Սպանիոյ Սորիայի Քաղաքապետարանը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն կը տեղեկացնեն, որ Սպանիոյ Սորիա շրջանի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Քաղաքային նիստի բոլոր 4 կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ընդունեցին «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը», նշուած է դեսպանատան Դիմատետրի էջին վրայ:



















