Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` Կիներու միջազգային տօնին առիթով ընդունելութիւն կազմակերպած է նախագահական նստավայրին մէջ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախագահը նշած է, որ Մարտ 8-ը հրաշալի առիթ է բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորելու եւ մեծարելու մայրերը, մեծ մայրերը, քոյրերն ու աղջիկները, որոնք կը միաւորեն գեղեցկութիւնը, սէրն ու երջանկութիւնը:
Մարտ 8-ի եւ տօնական միամսեակի առիթով շնորհաւորելով ձեռնարկին մասնակից կիներն ու աղջիկները` նախագահը ծաղիկներ յանձնած է անոնց` մաղթելով, որ գարնանային տօները ուրախութիւն, երջանկութիւն ու յաջողութիւն բերեն բոլոր կիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
Նախագահ Սարգսեան մեր երկրի բոլոր կիներուն եւ աղջիկներուն մաղթած է առողջութիւն, սէր ու ջերմութիւն, իսկ տղամարդոց յորդորած` կանանց տօները նշել ո՛չ թէ մէկ օր կամ մէկ ամիս, այլ` ամբողջ տարին:



