Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 Թուականներուն Համար Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

Մարտ 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէ ետք  լրատուամիջոցներու համար նախատեսուած հանդիպումին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 թուականներուն համար նախատեսած է 176 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել` միտուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար բարեփոխումներուն:

«Բայց ինչպէս պարոն վարչապետը բազմաթիւ անգամներ նշած է` շատ աշխատանք կայ կատարելիք` յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարի  ուղղութեամբ եւ դատական բարեփոխումներու մարզին մէջ: Որքան  շատ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարեփոխուի, այնքան աւելի մենք պիտի աջակցինք անոր` ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ քաղաքականապէս», նշած է ան:

Անդրադառնալով մուտքի արտօնագիրի վերացման հարցին` Եունքեր  ըսած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կողմ է, որ մուտքի արտօնագիրներու վերացման երկխօսութեան բանակցութիւնները շուտով սկսին:

Փաշինեան. «Անհրաժեշտ Է Արդիւնաւէտ Ձեւաչափ Ստեղծել, Որուն Նպատակը Բանակցային Հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Ապահովելն Է»

«Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ աւելցնել աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման արագացման ուղղութեամբ» հարցումին ի պատասխան` Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը Պրիւքսելի մէջ  լրագրողներու համար նախատեսուած հանդիպումին յայտարարած է` պէտք է պահենք ներկայ ձեւաչափը:

«Պէտք է պահենք ամէն ինչ գործող ձեւով, նոր բան չստեղծենք: Բայց շատ կարեւոր են փոխադարձ վստահութեան զարգացման միջոցները: Եւ մենք դուրսէն` իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, ի՞նչ կրնանք ընել: Մենք կրնանք ամբողջ շրջանին աջակցիլ, կրնանք նպաստել երկիրներու միջեւ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու մէջ: Այսինքն` կարելիութիւնները պէտք է շատ ըլլան, եւ որոշ բաներ ժամանակ կը  պահանջեն: Բայց կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ պայմանները բաւական  նպաստաւոր են հետագային շրջանային իրավիճակը բարելաւելու համար: Մենք պէտք է աջակցինք, բայց միայն կողմերուն խնդրանքով եւ պահանջով», ընդգծած է ան:

Իր կարգին, հանդիպումին ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է. «Ես արդէն Թեհրանի մէջ ըսած եմ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարին հետ յառաջիկայ մեր հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ այդ կարգին` բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներուն, որովհետեւ մենք կը կարծենք, եւ մեր դիրքորոշումը չէ  փոխուած, որ տագնապի արդիւնաւէտ լուծման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ ձեւաչափ ստեղծել, որուն նպատակը բանակցային հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնն ապահովելն է»:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ անդրադարձած է Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան  յանձնակատար Եոհաննէս Հանի` ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ յայտարարութեան:

Ան ողջունած է այդ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան գործող` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով:

 

 

 

Նախորդը

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը Դարձած Է Ազրպէյճանական Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

Յաջորդը

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Լիագումար Նիստ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?