Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պետական Դրսեւորումներ` Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Մարտ 7, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելու միտումներ կը դրսեւորէ: Խորհրդարանը համընթաց քայլերու կը դիմէ այդ ուղղութեամբ: Զգայացունց յայտարարութիւններ, երկիրը ախտավարակ հիւանդութենէ փրկելու կոչեր, պետական պիւտճէին հարուած հասցուցած մարդոց ամենաթողութեան վերջ տալու պահանջներ` պետաքաղաքական մթնոլորտ ստեղծած են:

Զուգահեռ անշուշտ կայ թերահաւատութիւն: Լիբանանեան փորձառութեան վրայ հիմնուած կասկածանքով մօտեցում` նման առաջադրանքի եւ փտածութեան դէմ պարագայական, ընտրովի սահմանափակ պայքարի փաստը նկատի ունենալով: Աւելի՛ն: Կայ համատարած մօտեցում, որ երկրին մէջ այս երեւոյթը ունի համակարգային դրուածք եւ համատարած է տարբեր ոլորտներու վրայ, տարբեր ուղղութիւններով. հետեւաբար ապարդիւն փորձեր են կատարուածները:

Ներկայ վարչակարգի բաղադրիչ հիմնական ուժի կարգախօսը` «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում», ցարդ յայտարարուած առաջադրանքներուն ուղղութեամբ համոզիչ իրագործումներ չէ արձանագրած, ինչ որ տարակուսանքի մօտեցումի տարածումը խթանած է:

Պետական պիւտճէի պատկերը կը թուի, որ մտահոգիչ սահմաններ հատած է` թէ՛ երկրի պարտքի բազմապատկուող թիւերու եւ թէ՛ եկամուտներու եւ ծախսերու անհաւասարակշիռ թիւերու արձանագրումով: Հետեւող գործազրկութիւնն ու արտահոսքը, ինչպէս նաեւ սուրիական ճգնաժամի բերումով այստեղ ապաստանած տեղահանուածներու տունդարձի գործողութիւններու ձգձգումը ֆինանսատնտեսական գերծանրաբեռնուածութեան մատնած են երկիրը:

Փտածութեան դէմ յայտարարուող պայքարը համալիր ծրագիրներու կը կարօտի: Քաղաքացիականէն մինչեւ վարչակառավարման մեքենականութիւններ` արմատական բարեփոխումներու երկարատեւ գործընծթացի մասին է խօսքը, եթէ անշուշտ կայ վճռակամութիւն իրավիճակ փոխելու:

Նման դժուար պայքար մղեց Լիբանանը եւ կարելի է ըսել, որ պատուով դուրս եկաւ ամբողջ տարածաշրջանին սպառնացող ծայրայեղականներու ահաբեկչութեան դէմ, որոնք սասանած էին արաբական տարբեր երկիրներու պետականութիւնները եւ սպառնացած անոնց տարածքային ամբողջականութեանց նոյնիսկ: Այդ ալիքի Լիբանան ներթափանցման տարատեսակ եւ բազմաթիւ փորձերը ձախողութեան մատնուեցան շնորհիւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն, որոնց նեցուկ էին ամբողջ պետաքաղաքական դաշտը բաղկացնող բոլոր ուժերը:

Դժուար պայքարի ազդանշան կու տայ պետութիւնը այս անգամ Օսմանեան պետութենէն ժառանգուած համատարած ախտին դէմ: Նման ազդանշանի հրապարակում սկզբունքով պէտք է ենթադրէ համալիբանանեան համաձայնութիւն` նման ծաւալի ախտահարուած ոլորտները բարեփոխելու համար:

Մասնակի պարագայականութեան սահմաններուն մէջ դատապարտուած կը մնայ որեւէ հակափտածութեան գործողութիւն, եթէ չկայ համալիբանանեան կամքը երկիրը ախտազերծելու:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ այս առաջադրանքներով ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման  քայլեր կ՛առնեն գերտէրութիւնները` գործիքակազմեր, մեթոտներ, վարժողական ծրագիրներ տրամադրելով, եւ դիմացը տուեալներու պետական շտեմարանները սեփականաշնորհելով:

Յայտարարուող առաջադրանքի իրականացումը լիբանանեան որոշումի, մեթոտներու, կիրարկման ինքնուրոյնութիւնը պահելու խնդիր կ՛ունենայ անպայման: Մինչեւ այդ սակայն անհրաժեշտ է համալիբանանեան վճռակամութեան կայացում`  վիթխարի աւանդ ունեցող այս խնդիրի դիմակայման համար:

«Ա.»

Նախորդը

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումար Նիստ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Յաջորդը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?