Newsletter

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք,  Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած`  Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ»  Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հրաւիրուած էին տարբեր յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական, կրթական ու մշակութային մարզերու պատասխանատուներ եւ Դաշնակցութեան զանազան ծրագիրներուն աջակցող բարեկամներ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտի կէսօրին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութիւնը, ծանօթացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկերացումը տուաւ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու քաղաքապետարանին մէջ...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան  Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ երէկ Ստեփանակերտի մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստը: Օրակարգի հիմնական նիւթը կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ ներկայ իրավիճակի միացեալ գնահատման եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծման, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ: Փաշինեան եւ Սահակեան մինչեւ օրակարգային...

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Նախագահին Հանդիպումները`  Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահին Հանդիպումները` Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան 12 մարտին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի, Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան  հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանի հետ, կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ լրատուութեան վարչութենէն:...

Ալիեւ Գոհ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներուն Յայտարարութենէն

Ալիեւ Գոհ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութենէն

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դրական կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու տագնապի լուծման ձեւաչափի վերաբերեալ դիրքորոշումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըրի հետ հանդիպումի ընթացքին: «Երկրին ղեկավարը նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութիւնը, ներառեալ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշումը, Ազրպէյճանը կը գնահատէ դրական»,...

Քոնկրեսականներ Ցեղասպանութեան  Պաշտօնական Ճանաչման Բանաձեւ Պատրաստած Են

Քոնկրեսականներ Ցեղասպանութեան Պաշտօնական Ճանաչման Բանաձեւ Պատրաստած Են

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամ Էտըմ Շիֆ եւ հանրապետական անդամ Կուս Պիլիրաքիս դիմած են Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն` կոչ ուղղելով միանալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ներկայացման: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ երկկուսակցական փաստաթուղթի նպատակն է այնպէս ընել, որ ամերիկեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը հետեւի ստորեւ ներկայացուած կէտերուն. 1.- Հայոց ցեղասպանութեան հերքման մերժում, 2.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ յանցանքի պաշտօնական ճանաչում եւ ոգեկոչում,...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Անոր Կատարած Ստապատիր Ամբաստանութիւններուն Համար . Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Դատական Հարց Յարուցեց Լրագրող Ղասսան Սէուտի Դէմ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դատական հայց ներկայացուց լրագրող Ղասսան Սէուտի դէմ: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 6 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան փաստաբանը Լեռնալիբանանի վերաքննիչ ատեանի դատախազութեան ներկայացուց գանգատ մը, ուր կը յիշուի, որ մեղադրեալ Ղասսան Սէուտ 25 փետրուար 2019-ին, «Օ. Թի. Վի.» կայանի «Տարուրի նըհքի» հաղորդումին ընթացքին յերիւրանքներ եւ քրէական բնոյթի զրպարտութիւններ կատարած է հայցուորին դէմ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դատական հայցը Սէուտի կատարած...

Իրանի Նախագահը Կ՛այցելէ Իրաք

Իրանի Նախագահը Կ՛այցելէ Իրաք

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ «պատմական» այցելութեամբ մը հասաւ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ: Ան 2013-ին նախագահ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Իրաք: Իրանի նախագահին կ՛ընկերակցի բարձրաստիճան տնտեսական ու քաղաքական պատուիրակութիւն մը: Նախքան Իրաք մեկնիլը ան յայտնեց, թէ իր երկիրը մտադիր է ամրապնդել Իրաքի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Պաղտատ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին կարեւոր ծրագիրներ: «Իրան կրնայ Իրաքի շարք...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է  ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու ներկայիս մակարդակը եւ համագործակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու շրջագիծին մէջ: Ճէյմս Ափաթուրայ իր կարգին նշած է, որ Հայաստանը դաշինքի կայուն եւ վստահելի գործընկերն է: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են ՕԹԱՆ-Հայաստան համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ, ներառեալ` միջազգային...

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւոր  Նկատած Են Հայաստան – Արցախ Սերտ  Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Են Հայաստան – Արցախ Սերտ Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 մարտին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով` անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ: Անդրադարձ կատարուած է անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցերու: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստան - Արցախ սերտ փոխադարձ գործակցութեան...

Արմէն Ռուստամեան Մասնակցած Է  «Լազարեան Ակումբ»-ի Նիստին

Արմէն Ռուստամեան Մասնակցած Է «Լազարեան Ակումբ»-ի Նիստին

5-6 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Լազարեան ակումբ»-ի 2-րդ նիստը: Ակումբի մասնակիցներու կազմը ներկայացուցչական էր: Շուրջ 300 հրաւիրեալներու կարգին էին Պետական տումայի անդամներ,  դեսպաններ, գիտնականներ, զինուորականներ եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ: Հայաստանէն կը մասնակցէին քաղաքական գործիչներ Արա Բաբլոյեան, Վազգէն Մանուկեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Վիգէն Սարգսեան եւ ուրիշներ: Պաշտօնական Երեւանը կը ներկայացնէր Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան: ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ...

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան  90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան 90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

«Ընկեր Հրայր Փայլատակեց Հայկական Երկնակամարին Վրայ` Իբրեւ Յեղաշրջող Ու Աներեր Աստղ, Եւ Իր Կեանքը Նուիրեց Հայակերտման, Հայրենիքի Ազատագրութեան, Հայ Ժողովուրդին Ու Հայ Դատին» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ներկայութեամբ, դերակատարութեամբ եւ ղեկավարի ուրոյն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը: Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու Հայ դատին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:  

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ  Սրբազանը Զահլէի Մէջ

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը Զահլէի Մէջ

Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց: Սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան: Քարոզեց նախկին հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Սուրբ պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ: Այս առիթով, Նարեկ արքեպիսկոպոս ողջունեց տէր հօր երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւնը եւ...

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Ունեցած Են  Մէկուկէս Ժամ Տեւած Հանդիպում Մը

Ակնարկ. Երաշխաւորելու Համար Հետագայ Համաձայնութիւնը` Նախ Կիրարկել Մինչ Այժմ Կայացածները

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը, քաղաքական ընթացիկ եզրաբանութեան առընթեր բանակցային փիլիսոփայութեան հետ կապուած կարեւոր բաղադրիչներ ներառած է: Համանախագահները կը խօսին հանդիպումին բանակցային բովանդակութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին: Այսինքն անկախ` խաղաղութեան պատրաստելու, հրադադարի դրութիւնը յարգելու, հռետորաբանութիւնը ապառազմականացնելու կոչերէն, համանախագահները կողմերը վերաբանակցելու կը հրաւիրեն: Բանակցութիւնները վերսկսելու կոչին առընթեր եւ անկէ աւելին, յայտարարութիւնը օրակարգային կէտերու ուրուագիծը եւս կը փոխանցէ` յուշելով,...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները`  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին.  «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու  Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ  Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի  Սկզբունքներուն Վրայ»

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները` Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի Սկզբունքներուն Վրայ»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յառաջիկայ հանդիպումին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են: Անոնք ողջունած են երկու պետութիւններու ղեկավարներու` համանախագահներու հովանիին տակ շուտով հանդիպելու պատրաստակամութիւնը: Կը նշուի, որ համանախագահները այս կարեւոր հանդիպման նախապատրաստութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ սերտ կերպով կը համագործակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Կը նշուի նաեւ, թէ այդ հանդիպումը...

Հայաստանի Նախագահը  Ցաւակցական Հեռագիր  Յղած Է Պոլսոյ Հայոց  Պատրիարքի Մահուան Առիթով

Հայաստանի Նախագահը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Մահուան Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  ցաւակցական հեռագիր յղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան առիթով: Հեռագիրին մէջ նշուած է. «Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան մասին: Տասնամեակներ շարունակ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը ուսերուն կը շալկէր իր ժողովուրդին եւ հաւատքին ծառայելու խաչը: Ան ո՛չ միայն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւորներէն էր, այլեւ, իբրեւ Պոլսոյ...

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած  Միութենականներու Պարգեւատրում

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

«ՀՄԸՄ-ը Հայ Պատանիին Ու Երիտասարդին Մէջ Դրոշմեց Իր Էութեան Գիտակցութիւնը, Կազմաւորեց Զանոնք Իբրեւ Պատասխանատու Հայեր» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 10 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի հանդիսաւոր արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան...

«Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Հայութեան Զօրաւոր Մնալն Է»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Ազգային Եւ Համայնքային Հարցերը Համալիբանանեան Տարողութեամբ Պէտք Է Քննենք Ու Լուծենք», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«ԱԶԴԱԿ».- Շրջանային ժողովէն առաջ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ ձեր յօդուածաշարքը, ուր ընդհանրապէս անդրադարձ կը կատարուէր ո՛չ միայն կուսակցական մտահոգութիւններուն, այլեւ` լիբանանահայութեան վերաբերող տարբեր խնդիրներու: Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ արդէն, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ, եւ կը նայինք դէպի ապագայ: Մեկնարկային իրավիճակի ստեղծման կամ ապագային կապուած հեռանկարային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք` թէ՛ կուսակցութեան, եւ թէ՛ համայնքին վերաբերող: ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Այդ յօդուածաշարքին մէջ տեղ գտած...

Աղջկանց Պասքեթպլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

Աղջկանց Պասքեթպլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Լիբանանի Աղջկանց Բաժակակիր

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 67-50 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին Շաբաթ, 9 մարտին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Լիբանանի գործող ախոյեանը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, տիրացաւ տիտղոսին, իր մրցակիցին յաղթելով 17 կէտի բաւական մեծ տարբերութեամբ մը` 67-50 արդիւնքով (13-10, 16-13, 21-16 եւ 17-11):...

Page 250 of 256 1 … 249 250 251 … 256