Երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հայերէն լուրերու բաժինի միացեալ հարցազրոյցը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: «Ազդակ»-ի կողմէ հարցազրոյցին մասնակցեցաւ Նորա Բարսեղեան, «Վանայ ձայն»-ի` Րաֆֆի Տէմիրճեան, իսկ «Օ. Թի. Վի.»-ի` Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան:
Հարցազրոյցին առանցքները հանդիսացան ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովն ու անոր ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած հիմնական հարցերը, անկէ բխած յայտարարութեան հիմնադրոյթները: Ստորեւ տրուած հարցազրոյցին առաջին բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի քաղաքական ներկայութեան ու դերակատարութեան, ընկերային, տնտեսական եւ կրթական տարբեր հարցերու ու մտահոգութիւններու: Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Դաշնակցութեան համար լիբանանահայութեան շահերը, անոր ինքնութեան պահպանումը միշտ առաջնահերթութիւն եղած են, ուստի իրենց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը այդ նպատակներուն իրագործումն է, որպէսզի գաղութը շարունակէ մնալ ամուր, պահպանէ իր ազգային արժէքները:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Նախ խօսինք շրջանային ժողովներու կարեւորութեան մասին:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Շրջանային ժողովը Լիբանանի մեր կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որուն ներկայացուցիչները կ՛ընտրուին խումբերուն կողմէ: Դաշնակցութեան կազմակերպութեան հիմնական խարիսխը խմբային դրութիւնն է: Շրջանային ժողովները կը գումարուին երկու տարին անգամ մը: Այդ ժողովներուն կը մասնակցին խումբերէ ընտրուած ներկայացուցիչներու կողմէ կազմուած ներկայացուցչական ժողովներէն ընտրուած պատգամաւորներ` իւրաքանչիւր կոմիտէութեան թիւին համապատասխան: Այս Շրջանային ժողովը 71-րդ էր` սկսած 1930-ական թուականներէն, երբ Լիբանան բաժնուեցաւ Սուրիոյ կազմակերպութենէն: Ասիկա այն ժողովն է, ուր մեր կուսակցական ընկերները եւ կուսակցութիւնը կը քննարկեն ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքը` անցնող երկու տարիներու ընթացքին: Կը քննարկեն մանրամասնօրէն, ծայրայեղ թափանցիկութեամբ եւ պահանջկոտութեամբ, հաշուեառի եւ հաշուետուի հաւասարակշռութեամբ, որմէ ետք կը կատարուի բանաձեւում` ընթացաւարտ ԿԿ-ին, ապա առաջարկներ` գալիք ժամանակաշրջանին համար եւ, վերջապէս, ընտրութիւն` նոր Կեդրոնական կոմիտէի: Այս Շրջանային ժողովը, որ սկսաւ ուրբաթ, 15 փետրուարին, շարունակուեցաւ 5 օրերու վրայ, մինչեւ` 19 փետրուար: Ընդհանուր 100 ընկերներ կը մասնակցէին այս ժողովին, որոնցմէ 61-ը իրաւասու ձայնով` քուէարկելու իրաւունքով, իսկ միւսները` խորհրդակցական ձայնով կամ ի պաշտօնէ: Ուրեմն 30 ժամ ժողով գումարուած է, միջին հաշուով` օրական 5-6 ժամ: Ըստ էութեան քննարկման ընթացքին 54 պատգամաւոր ընկերներ խօսք առին: Կեդրոնական կոմիտէն իր տեղեկագիրը ներկայացուց 80 էջով: 54 ընկերներ խօսեցան տեղեկագրին մասին, որ ունէր բազմազան երեսներ` կազմակերպական, քաղաքական, քարոզչական, տնտեսական, ազգային կեանք, կրթական, Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, յարաբերութիւններ` տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, մեր առօրեայ կեանքը յուզող զանազան հարցեր եւ առաջարկներ գալիք շրջանին: Հոս է, որ մենք հոգեկան գոհունակութեամբ կրնանք ըսել, որ դաշնակցական թափանցիկութեան լաւագոյն օրինակը տուինք: Ընկերական մթնոլորտի մէջ եւ թափանցիկութեամբ խօսուեցաւ բազմաթիւ հարցերու մասին, որոնց պատասխանները տուին նախկին ԿԿ-ի ընկերները, պատգամաւորները, եւ հարցերը հասան իրենց լաւագոյն եզրակացութիւններուն: Ասոնք են Շրջանային ժողովին պարտականութիւնը եւ իրաւասութիւնները:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Շրջանային ժողովէն ետք Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը: Այսպիսի յայտարարութիւն մը իր ձեւին, ոճին, բովանդակութեան մէջ եզակի էր: Ինչո՞ւ համար ԿԿ-ը յարմար գտաւ, որ Շրջանային ժողովին հետ կապուած մթնոլորտը, մտահոգութիւնները, որոշումները յայտարարութեամբ մը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնէ:
Յ. Բ.- Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովէն ետք: Երկուքը կապուած չեն իրարու, բայց մեր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կ՛աւարտէր այդ թուականին: Ընդհանուր ժողովը տարիներէն ի վեր կոչով կամ յայտարարութեամբ հրապարակ կու գայ: Լիբանանի մէջ զանազան պատճառներով թերեւս նման բան չէր եղած, բայց այս անգամ Շրջանային ժողովը որոշեց, որ յայտարարութեամբ մը հրապարակ գայ, որովհետեւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Դաշնակցութիւնը կղզիացած կուսակցութիւն մըն է. տասնեակ մարդիկ իրարու քով կու գան, կը խօսին կղզիացած վիճակի մէջ, կարծիքներ կ՛արտայայտեն, որոշումներ կու տան, եւ մարդ բանէ տեղեակ չ՛ըլլար: Այդպէս չէ իրականութիւնը: Մենք պահելիք եւ գաղտնի բան չունինք, նախ` որովհետեւ այսօր կարելի չէ գաղտնի բան պահել եւ գաղտնի բան ընել, երբ աշխարհը այսքան արհեստագիտական իմաստով զարգացած է, անկախ անկէ` մենք քաղաքական կուսակցութիւն ենք Լիբանանի մէջ, հետեւաբար գաղտնի գործունէութիւն ընելու պատճառ չունինք: Այն, ինչ որ դուրսը կը խօսինք, կը խօսինք նաեւ ժողովներու ընթացքին, այն, ինչ որ դուրսը կ՛իրագործենք, կ՛որոշենք ժողովներու ընթացքին` թէ՛ քաղաքական իմաստով, թէ՛ ազգային իմաստով, փաստօրէն, երբ մենք կը խօսինք ազգային ինքնութեան պահպանման մասին, ատիկա յանկարծ ընկեր մը արտայայտած չ՛ըլլար, այլ օրին ժողովով քննարկուած կ՛ըլլայ, պիւտճէներ քուէարկուած կ՛ըլլան, ձեւերու մասին խօսուած կ՛ըլլայ, մինչեւ որ հասնինք լաւագոյն լուծումին: Այս բաներուն մասին խօսիլը թերեւս նորութիւն է, բայց ես կը յիշեմ նաեւ, որ ասկէ առաջ Շրջանային ժողովներէն գրաւոր յայտարարութիւն եղած է կամ Կեդրոնական կոմիտէներ յայտարարած են, թէ ինչպէ՛ս կազմուած են եւ ո՛վ է իրենց ներկայացուցիչը եւ անդամները:
«ԱԶԴԱԿ».- Այս ժողովին ընթացքին քննարկումներուն հիմնական առանցքը լիբանանահայութիւնն էր, որ Դաշնակցութեան հիմնական կիզակէտերէն մէկն է. այս կը նշանակէ, որ լիբանանահայութիւնը իրաւունք ունի գիտնալու, թէ ո՛ւր հասած է կուսակցութիւնը իր աշխատանքային ընթացքին մէջ եւ ի՛նչ կը ծրագրէ դէպի ապագայ:
Յ. Բ.- Տեսէք, երբ 1902-էն ի վեր Լիբանանի մէջ հաստատուած կուսակցութիւն մըն է Դաշնակցութիւնը, որ այսօր շատ աւելի ժողովուրդի մէջն է, անոնց ամէնօրեայ տագնապները գիտէ եւ անոնց լուծումները կ՛որոնէ եւ երբեմն ալ կու տայ, հետեւաբար ժողովուրդին ոչ միայն իրաւունքն է գիտնալ, այլ պարտաւորութիւնն է գիտնալ մեր մասին, իսկ մեր ալ պարտաւորութիւնն է ժողովուրդը տեղեակ պահել, որովհետեւ այնքան տեղերէ այնքան գռեհկաբանութիւն հրապարակ կու գայ, այնքան հովեր ու փոթորիկներ կը փչեն, եւ մարդիկ կամայ-ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, կ՛ուզեն հաւատալ, կը փորձեն հարուածել: Ուրեմն, երբ չխօսինք, մարդիկ կը կարծեն, որ պահելիք բան ունինք, մենք պահելիք բան չունինք: Մենք այս ժողովուրդի զաւակներն ենք, մենք այս ժողովուրդին հետ կ՛ապրինք, ամէն օր իրենց հետն ենք` եկեղեցի, ակումբ, դպրոց: Մենք մեր ժողովուրդը ուրախացնող հարցերու մասին է, որ կը խօսինք, ժողովուրդին խնդիրները կը քննարկենք, եւ ժողովուրդը պէտք է գիտնայ այս բոլորին մասին:
«Օ. Թի. Վի.».- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ միակ հայկական կուսակցութիւնն է: Այս առումով, ի՞նչ ունիք ըսելիք յայտարարութեան մէջ նշուած եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող նոր ռազմավարութեան մշակումի անհրաժեշտութեան մասին, ի՞նչ պատճառով այս կարիքը զգացուեցաւ:
Յ. Բ.- 2000-ի ընտրութենէն ի վեր, որ կը կատարուէր մեծամասնական հիմունքով, զանազան պատճառներով կորսնցուցինք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ըմբռնողութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանար մէկ կուսակցական, մէկ ոչ կուսակցական երեսփոխաններով` միաժամանակ պահելով իրաւունքը իւրաքանչիւր կառավարութեան մէջ մէկ ներկայացուցիչ ունենալու, որովհետեւ յաճախ կ՛ըսուէր, որ ժողովրդային մեծամասնութիւնը մեր մօտն է, բայց երեսփոխանական մեծամասնութիւնը` այլոց, համապատասխան ընտրական օրէնքին: Ըսեմ նաեւ, որ ընտրական օրէնքը միայն մեր խնդիրը չէր, այլ համալիբանանեան հարց է: Ժամանակ անցաւ, 8 տարի ընտրական օրէնքի մշակում կատարուեցաւ, ի վերջոյ խորհրդարանին մէջ բոլոր քաղաքական ուժերը ձեւով մը հասանք միջին եզրի մը, եւ որդեգրուեցաւ այս տիպի` համամասնական եւ նախընտրութեան քուէով օրէնք մը, որ մեզի տուաւ երեք երեսփոխան, որոնք խորհրդարան հասցնելու մէջ մենք վճռորոշ դեր ունէինք: Ոչ հայկական քուէներով խորհրդարան հասան նաեւ այլ թեկնածուներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց քաղաքական ուղղութիւնը` ըլլայ ատիկա կուսակցական թէ անհատական: Իրականութիւնը այն է, որ ճիգ կար, աշխատանք կար, որ ընդհանրապէս կուսակցութիւնները, ոչ անպայման` հայկական, դուրս մնան խորհրդարանէն:
Լաւ պիտի յիշէ մեր ժողովուրդը, որ թերեւս քաղաքական ուժի միակ ներկայացուցիչն էի, որ կ՛ըսէր` եթէ մեզի պիտի չքուէարկէք իբրեւ Դաշնակցութիւն, քուէարկեցէք մեզի հակադրուող ցանկին վրայ եղող Ռամկավար կուսակցութեան թեկնածուին կամ մեզի հետ եղող Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին` լաւապէս գիտակցելով նաեւ, որ եթէ այդ թեկնածուին քուէարկուի, կրնայ Դաշնակցութեան թեկնածուն պարտուիլ: Մեր նպատակը այն էր, որ քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է կուսակցական ըմբռնողութեան վրայ, շարունակուի, որովհետեւ եթէ կուսակցական երեսփոխան մը սխալի, հաշուետու է իր կուսակցութեան, իսկ անհատ երեսփոխան մը եթէ սխալի, ոչ ոքի հաշուետու է, թերեւս հաշուետու է իրեն ընտրողներուն` 4 տարի ետք: Այս ընտրութիւններուն երեւցաւ նաեւ այն, որ կայ թիւ մը հայ քուէարկողներու, որոնք հայ թեկնածուներու չքուէարկեցին, ինչ որ նորութիւն չէ, այլ այսօր երեւցաւ, որովհետեւ նախապէս, մեծամասնական ընտրացանկերու պարագային, մենք կը կարծէիք, թէ ո՛ւր որ հայ թեկնածու կայ` քուէարկելով մեծամասնական ցանկին, քուէարկած կ՛ըլլան նաեւ հայ թեկնածուին: Բայց այդպէս չէր, որովհետեւ տարբեր քաղաքական դէմքեր, ուղղութիւններ կամ ուժեր իրենք իրենց քուէները ունին: Ժողովրդավար կեանքին մէջ բնաւ մտահոգիչ չէ, որ երբեմն այլ քաղաքական ուժեր քուէ ստանան, ճիշդ հոս է մեր խնդիրը, որ մենք Լիբանանի մէջ ունինք քաղաքական ուժ, ներկայութիւն, բնական կերպով խորհրդարանի անդամ ըլլալու կողքին, հայ երեսփոխան ըլլալու պարտաւորութիւն: Փաստօրէն, երբ հայ երեսփոխանը կ՛ընտրուի ոչ հայկական քուէներով կամ ոչ հայը կ՛ընտրուի հայկական քուէներով, կը պատահի այն, որ, թէեւ կայ համայնքային դրութիւնը, բայց եւ այնպէս կայ նաեւ հայութեան` այլոց քուէարկելու վիճակ մը, որ իսկապէս մտահոգիչ է ինքնութեան կորուստի իմաստով: Մեր խնդիրը այս կամ այն ոչ հայ երեսփոխանին քուէ առնելու պարագան չէ, այլ ինքնութենէն դուրս ելլելու խնդիրն է, որ ազգային հարց է, Դաշնակցութեան հարց չէ միայն: Հոս կը խօսիմ ոչ հայ երեսփոխանին մասին, ոչ հայուն, որովհետեւ հայու սահմանումը ես չեմ կատարեր, չեմ ալ ուզեր կատարել եւ չեմ ալ կատարած, առաւելագոյնը ըսած եմ` հայկական միջավայր ներկայացնող թեկնածու կամ երեսփոխան: Ես չեմ, որ հայու վկայագիր կու տամ:
«Օ. Թի. Վի.».- Իսկ դուք ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէք այս խնդիրին առաջքը առնելու համար:
Յ. Բ.- Շրջանային ժողովը որոշեց պարտք դնել նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին ուսերուն, որպէսզի այս հարցերը քննարկէ: Նախ պէտք է քննարկել պատճառները, որոնց մէջ մենք դերակատար ենք` իբրեւ կուսակցութիւններ առհասարակ, որովհետեւ ենթադրած ենք, որ ամէն հայ մեզի հետ պիտի ըլլայ, դերակատար են հայկական յարանուանութիւնները: Ասիկա կ՛ըսեմ` առանց դժուարութեան, որովհետեւ եթէ այդպէս քուէարկողներուն տոկոսները նայինք, կը տեսնենք, որ կայ յարանուանութիւն, որուն պատկանող անհատները աւելի մեծ համեմատութեամբ ոչ հայ թեկնածուի քուէարկած են, քան` այլ յարանուանութիւններ. կայ ժողովրդագրական խնդիրը, անմիջական հայահոծ շրջաններէ դուրս ապրողները (Անթիլիասէն վեր, Զալքայէն դէպի Պրումանա բարձրացող, քաղաքի կարգ մը շրջանները, Սին Էլ Ֆիլ, Տըքուէնէ, Մար Ռուքոզ, Ռաուտայի, Ժունիէն մինչեւ Թապարժա, ուր ակումբ եւ եկեղեցի չունինք), որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ մօտիկութիւնը չենք ցուցաբերած` ենթադրելով, որ հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կ՛ապրին: Ուստի անհրաժեշտ է այս վիճակներու մէջ գտնուող հայութեան վերաբերող նոր վարքագիծ մշակել` ընդհանուր մտահոգութենէ մեկնած եւ ոչ միայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթելու համար: Խնդիրը այդ չէ, այլ այդ հայերը իսկապէս աւելի հայաշունչ մթնոլորտի մէջ բերելն է, որովհետեւ, ընդունինք կամ ոչ, այս երկիրը համայնքային է, ոեւէ հայ պետութեան հետ իր հարցը լուծելու համար համայնքի ներկայացուցիչին պիտի դիմէ, թէկուզ ան քուէարկած է ոչ հայ երեսփոխանի մը, որ խորհրդարան հասած է, բայց եւ այնպէս այդ երեսփոխանը հայ համայնքին հաշուոյն չի կրնար ծառայութիւն մատուցել:
Ասիկա պէտք է գիտնան հայերը, այս մասին լաւատեղեակ են հայերու քուէներով ընտրուած ոչ հայ երեսփոխանները, որոնք մեզմէ կը խնդրեն օժանդակել այն հայերուն, որոնք հայութիւնը ներկայացնող թեկնածուներուն չեն քուէարկած, այլ քուէարկած են օտարին, իսկ օժանդակութիւնը, իրենց ակնկալութեամբ, համայնքը պէտք է կատարէ:
«Օ. ԹԻ. Վի.».- Կրնա՞յ ըլլալ, որ տնտեսական տագնապն ալ այս կացութեան ստեղծման պատճառներէն մէկն է:
Յ. Բ.- Բնականաբար: Բայց անոր կողքին, ցաւ ի սիրտ, հիմնական պատճառ է նաեւ սկզբունքներու նկատմամբ բարոյականութեան անկումը, սկզբունքայնութեան նահանջը, երբ հայ մը 100-200 տոլար առնելով երթայ ու քուէարկէ հայ թեկնածուներուն դէմ, սակայն չգիտակցի, որ սկզբունքային նահանջ ունեցած է, այլ հպարտութեամբ եւ ամենայն պարզութեամբ պատմէ իր զաւակներուն: Այդ երեխան, որ ապագայի Լիբանանի հայ քաղաքացին է, փտածութեան մէջ ապրած է, ուստի այլեւս անիմաստ է փտածութեան դէմ որեւէ պայքար:
«Օ. ԹԻ. Վի.».- Տնտեսական տագնապի ծիրին մէջ, արդեօք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ինը ամիս ետք կազմուած նոր կառավարութիւնը պիտի կարենա՞յ լուծել բազում խնդիրներուն գէթ մէկ մասը, որուն պատճառով տնտեսական ահաւոր վիճակի մէջ կը գտնուի այսօր լիբանանցին:
Յ. Բ.- Ճիշդ է, տնտեսական վիճակը ահաւոր է. չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ, սակայն միեւնոյն ատեն չեմ ուզեր կեղծ լաւատեսութեան մէջ ապրեցնել լիբանանցին: Կան հսկայական դժուարութիւններ ու տագնապներ, կը խօսուի հարիւր միլիառ տոլարի պարտքի մասին, սակայն մեզի մնացած է յոյսը, զոր եթէ չունենաք, անձնասպանութիւն է արդէն: Կը յուսանք, որ այս կառավարութիւնը անպայմանօրէն յաջողի գէթ մասամբ բարելաւել տնտեսական կացութիւնը, օրինակի համար` չբարձրացնել տուրքերը, լուծել ջուրի ու ելեկտրականութեան ամէնօրեայ տագնապը, փորձէ լուծել կենսոլորտի տագնապը, որովհետեւ շատ դիւրին է խօսիլ, երկու էջ կարդալ ընկերային ցանցերուն վրայ, քննադատել, պախարակել, վարկաբեկել, բայց երբ պատասխանատուութեան վրայ գտնուիս, այն ատեն ամէն ինչ տարբեր է, ինչպէս առածը կ’ըսէ` Հռոմը վերէն շատ տարբեր է, քան` վարէն: Հետեւաբար կը տեսնէք, որ հարցերը այդքան ալ դիւրին չեն. փաստօրէն, երբ նախագահ զօր. Աուն նախագահական պալատ չէր բարձրացած տակաւին, բոլորս յոյս ունէինք, որ հարցերը շուտով պիտի լուծուին, արդէն երկուքուկէս տարի է նախագահը պալատին մէջ է, բարեկարգումի ընթացքին մասին կը խօսինք, սակայն կարելի չեղաւ շուտափոյթ լուծումներու հասնիլ, որովհետեւ այս վիճակը հետեւանք է տասնեակ տարիներու կուտակումներու, ուստի այդքան ալ դիւրին չէ դուրս գալ անկէ: Քաղաքական արթնութիւնը կը պահանջէ հաւատալ, որ կարելի չէ մէկ կառավարութենէ պահանջել բոլոր հարցերուն լուծում տալ, բայց եթէ այս կառավարութիւնը տարեկան կարենայ լուծել առկայ հարցերուն 5 առ հարիւրը, չորս տարուան մէջ տոկոսը կը բարձրանայ 20-30 առ հարիւրի, որ ձիւնագնդակի նման կրնայ մեծնալ եւ բարելաւել քաղաքացիին կացութիւնը:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Շրջանային ժողովի յայտարարութեան առաջին գլուխը հետեւեալը կ’ըսէ. «Յարափոփոխ աշխարհի յատուկ այսօրուան մթնոլորտն ու համակարգը բարենպաստ պայմաններ չեն ստեղծեր աւանդական հասկացողութեամբ եւ հաւաքական կեանքով յատկանշուած ազգային արժէքային համակարգ դաւանող կուսակցութիւններուն համար: Հակառակ տիրող եւ զարգացող պայմաններուն, Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կը շարունակէ ամուր կառչած մնալ գաղափարախօսական հենքի վրայ ամրակայուած կուսակցական, կարգապահական գործելաոճին` միշտ ներկուսակցական ժողովրդավար պայմաններու լիարժէք յարգումով պահելով կուռ եւ միասնական կառոյցի էութիւնը»: Ի՞նչ նկատի ունի Շրջանային ժողովը, երբ այս ընդգծումը կը կատարէ:
Յ. Բ.- Սկսինք կազմակերպականէն. պէտք է գիտակցիլ, որ թէեւ դաշնակցական անհատէն կ’ակնկալենք, որ ըլլայ գերմարդ, ուրիշներէ տարբեր, բայց եւ այնպէս իրականութիւն է, որ ան ամէն բանէ առաջ մարդ է, կ՛ապրի այս աշխարհին մէջ: Յաճախ կ՛ըսեմ, որ մենք միշտ կը փորձենք քիչ մը աւելի քրիստոնեայ ըլլալ, ոչ ոք ինքն իրեն համար կրնայ ըսել, որ հարիւր առ հարիւր հաւատացեալ եւ քրիստոնեայ է, ասկէ ալ մեկնելով կ՛ըսեմ, որ ամէն օր քիչ մը աւելի դաշնակցական ըլլալու ճիգ պէտք է թափենք: Մենք, մեր դաշնակցական ընկերները պարզ տղաք ու ընկերներ են, մեր թաղերուն մէջ ծնած, մեծցած, մէկ մասը ուսում ստացած, միւս մասը անուս մնացած, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն մէջ ապրող, ազդուող եւ ազդող, հեռատեսիլ դիտող եւ ձայնասփիւռ ունկնդրող, ընկերային ցանցերուն հետեւող, բամբասանքներ լսող եւ փոխանցող արարածներ են: Աշխարհի եւ մանաւանդ արեւմտեան աշխարհի արդիականութիւնը անպայմանօրէն դրական անդրադարձներ չեն ունենար մեր կեանքին վրայ: Մենք պէտք է փորձենք դրականը առնել եւ ժխտականը մերժել, բայց դժբախտաբար շատ անգամ ժխտականը կ՛առնենք եւ դրականը կը մերժենք: Մեր հարցերէն մէկն ալ արժէքներու սկզբունքայնութեան կորուստի խնդիրն է:
Իբրեւ օրինակ տանք ազգային եւ կրօնական արժէքներէն հեռացումը. ներկայիս մենք շատ աւելի Սան Վալանթայնով կը զբաղինք, կը խանդավառուինք, կ՛ուրախանանք, քան Տեառնընդառաջով: Ժամանակին Լիբանանի մէջ Վարդանանց տօնակատարութիւնները կը կատարուէին համահայկական առումով, հիմա այդպէս չեն կատարուիր: Ժամանակին հաստատութիւնները կը փակուէին Վարդանանցի օրը, իսկ հիմա պէտք է թելադրենք, որպէսզի փակեն, իսկ Պուրճ Համուտէն դուրս գտնուող հաստատութիւնները չեն փակուիր. բայց մարդիկ իրենց հաստատութիւնները կը փակեն, եթէ որեւէ այլ կուսակցութիւն կոչ ուղղէ գործադուլի կամ ոեւէ այլ անհատի մը մահուան տարելիցը ըլլայ: Մենք արժէքային անկումներ կ՛ունենանք մեր կեանքին մէջ ազգային իմաստով, որոշ պարագաներու մենք մեր հայկականութենէն ալ կը զիջինք, մեր ընտանեկան, կրօնական եւ ազգային արժէքներէն ալ կը զիջինք, կը զիջինք նաեւ դաշնակցական պատկանելիութենէն`ըսելով, որ դաշնակցական ըլլալու համար պէտք չէ շարքային ըլլալ, կրնանք շարքերէն դուրս մնալ եւ դաշնակցական ըլլալ: Ճիշդ է, մարդիկ կրնան շարքերէն դուրս մնալ եւ դաշնակցական մնալ հոգիով, պայմանով որ Դաշնակցութեան դէմ չգործեն այդ ժամանակի ընթացքին: Դաշնակցականը Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մաս կազմող անհատն է իբրեւ կազմակերպական մարդ, որ պարտաւորութիւններ ունի մեր կազմակերպութեան նկատմամբ, նաեւ պարտի յարգել այս կուսակցութիւնը: Չձգենք այն տպաւորութիւնը, որ ներկազմակերպական հսկայ խնդիրներ կան: Ես շատ հանգիստ կրնամ բոլորը վստահեցնել, որ ՀՅԴ-ն շատ լաւ եւ հանգիստ կուսակցութիւն է, ամէն կուսակցութեան պէս կրնայ դժուարութիւններէ անցնիլ, բայց դաշնակցական մարդու քաջութեամբ, խիզախութեամբ կը դիմագրաւէ ամէն տեսակի փոթորիկները, կը շրջանցէ ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Չտարուինք շրջան ընող անհիմն խօսակցութիւններով, Դաշնակցութիւնը իր արմատները ժողովուրդին մէջ խրած հսկայ կաղնի մըն է. ժողովուրդը այդ արմատները կը ջրէ, անոնց ուժ կու տայ, եւ այդպէս Դաշնակցութիւնը ամուր կը մնայ: Տագնապներ ու դժուարութիւններ միշտ ալ եղած են, օրինակ` այս կուսակցութիւնը լիբանանեան պատերազմէն անցած է, ունեցած է բազում տագնապներ, Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը համայնավարներուն կողմէ հարուած ստացած է, Դաշնակցութիւնը պատմութեան ընթացքին ամէն տեսակ ուժերէ, ներքին թէ արտաքին թշնամիներէ հարուած ստացած է, բայց այս բոլորով հանդերձ, Դաշնակցութիւնը մնացած է կանգուն, գոյատեւած է ու կը շարունակէ ապրիլ: Մեր մտահոգութիւնը Լիբանանի հայութեան ազգային արժէքներուն կառչած մնալու հիմնական խնդիրն է, մեր ձգտումը Դաշնակցութիւնը` իբրեւ կուսակցութիւն զօրաւոր պահելը չէ, այլ Լիբանանի հայութեան զօրաւոր մնալն է առաջնահերթութիւնը:
Օրինակ մը տամ` եթէ մենք երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողէինք 6 հայ երեսփոխան ունենալ մէկ պլոքի մէջ կամ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչ, ինչո՞ւ այսօր այս կառավարութեան մէջ պիտի ունենայինք Դաշնակցութեան ներկայացուցիչէն զատ այլ նախարար մը, որ Լիբանանեան ուժերը պիտի ներկայացնէր: Այս համայնքային երկրին մէջ ամէն մէկ երեսփոխան ու նախարար կը ներկայացնէ իր համայնքը, ճիշդ է` սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ, ամբողջ Լիբանանի երեսփոխան է, ուրեմն ես պէտք է ենթադրեմ այս ձեւով, որ դոկտ. Ռիշար Գույումճեանը կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան մէկ մասը. եթէ այդպէս է, կը նշանակէ, որ լիբանանահայութեան մէկ մասը հեռու է հայկականութեան արժէքային համակարգէն: Եթէ մենք ունենայինք 6 երեսփոխաններ, որոնք ընտրուած ըլլային իբրեւ համայնքի նեկայացուցիչ, ոչ ոք կրնար այդ 6 ներկայացուցիչներէն դուրս մարդիկ որոշել, թէ որո՛նք պիտի ըլլան մեր ներկայացուցիչները: Հակառակ ասոր, մենք ճիգ թափեցինք, որ երկրորդ նախարարը ըլլայ հայ, թէկուզ եւ ան չըլլայ հայկական միջավայրի ներկայացուցիչ կամ հայկական միութեան կամ կուսակցութեան կամ եկեղեցական կառոյցի մը կողմէ նշանակուած նախարար, որովհետեւ մենք այսօր համայնքի իրաւունքը կը պաշտպանենք, ոչ թէ Դաշնակցութեան իրաւունքը: Մարդոց համար ասիկա շատ անհասկնալի էր, մենք կռիւ մղեցինք ամիսներ շարունակ, որ թէկուզ մեզի հակադիր ուժ մը պիտի ներկայացնէ հայ համայնքը, մենք կը նախընտրենք զայն, քան զիջիլ մեր համայնքի երկու նախարար ունենալու իրաւունքը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է համայնքի իրաւունքը պաշտպանել: Բայց երբ համայնքի իրաւունքէդ զիջիս, վաղը չես կրնար զայն վերադարձնել:
(Շար. 1)