Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էլ Մսաուար»-ի Լայն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Պահանջատիրութեան

March 8, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտական հնագոյն` 1892-էն գործող «Տար էլ հիլալ» հրատարակչատունէն հրապարակուող «Էլ մսաուար» շաբաթաթերթը, մեկնելով անցած ամսուան կիսուն նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին կատարած հաստատումէն, որ 104 տարի առաջ ջարդերու ենթարկուած հայերը հիւրընկալեց Եգիպտոս, ուր անոնք գտան ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, միաժամանակ փաստելով, որ «թէեւ հանրածանօթ է ու աշխարհը ճանչցած է թուրքերու կատարած հայոց ջարդերը, որոնք վաւերագրուած են, եւ նոյնիսկ արդարամիտ թուրք պատմաբաններու վկայութիւնն ալ կայ, սակայն թրքական յաջորդական վարչակարգերը կը մերժեն ընդունիլ գործուած ոճիրն ու թափուած արիւնը, որ ժառանգաբար հասած է ստախօս Էրտողանի ձեռքերուն, որ մարդասիրութիւն կը խաղայ, միաժամանակ կը շարունակէ չճանչնալ իր նախորդներուն ոճիրները հայոց դէմ` շարունակելով բռնագրաւուած պահել անոնց հողերը եւ ստացուածքները», շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կազմակերպած է ասուլիս մը, որուն հրաւիրած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեանը, Ուաշինկթընէն լրագրող Թովմաս Կորկիսեանը` «Ալ Ահրամ»-ի նախկին թղթակիցը, եւ արդի պատմութեան դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռեֆաաթ Իմամը, մանրամասն ներկայացնելու Թուրքիոյ ամօթալի ոճիրները եւ հողային թէ ստացուածքներու իրենց պահանջատիրութեան ապացոյցները` «բոլորին հաւաստելով, որ իրաւունքը իրաւունք է, որքան ալ ժամանակ անցնի, եւ անվաւերն անվաւեր է, ինչքան ալ ստէ Էրտողանը», գրած է շաբաթաթերթը 27 փետրուարի հերթական թիւին մէջ` հինգ էջնոց պատկերազարդ հրապարակման մուտքին:

Ասուլիսի ընթացքին գլխաւորաբար ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան փուլերը 1894-96-էն եւ Ատանայի ջարդերէն մինչեւ 1915-ի համընդհանուր բռնագաղթն ու կոտորածները, անոնց կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ըլլալը, ցեղասպանութիւն թէ ջարդեր բնութագրումի ճշգրտութիւնը, մարդկային կորուստներու թուական պատկերը, հայոց հողային թէ նիւթական կորուստները եւ այդ ծիրին մէջ կատարուած հաստատումը, որ թրքական արդի պետութիւնը գոյութիւն առած է հայոց հարստութեամբ, հայոց հողային պահանջատիրութիւնը սահմանուած է Միացեալ Նահանգներու  նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով:

Հետաքրքրական հարցադրում եղած է այն, որ հայկական պետականութիւնը ինչքանո՞վ կ՛որդեգրէ ազգային պահանջատիրութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է Ցեղասպանութեան թանգարանին ու յուշահամալիրին, անոնց նկատմամբ ժողովրդական թէ պաշտօնական վերաբերմունքին, հաստատուած է, որ հայերը բարձր գնահատելով նախագահ Սիսիի խօսքը, կառչած կը մնան իրենց ինքնութեան, իրենց երգին, բանաստեղծութեան ու գիրին, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնան Հայ դատի սերունդէ սերունդ փոխանցման, քննարկումներու, կոչերու եւ երկխօսութեան միջոցով պահանջելով անոր լուծումը:

Ըստ ամենայնի հարուստ տեղեկատուութիւն հաւաքուած է նախագահ Սիսիի խօսքին այս անդրադարձին շնորհիւ:

 

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ Դեսպանին` «Լազարեան Ակումբ»-ին Մէջ Արցախցի Նախարարի Մասնակցութեան Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.