Newsletter

Խմբագրական.  Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Պայմաններու բերումով կանանց եւ ուսուցչաց տօները, անմիջական յաջորդականութեան առընթեր, ըստ էութեան փոխառնչուածութեան երեւոյթ կը պարզեն: Խօսքը` ուսուցչական ասպարէզին բացարձակ մեծամասնութիւնը կանանց վերաբերելու իրողութեան մասին է: Փորձենք հարցը դիտարկել հայրենիքի եւ այս պարագային լիբանանահայ կրթական միջավայրին մէջ նկատելու համար, որ մանկավարժութեամբ զբաղողները ընդհանրապէս` տնօրէններէն մինչեւ տարբեր բաժիններու ուսուցիչները, կիներ են: Կրթութեան ոլորտի պետական կառավարումը սակայն մեծ մասամբ կը զբաղցնեն տղամարդիկը` նախարարէն...

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայերէն լուրերու բաժինի միացեալ հարցազրոյցը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: «Ազդակ»-ի կողմէ հարցազրոյցին մասնակցեցաւ Նորա Բարսեղեան, «Վանայ ձայն»-ի` Րաֆֆի Տէմիրճեան, իսկ «Օ. Թի. Վի.»-ի` Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան: Հարցազրոյցին առանցքները հանդիսացան ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովն ու...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Գարնանային  Տօները Ուրախութիւն, Երջանկութիւն Ու  Յաջողութիւն Թող Բերեն Բոլոր  Կիներուն Եւ Անոնց Ընտանիքներուն»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Գարնանային Տօները Ուրախութիւն, Երջանկութիւն Ու Յաջողութիւն Թող Բերեն Բոլոր Կիներուն Եւ Անոնց Ընտանիքներուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` Կիներու միջազգային տօնին առիթով ընդունելութիւն կազմակերպած է նախագահական նստավայրին մէջ: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախագահը նշած է, որ Մարտ 8-ը հրաշալի առիթ է բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորելու եւ մեծարելու մայրերը, մեծ մայրերը, քոյրերն ու աղջիկները, որոնք կը միաւորեն գեղեցկութիւնը, սէրն ու երջանկութիւնը: Մարտ 8-ի եւ տօնական միամսեակի առիթով շնորհաւորելով ձեռնարկին...

Հանդիպում` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ  Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին  Եւ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան  Խումբի Պատգամաւորներուն Միջեւ

Հանդիպում` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբի Պատգամաւորներուն Միջեւ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ  կազմակերպչական աջակցութեամբ` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն միջեւ: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդգծեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը եւ նշեց. «Այս հանդիպումը լրացուցիչ ներդրում է ազրպէյճանական իշխանութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացման դեմ պայքարին մէջ:...

Ֆիլիփօ Կրանտի Լիբանանի Իշխանութեան  Պետերուն Հետ Քննարկեց  Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Ֆիլիփօ Կրանտի Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի գերատեսչութեան օժանդակելու, որ...

Պերլինի Մէջ.  «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ  Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը   Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Պերլինի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Զբօսաշրջական Յստակ Ծրագիրի Մը, Որուն Մեկնարկը Պիտի Կատարուի Ամիս Մը Ետք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսի 53-րդ փուլին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 180 երկիրներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ գործարարներ: Նախարար Կիտանեան այս առիթով զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող Լիբանանի տաղաւարին բացումը կատարեց` ներկայութեամբ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի, լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզի եւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչներուն: Ա. Կիտանեան Լիբանանի յատուկ զբօսաշրջական տաղաւարին...

Սէյիտ Նասրալլա. «Փտածութեան Դէմ  Պայքարը Շատ Կարեւոր Է Եւ Համազօր`  Բռնագրաւումին Դէմ Դիմադրութեան  Մղած Սուրբ Պայքարին»

Սէյիտ Նասրալլա. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Շատ Կարեւոր Է Եւ Համազօր` Բռնագրաւումին Դէմ Դիմադրութեան Մղած Սուրբ Պայքարին»

Դիմադրութեան զօրակցող խորհուրդին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով` երէկ յետմիջօրէին Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Դիմադրութեան օժանդակեցին եւ կամաւորաբար գործեցին, մինչեւ որ Դիմադրութիւնը հզօրացաւ: Ան նշեց, որ ոմանք կը կարծեն, թէ Դիմադրութիւնը կը գոյատեւէ միայն Իրանի եւ նուիրատուներու գումարներով, «սակայն...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  Հանդիպում Ունեցած Է Հոլանտացի  Խորհրդարանականներու Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Հոլանտացի Խորհրդարանականներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 5 մարտին Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի Ներկայացուցիչների տան խումբ մը խորհրդարանականներու` խորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումը   կազմակերպուած է Հոլանտայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութեան աջակցութեամբ: Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Աշոտ Ղուլեան  ընդգծած է, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Արցախի խորհրդարանը գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատած է եւրոպական շարք մը  երկիրներու...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ Դեսպանին`  «Լազարեան Ակումբ»-ին Մէջ Արցախցի  Նախարարի Մասնակցութեան Համար

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ Դեսպանին` «Լազարեան Ակումբ»-ին Մէջ Արցախցի Նախարարի Մասնակցութեան Համար

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ընդունած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նախ նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ  յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ կը կրեն` ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու դերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Ան բողոք յայտնած է, որ Ռուսիոյ  պաշտօնատար անձեր մասնակցած...

«Էլ Մսաուար»-ի Լայն Անդրադարձը Հայոց  Ցեղասպանութեան Եւ Պահանջատիրութեան

«Էլ Մսաուար»-ի Լայն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Պահանջատիրութեան

Եգիպտական հնագոյն` 1892-էն գործող «Տար էլ հիլալ» հրատարակչատունէն հրապարակուող «Էլ մսաուար» շաբաթաթերթը, մեկնելով անցած ամսուան կիսուն նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին կատարած հաստատումէն, որ 104 տարի առաջ ջարդերու ենթարկուած հայերը հիւրընկալեց Եգիպտոս, ուր անոնք գտան ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, միաժամանակ փաստելով, որ «թէեւ հանրածանօթ է ու աշխարհը ճանչցած է թուրքերու կատարած հայոց ջարդերը, որոնք վաւերագրուած են, եւ նոյնիսկ...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի  Ընդունեց Ազգային  Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հիւսիսային Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութ Ա.-ի մէջ ընդգրկած գաւառներու աշխատանքը համակարգող Հիշամ Քանժը` ընկերակցութեամբ անոր օգնականին` Ասաատ Սաուայայի, Ազգային ազատ հոսանք Մեթնի պատասխանատու Ապտօ Լաթիֆի, Ժիպէյլի պատասխանատու Ատիպ Ժըպրանի, Քեսրուանի պատասխանատու Ժուլիեն Հատտատի եւ Պէյրութ Ա.-ի պատասխանատու Իմատ Ժաարայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գաւառներուն մէջ...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանեան Թղթոսկիով Աշխատիլ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կարեւոր նկատեց լիբանանեան թղթոսկիով աշխատիլը: «Հաւատալով, որ լիբանանեան թղթոսկին մեր երաշխիքն է, պիտի ներկայացնեմ օրինագիծ մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի առաջարկուի պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս բջիջային հեռաձայնի զոյգ ընկերութիւններուն նիւթական ամբողջ գործառնութիւնը կատարել միայն լիբանանեան թղթոսկիով»:  

Մաքքիէ Նշանակուեցաւ Կառավարութեան  Ընդհանուր Քարտուղար, Իսկ Պայսարի` Ընդհանուր  Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնի Պաշտօնակատար

Մաքքիէ Նշանակուեցաւ Կառավարութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Իսկ Պայսարի` Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնի Պաշտօնակատար

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 33 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նախագահ Աուն պահանջեց տնտեսական կացութեան վերաբերող թղթածրարները անյապաղ իրագործել եւ զանոնք փոխանցել կառավարութեան նիստերուն: Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ողջունեց...

Նախագահ Աուն Պըրթի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Պըրթի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Էլիսթեր Պըրթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի վարչակարգը ճիգ չի խնայեր, որ երկիրը ունենայ դրական ընթացք եւ փրկուի իր գտնուած ներկայ իրավիճակէն: Ան ըսաւ, թէ կառավարութիւնը վճռակամ է տնտեսական զարթօնքի իր ծրագիրը գործադրելու եւ...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն  Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ` հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն...

Ակնարկ.  Պետական Դրսեւորումներ`  Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Ակնարկ. Պետական Դրսեւորումներ` Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելու միտումներ կը դրսեւորէ: Խորհրդարանը համընթաց քայլերու կը դիմէ այդ ուղղութեամբ: Զգայացունց յայտարարութիւններ, երկիրը ախտավարակ հիւանդութենէ փրկելու կոչեր, պետական պիւտճէին հարուած հասցուցած մարդոց ամենաթողութեան վերջ տալու պահանջներ` պետաքաղաքական մթնոլորտ ստեղծած են: Զուգահեռ անշուշտ կայ թերահաւատութիւն: Լիբանանեան փորձառութեան վրայ հիմնուած կասկածանքով մօտեցում` նման առաջադրանքի եւ փտածութեան դէմ պարագայական, ընտրովի սահմանափակ պայքարի փաստը նկատի ունենալով: Աւելի՛ն: Կայ...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումար Նիստ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց օրէնսդրական իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին ընտրեց նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի 7 անդամները: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 95 քուէներով ընտրուեցաւ նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան Դատական գերագոյն խորհուրդի անդամ: Խորհուրդին անդամ ընտրուեցան նաեւ Ժորժ Օքէյս, Ալի Ամմար, Ֆայսալ Սայեղ, Ժորժ Աթալլա, Սամիր Ժսըր եւ Էլիաս Հանքաշ:...

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին  2017-2020 Թուականներուն Համար  Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 Թուականներուն Համար Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէ ետք  լրատուամիջոցներու համար նախատեսուած հանդիպումին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 թուականներուն համար նախատեսած է 176 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել` միտուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար բարեփոխումներուն: «Բայց ինչպէս պարոն վարչապետը բազմաթիւ անգամներ նշած է` շատ աշխատանք կայ կատարելիք` յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարի ...

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը  Դարձած Է Ազրպէյճանական  Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը Դարձած Է Ազրպէյճանական Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

Երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ժամանակակից վերածնունդ» նիւթով գիտաժողովը, որուն ընթացքին զանազան դիտանկիւններէ քննարկուեցաւ տուեալ երեւոյթը: Գիտաժողովը կազմակերպուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Թիւֆենկեան» հիմնադրամի ջանքերով, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թեոխարուսի աջակցութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան  խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջոյնի խօսքով դիմած է...

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Իշխան Սաղաթէլեան. «ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Ընտրական Օրէնսգիրքի Քննարկումներուն` Առաջարկներու Փաթեթով»

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն քաղաքական ուժերը հրաւիրած է մասնակցելու Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ քննարկումներու` նշելով, որ Հայաստանի Ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս նաեւ ընտրական հաստատութիւնները կատարելագործման կարիք ունին: «Օգտուելով առիթէն` քաղաքական ուժերը կ՛ուզեմ հրաւիրել` սկսելու ընտրական բարեփոխումներու մշակման փուլի` միասնական ջանքերով: Եթէ միասին պայմանաւորուինք, կրնանք աւելի արմատական փոփոխութիւններ մշակել, իրականացնել», ըսած է ան: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին...

Page 251 of 256 1 … 250 251 252 … 256