Շաբաթ, 6 մարտ 2021-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի, Ֆրանսիս Պապին Իրաք տուած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի առնչուած հարցեր:
Յայտնենք, որ դոկտ. Խազեն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութեանց դասախօս էր, ապա` պետական երեսփոխան, եւ մօտէն ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան:



