Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, լրջութեամբ կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ իրենց պատասխանատուութեան եւ հաւատարիմ են խաղաղ ճամբով խնդիրի լուծման հարցին մէջ կողմերուն աջակցելու ձգտումին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճորճ Քենթը:
«Միացեալ Նահանգներ լրջութեամբ կը վերաբերին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի իրենց պատասխանատուութեան: Մենք ուրախ ենք, որ հանդիպումներ տեղի ունեցած են ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած են շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման մասին: Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումի ընթացքին բաւարար համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են», լրագրողներուն ըսած է Քենթ:
Անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումին Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարման` այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտնած է. «Ինչ կը վերաբերի յաջորդ հանդիպումին, չեմ կրնար ըսել, թէ վայրը որոշած ենք: Սակայն վստահ եղէք, որ Միացեալ Նահանգներ լուրջ կը վերաբերին իրենց պարտականութիւններուն: Մենք կ՛ուզենք աջակցիլ հոլովոյթին, որ պիտի յանգի տագնապի խաղաղ լուծման»:
«Մենք կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամկէտներուն շուրջ համաձայնութեան: Թուականը տակաւին որոշուած չէ: Մենք հետաքրքրուած ենք տագնապի խաղաղ լուծման հարցով», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարը:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի տեղակալ Ուիլիըմ Կիլ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ապագային Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:



