Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք` Լիբանանցի Նահատակաց. Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Հարց Տուաւ, Թէ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Մոռացութեան Տալ Պատմութիւնը Եւ Նահատակներուն Թափած Արիւնը

May 6, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին դիմաց երէկ` կիրակի, 5 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ հաւաք եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ օսմանեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին նոյն վայրին մէջ կախաղան բարձրացուած լիբանանցի նահատակներուն:

Յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, որ նշեց, թէ 6 մայիսը Լիբանանի համար կսկծագին օր է, որովհետեւ Լիբանան այդ օրը կորսնցուց հերոսներ, որոնք իր պատմութիւնը գրեցին ու սիրեցին զայն:

Ան անդրադարձաւ Լիբանանի կարեւորութեան ու արժէքին` նշելով, թէ այս երկիրը ենթակայ եղաւ զանազան չարչարանքներու եւ տագնապներու, պատերազմներու եւ կորուստներու, սակայն ճակատագրական իւրաքանչիւր պահու գտնուեցան հերոսներ, որոնք իրենք զիրենք մատաղ տուին այս երկրին համար, որպէսզի մնայ մայրին, ազատութիւնը շարունակէ թեւածել, եւ Լիբանանը մնայ ազատութիւններու եւ համակեցութեան երկիր:

Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ առյաւէտ դրոշմուած պիտի մնայ 6 մայիս 1916 թուականը, երբ օսմանցիները, ոճրագործ Ճեմալ փաշայի տիրապետութեան օրով, պայքար շղթայազերծեցին անարդարութիւնն ու բռնութիւնները մերժողներու դէմ, որպէսզի իրենք կարենան թրքացման իրենց քաղաքականութիւնը կիրարկել: Ան ահաւոր եւ դատապարտելի նկատեց այն, որ լիբանանցիները մոռացութեան տուած են իրենց հաւաքական յիշողութիւնը եւ 6 մայիսին այլեւս չեն ոգեկոչեր յիշատակը անոնց, որոնց արեամբ ներկուեցաւ Նահատակաց հրապարակը: Երեսփոխանը ցաւ յայտնեց, որ ոմանք մոռացութեան կու տան պատմական թուականներ, որոնց դէպքերուն ընթացքին փոխեցին եւ ծունկի բերին կայսրութիւն մը ամբողջ, անոնք կը փորձեն մոռնալ արաբական պատկանելիութիւն ունեցող նահատակները` Միջին Արեւելքին իշխած Օսմանեան կայսրութեան սիրոյն, որ յատկանշուած է անարդար վճիռներով, սպանդներով եւ կախաղաններով:

«6 մայիս 1916-ին նահատակները սպառնացին ձերբազատիլ Օսմանեան կայսրութենէն` միանալով արաբական յեղափոխութեան, Օսմանեան կայսրութիւնը չհանդուրժեց սպառնալիքը: Նահատակներուն միակ յանցանքը այն էր, որ պաշտեցին ազատութիւնը, այդ պատճառով ալ օսմանցիները ձերբակալեցին զանոնք բոլորին աչքին դիմաց, սակայն ազատատենչները ունէին քաջութիւնը լուռ չմնալու անարդարութեան դիմաց: Մինչեւ օրս կսկիծ կայ մեր սրտերուն մէջ, մեր նահատակներուն կանչերը` կախաղանի պարանը իրենց վիզին, տակաւին կը թնդան մեր ականջներուն մէջ եւ կը ցնցեն մեզ», դիտել տուաւ երեսփոխան Թերզեան: Ան աւելցուց, որ ոչ մէկ արաբական պետութիւն կրնայ բարեկամ նկատել Թուրքիան, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը հարուածէ այդ երկիրները:

Իր խօսքի աւարտին երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է չեղեալ նկատել այս տօնը` շեշտելով, որ անիկա միասնականութեան ազգային ուխտ է այն ժողովուրդներուն, որոնք օսմանեան բռնութիւններու ու անարդարութիւններու ենթարկուեցան: Ան շարունակեց հարց տալ, թէ կարելի՞ է մոռնալ հոսած արիւնը` անմեղներու, հաւաքական սպանդները, 1916 թուականին Լիբանանի մէջ կատարուած ահաւորութիւնները, ինչպէ՞ս կրնանք լռեցնել մեր խիղճերը եւ մոռնալ մեր նահատակները, որոնք ինկան հազարներով, պայքարեցան անարդարութեան դէմ եւ իրենց նահատակութեամբ դուռը բացին ազատութեան նոր արշալոյսի դիմաց: Իր խօսքը եզրափակելով` Թերզեան կոչ ուղղեց համախմբուելու լիբանանեան շահերուն շուրջ, որոնք ամէն բանէ վեր են:

Աւարտին ներկաները իրենց մոմերը զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` լիբանանցի նահատակներուն հոգիներուն համար:

 

 

Նախորդը

Համահայկական Օրակարգերու Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ Համայնքի Հասարակական Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

Յաջորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` ԶՈՄ-Ի Կազմակերպած «Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնն Ու Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները» Լսարանական Ասուլիսին Ընթացքին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.