Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան թղթոսկիով աշխատիլը:
Ան շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը չյարգէ իր թղթոսկին, ապա ոչ ոք պիտի յարգէ զայն:
«Լիբանանեան թղթոսկիին մասին ներկայացուցած օրինագիծս կը վերաբերի պետական հաստատութիւններուն ու ընկերութիւններուն եւ անոնց գանձումներուն», ըսաւ ան:
Յ. Թերզեան նշեց, որ Լիբանանի բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնները ամերիկեան տոլարով կը գործեն, մինչդեռ «Օժերօ»` լիբանանեան թղթոսկիով:
«Այս հարցը գերիշխանական է: Կարելի չէ պատկերացնել, որ լիբանանցիին վճարելիք գումարները կամ նիւթական գործառնութիւնները տոլարով կամ եւրոյով կատարուին», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Յ. Թերզեան հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Յ. Թերզեան պահանջեց հետապնդել Պէյրութի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն պատկանող վաճառատուներուն հարցը եւ փակել զանոնք` նկատի ունենալով անոնց ապօրինի աշխատելաձեւն ու լիբանանցիներուն հետ անոնց ապօրինի մրցակցութիւնը:



