Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մայիս 6-ի Վերականգնումը Կը Շրջէ Անգարայի Ճշդած Խաղի Կանոնները

Մայիս 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայի քաղաքական ներդրումային գործողութիւնները սկսած են արդիւնաւորուիլ դրսեւորումներու տեսքով: Թրքական շահերը գերադասող լիբանանեան կազմակերպութիւններու կոչերը, թրքական դրօշակներով ապրիլ 24-ի օրը կազմակերպուած փողոցային ելոյթները, իսլամական շրջանակներու ներքաշուիլը եւ Թուրքիոյ թելադրած հռետորաբանական կէտերու որդեգրումն ու համապատասխան բարձրաձայնումները` նախադրեալներ են, որ համակարգող կեդրոնը Անգարայէն տարբեր աշխարհագրական միջավայրեր եւ այս պարագային Պէյրութ խաղի կանոններ կը թելադրէ եւ իր ձեւաւորած խաղադաշտը կը տեղաւորէ գործակատարներ` տարբեր մակարդակներու վրայ:

Բայց այս բոլորը ցցուն եւ երեւցած բաժինն է: Քաղաքական` քուլիսային մասը չի վերաբերիր միայն Լիբանանի մէջ գործող թուրք դեսպանին լիբանանեան ատեաններուն մօտ բարձրացուցած բողոքներուն: Ակադեմականէն լրատուական եւ քաղաքականէն տնտեսական ու մշակութային, Անգարան տարածաշրջան եւ այս պարագային Լիբանան մուտքի մեծ դռներ կը բանայ իր առջեւ նախ ազդեցութեան գօտիները ամուր յենասիւներու վրայ կառուցելու, որմէ ետք քաղաքական գործողութիւններ իրականացնելու: Այս տարի հակահայ գործողութիւններու առաջին դրսեւորումները բացայայտօրէն շեշտուեցան: Հայկական կողմը ո՛չ միայն ապրիլ 24-ի առիթով, այլեւ որեւէ ատեն թրքական գործօնի հաշուարկը ընելու հրամայականին առջեւ է: Ժխտողականութեան նորագոյն այս մարտավարութիւնը կարծր դրսեւորումներ պիտի շարունակէ ունենալ:

Պարզ է, որ Անգարայի կողմէ կրօնական հանգամանքի շահարկումը համատարած ռազմավարական կէտ է: Իսլամական աշխարհը համախմբելու եւ սիւննիական տարբեր վարչակարգերու հետ մրցակցելու իր պետական քաղաքականութեան մէջ քրիստոնեայ հայեր-իսլամ թուրքեր կամ ընդհանրապէս իսլամներ հակադրութեան սուր շեշտեր կը տրուին:

Այստեղ զգայնութիւն ցոյց կու տան Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները: Կը յիշուին ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ ասորիներու, քաղդէացիներու, յոյներու կրած տառապանքները: Նոր ռազմավարութիւն կը վերամշակուի Լիբանանի սովամահութիւնը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն նկատելու ուղղութեամբ:

Զուտ քրիստոնեայ Լիբանանին կողմէ նման առաջադրանքներու ընդգծումները կրնան անուղղակիօրէն սատարած ըլլալ Անգարայի թելադրած խաղի կանոններու որդեգրման ծուղակին: Լիբանանը իր բոլոր համայնքներով զոհ գացած է Օսմանեան կայսրութեան ցեղապաշտական եւ համաթրքացման քաղաքականութեան եւ մայիս 6-ը այդ բոլորի ամէնէն խօսուն վկայաթուականն է:

Այս խորհուրդի վերաիմաստաւորման խնդիրն է, որ պիտի դնեն լիբանանեան բոլոր կողմերը: Այդ առումով ՀՅԴ-Փաղանգաւոր կուսակցութիւն միացեալ օրինագիծի առաջադրումը անպայման պէտք է ստանայ համալիբանանեան համաձայնութիւն եւ դառնայ համայն Լիբանանի կողմէ յարգուող յիշատակի պաշտօնական օրուան վաւերացում:

Մայիս 6-ի խորհուրդի վերաիմաստաւորման եւ ապրիլ 24-ի յիշատակի օրուան համայն Լիբանանի կողմէ ընդունման հիմք կը ծառայէ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը:

Մայիս 6-ի վերականգնումը կը շրջէ Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները եւ կը նախանշէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած տարբեր ժողովուրդներու ցեղասպանական քաղաքականութեան շարքի համալրումը:

Նախորդը

Նեթանիահու Բանակին Հրամայեց Կազայի Դէմ Յարձակումները Աշխուժացնել

Յաջորդը

Թենիս. Չեխ Փլիսքովա Իր 6-րդ Մարզիչը Փոխեց… Մէկ Տարուան Ընթացքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?