Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Իշխանութեան Պետերուն, Նախարարներուն Եւ Երեսփոխաններուն Ամսական Աշխատավարձի Յաւելավճարները 50 Առ Հարիւրով Նուազեցնելու
Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, թէ ամավարկի քննարկումը գրեթէ աւարտած է` աւելցնելով, որ քննարկումի առարկայ պիտի դառնան ամավարկի օրինական բաժիններն ու թիւերը: Ժարրահ շեշտեց, որ հարցերուն քննարկումը ճիշդ ձեւով եւ կատարեալ լրջութեամբ կ՛ընթանայ: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ...



















