Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան «Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւը Կը Շարունակուի

Մայիս 6, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 5 մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» խորագիրով մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի բնակիչներ, կրթական հաստատութիւններ, միութիւններ, կրօնաւորներ, հաստատութիւններ եւ շրջանին մէջ գործող տարբեր կուսակցութիւններ: Արշաւը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղամասերուն մէջ:

«Ազդակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Գազանճեան յայտնեց, որ այս արշաւին հիմնական նպատակը այն է, որ քաղաքացիները մասնակից դառնան անոր, որովհետեւ մաքրութիւնը չէ որ մեզի կը հետաքրքրէ միայն, այլ նաեւ մեզի կը հետաքրքրէ այն, որ ժողովուրդը այդ սովորութիւնը ունենայ, որ աղբ չթափէ ճամբան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը եւ քաղաքապետական խորհուրդը պէտք եղած ձեւերը եւ միջոցները ունին աղբերը դասաւորելու, սակայն այդ մէկը բաւարար չէ, երբ ժողովուրդը այդ մտածողութիւնը չունի, որ աղբ պէտք չէ թափէ ճամբան, այլ ընդհակառակն` զայն թափէ աղբարկղներուն մէջ: Գազանճեան իր խօսքին մէջ աւելցուց, թէ իրենց նպատակը նաեւ այն է, որ պատանիները եւ երիտասարդութիւնը մասնակից դառնան այս արշաւներուն, սորվին եւ օրինակ դառնան տարեցներուն, որովհետեւ աւելի դիւրին է պատանիները ուղղել, քան տարեցները: Դաւիթ Գազանճեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, թէ իրենք սկսած են գետնի մաքրութեամբ, սակայն յառաջիկային ունին այլ ծրագիրներ` շէնքերու տանիքներուն վրայ գտնուող աղբերը հաւաքելու, որոնք հինէն մնացած են, պատերազմի օրերէն, եւ թէ իրենց նպատակն է, որ քաղաքացիները իրենք գործակցին քաղաքապետութեան հետ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանութեան եւ պահակներու բաժանմունքի պետ Ժրիոս Ժրատիի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ այս արշաւին միտքը յղացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակին մաքրեն Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերը` շրջանը մաքուր պահելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մէջ մաքրութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, որպէսզի ժողովուրդը այդ միասնական ոգիով մաքուր պահէ իր թաղամասերը: Ժրիոս Ժրատի իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ նոյնիսկ եթէ այս արշաւը իր բոլոր նպատակներուն չհասնի, սակայն որքան աւելի ներդրում ունենայ, արդէն մեզի եւ մեր ժողովուրդին համար մեծ յառաջդիմութիւն մըն է: Ան նշեց նաեւ, որ այս արշաւներուն կարեւորութիւնը է նաեւ, որ անոնք շարունակական բնոյթ ունենան, եւ ոչ թէ պարզապէս քանի մը անգամուան համար կազմակերպուին:

Սուրբ Մեսրոպի սկաուտախումբի ընդհանուր խմբապետ Քրիստափոր Ճանիգեան  սկաուտախումբին անունով նշեց, թէ անոնք մասնակցելով այս արշաւին սովորական բարիք մըն է, որ կը կատարեն, եւ թէ սկաուտը երբեք կողմնակցութիւն չունի, որուն օրինակը այն է արդէն, որ իրենք` իբրեւ հայ քրիստոնեայ սկաուտներ, մաքրութեան արշաւին կը մասնակցին մզկիթին առջեւ մաքրելով, հիմնուելով իրենց սկաուտական կոչումին վրայ, որն է բարեգործութիւն կատարել եւ երբեք կողմնակցութիւն չունենալ:

Ազգային միացեալ վարժարանին անունով վարժարանի ընկերային ծառայող Նայիրի Արսլանեան նշեց, որ վարժարանի աշակերտութեան մեծ մասը Պուրճ Համուտի շրջաններէն է, եւ այդ պատճառով ալ, ինչպէս արշաւին կարգախօսը կ՛ըսէ` «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ», իրենք կը մասնակցին այս արշաւին, որպէսզի իրենց թաղամասերը մաքուր պահեն: Արսլանեան իր խօսքին մէջ աւելցուց, որ վարժարանը ունի ընկերային խմբակ մը, որուն նպատակներէն մէկն է մասնակցիլ մաքրութեան արշաւներուն, ինչ որ կրնայ կամաւոր գործի սէրը արթնցնել աշակերտներուն մէջ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Վանայ Բալիկ Չաքմաքեան նշեց, որ այս արշաւին մասնակցելով իրենց նպատակն է շրջանը մաքուր պահել: Ան աւելցուց նաեւ, որ այս արշաւը նաեւ քարոզչական նպատակ ունի, որ ժողովուրդը կրնայ աւելի եւս քաջալերել, որպէսզի մասնակցի եւ սորվի մաքուր պահել շրջանի թաղամասերը: Չաքմաքեան իր խօսքի աւարտին նշեց, որ ԼԵՄ-ը միշտ պատրաստ է օգտակար դառնալու ժողովուրդին եւ մաքուր պահելու իրենց շրջանները:

Շրջանի Քիամա եկեղեցիին (Ս. Յարութիւն) անունով Մարուն Շամուն նշեց, որ մաքրութեան այս արշաւը աւելի եւս կ՛արթնցնէ բնակիչները` լաւապէս մաքրելու եւ մաքուր պահելու իրենց թաղամասերը:

Սայիտեթ Նահրի սկաուտական կազմի խմբապետ Փերլա Նաամանի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան շեշտեց, որ այս արշաւին միջոցով բնութեան հանդէպ իրենց սէրն է, որ կ՛աւելնայ, ինչպէս նաեւ մասնակցելով արշաւին օգտակար կը դառնան իրենց ժողովուրդին` աւելցնելով, որ փոքր քայլերով կարելի է հասնիլ մեծ բարձունքի մը:

 

Նախորդը

9 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենի Լեզուն Պահպանելու Հաստատ Կոչ

Յաջորդը

Համահայկական Օրակարգերու Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ Համայնքի Հասարակական Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?