Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ընդունած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նախ նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ կը կրեն` ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու դերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Ան բողոք յայտնած է, որ Ռուսիոյ պաշտօնատար անձեր մասնակցած են ռուս-հայկական «Լազարեան» ակումբի նիստի աշխատանքներուն, քանի որ անոր մասնակցած է նաեւ արցախցի պատգամաւոր: Ըստ Մամետեարովի, նման բնոյթի իրադարձութիւններ կրնան վնասել ռուս-ազրպէյճանական բարեկամական յարաբերութիւնները:



