկած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցէն, որ կազմակերպուած էր` ի աջակցութիւն զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանին:

Դժուար է նայիլ մեր սաներու աչքերուն եւ իմանալ, որ օդին մէջ կախուած հարցեր կան` ուսուցի՛չ, ինչո՞ւ պարտութիւն կրեցինք. իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ պատմաբան Արթուր Մկրտչեան:

Ան նշեց, որ «ինչո՞ւ պարտուեցանք» հարցումին պատասխանը մենք գիտենք, բայց դժուար է սաներուն ըսել, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ  անոնց աչքերուն մէջ պետական հաստատութիւնները արժեզրկուին:

Արթուր Մկրտչեանի համոզումով` մէկ ելք կայ` պայքարիլ:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այս փողոցին մէջ կը գտնուին 3 կարեւորագոյն հաստատութիւններ` Ազգային ժողովի շէնքը, նախագահական նստավայրը եւ Սահմանադրական դատարանը, այս երեք կառոյցներու  որոշումէն կախեալ է շատ կարեւոր եւ էական բան մեր երկրի յառաջիկայ օրերուն համար: Այո՛, այս հարթակը Հայաստանի պայքարի հարթակն է, եւ այս հարթակէն անընդհատ այս երեք հաստատութիւնները պիտի զգան եւ տեսնեն ժողովուրդին ձայնը»:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի աւարտին յայտարարեց.

«Մենք կորսնցուցած ենք մեր հայրենիքի զգալի մասը, ջարդուած է մեր բանակը, կորսնցուցած ենք հազարաւոր երիտասարդներ, Ալիեւը արհամարհանքով կը խօսի հայերուն մասին, այն նոյն Ալիեւը, որ վախցած, սարսափած էր յաճախ: Մենք համբերատար կը շարունակենք մեր պայքարը: Այն մարդիկը, որոնք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ այստեղ չեն, անհամեմատ աւելի շատ են, քան այստեղ հաւաքուած մարդիկը: Ես անոնց կոչ կ՛ուղղեմ` այս հայրենիքը միայն մերը չէ, ձերն ալ է. կ՛ուզէք միանալ, միացէ՛ք, չէք ուզեր միանալ, ստեղծեցէ՛ք ձեր կազմակերպութիւնները, ինքնուրոյն որոշումներ տուէ՛ք: Համբերել կարելի չէ, մեր աչքին առջեւ կը մահանայ մեր պետութիւնը»:

Հանրահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ երթ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն: Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ երթով կը շարժին դէպի Հայաստանի նախագահի նստավայր: Անկէ ետք երթին մասնակիցները պիտի անցնին Պարոնեան փողոցէն, ապա` Երեւանի տարբեր փողոցներէն: Նպատակը այն է, որ կոչ ուղղեն քաղաքացիներուն միանալու իրենց:

Գեղամ Մանուկեան ներկայացուց նաեւ յառաջիկայ միջոցառումները:

«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին այստեղ գալ իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն հետ: Երեխային պէտք է փոքր տարիքէն դաստիարակել, թէ ի՛նչ է արժանապատուութիւնը եւ արժանապատիւ քաղաքացին, որպէսզի երեխան չսորվի, թէ ի՛նչ է դաւաճանութիւնը», նշեց Գեղամ Մանուկեան:

Ընդդիմութեան երթը անցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դատախազութեան շէնքերուն մօտէն: Ցուցարարները կոչեր հնչեցուցին:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ ըսաւ, որ ասիկա ամէնէն խեղճ նախարարութիւնն է. «Խեղճ կ՛ըսեմ, որովհետեւ անոնք կը կատարեն խելագար եւ անիմաստ յանձնարարականներ: Խեղճ ու կրակ դիւանագէտներ, որովհետեւ վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի դաւաճանութեան, խելագարութեան, անպատասխանատուութեան պատճառով ամէն օր կը խայտառակուին»:

«Ասիկա այն կառոյցն է, որ կը պաշտպանէ խելագարին որոշումները», Ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան: «Ասիկա այն կառոյցն է, որ դատարանին մէջ կը պաշտպանէ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակին մէջ գրուած մեղադրանքները: Մենք պարբերաբար ձեզի պիտի յիշեցնենք ձեր հիմնական պարտականութիւնը: Դուք այս օրերուն ունիք մէկ կարեւոր խնդիր` ձերբակալել գերագոյն գլխաւոր դաւաճանը: Խելքի եկէ՛ք, կանգնեցէ՛ք պետութեան, պետականութեան ու ժողովուրդի կողքին եւ ձերբակալեցէ՛ք այդ դաւաճանը»:

Երբ երթը հասաւ կառավարութեան շէնքին մօտ, երթին մասնակիցները ցուցադրաբար մէջքով շրջեցան:

Այստեղէն երթը մտաւ Նալբանդեան փողոց, Սայաթ Նովա, ապա Բաղրամեան պողոտայ: Այստեղ բազմաթիւ ոստիկանական փոխադրակառքեր կանգնած էին, կային նաեւ ոստիկաններ: Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, թէ քանի փոխադրակառք կեցած է ու չափեցէ՛ք Նիկոլին վախը: Այնքան կը վախնայ, որ ամբողջ ոստիկանութիւնը հաւաքած, բերած է Երեւան»:

Երթի մասնակիցներուն կը միանային նոր քաղաքացիներ` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով Հայրենիքի փրկութեան շարժումին: Շատ քաղաքացիներ ալ իրենց բնակարաններուն պատշգամներէն կը ծածանէին Եռագոյնը:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կը վանկարկէին քաղաքացիները երթի ամբողջ ընթացքին:

Հասնելով կրկին Բաղրամեան պողոտայ` Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական օրակարգը պիտի թելադրուի այս հրապարակէն, այստեղի վճռականութենէն կախեալ է Հայաստանի վաղուան օրն ու մեր ապագան:

«Այս հրապարակը պէտք է պահենք ամուր, պիտի շարունակենք գիշերել այս հրապարակին վրայ: Վաղն ու միւս օրը տեղի պիտի ունենան շարք մը ծրագիրներ, նախաձեռնութիւններ: Նահանջելու, հիասթափուելու տեղ չունինք, նժարին մէկ կողմը հայրենիքի գոյութեան հարցն է, միւս կողմը`  բոլոր դժուարութիւնները, որոնք պէտք է միասին յաղթահարենք», ըսաւ Ի. Սաղաթէլեան:

«Ազգ, բանակ, յաղթանակ»` կը վանկարկէին քաղաքացիները:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական. 8 Եւ 9 Մարտի Զուգակցուած Խորհուրդները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?