Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Քիլիս բնակավայրին մօտ զրահապատներ եւ այլ մեքենաներ կը կուտակեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Սպառազինութիւնը կը կուտակուի թուրք-սուրիական Էօնճիւփընար սահմանային անցման կէտին մօտ: Կը հաղորդուի, որ սպառազինութիւնը պիտի օգտագործուի զինուորական գործողութիւններու ժամանակ: