Newsletter

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Պետական Նախարարը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական Նախարարը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար, հայ-էմիրաթական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ահմետ Ալի Սայղը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն` հանրապետութեան նախագահը ողջունած է միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի անդրանիկ նիստի կայացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ բոլոր այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է վերջերս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, իրականութիւն...

Շուէտի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Հայաստանի  Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն  Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած  Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Շուէտի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Շուէտի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին կը յայտնեն Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն: Կը նշուի նաեւ, որ 2 մայիսին Շուէտի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման վերաբերեալ քննարկում, որուն հրաւիրուած էր դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեան: Քննարկումին ելոյթ ունեցած են խորհրդարանի վեց խմբակցութիւններու  ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց...

Արցախի Պատուիրակութեան  Հանդիպումները Արժանթինի  Խորհրդարանին Մէջ

Արցախի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արժանթինի Խորհրդարանին Մէջ

30 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արժանթինի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Պուենոս Այրեսի նախկին քաղաքապետ, Արժանթինի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար, իշխող համաձայնական դաշինքին մաս կազմող «Ռատիքալներու  քաղաքացիական միութիւն» կուսակցութեան անդամ Ֆաքունտօ Սուարեզ  Լասթրային հետ: Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները: Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին...

Դաշնակցական Երիտասարդները Ահազանգ  Կը Հնչեցնեն Եկամտահարկի  Համահարթեցման Առաջարկին Դէմ

Դաշնակցական Երիտասարդները Ահազանգ Կը Հնչեցնեն Եկամտահարկի Համահարթեցման Առաջարկին Դէմ

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները Ազգային ժողովին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած են` եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկին դէմ եւ բաց նամակ յղած Ազգային ժողովի Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներուն: Նամակին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի եւ յարակից նախագիծերու փաթեթով կ՛առաջարկուի փոփոխութիւններ կատարել հարկային...

Արեւմտեան Ամերիկայի  Հայ Դատի Յանձնախումբի  Նոր Վարչութիւնը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Վարչութիւնը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նշանակուած է կազմակերպութեան 11 հոգինոց նոր վարչութիւնը, բաղկացած` նուիրեալ գործիչներէ եւ կամաւորներէ: Ոտքի, ձախէն աջ` Ճոզեֆ Քասքանեան, իրաւաբան Անահիտ Օշական, Րաֆֆի Սարգիսեան, Լենա Պօզոյեան, իրաւաբան Այգ Տիքիճեան, իրաւաբան Լինա Դաւիթեան եւ Գեւ ԻսքաճեանՆստած, ձախէն աջ` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ` իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեան, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, Հերմինէ Փախանեանս...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական  Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը  Եւ Ընկերային Արդարութիւնը  Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Եւ Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին

  Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ գործակցութեամբ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին, երէկ երեկոյեան «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանական ասուլիս մը, որ կը կրէր «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը: Լսարանական ասուլիսին զեկուցաբերներն էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ-Ժարուտի եւ քաղաքացիական  ընկերութեան «Ամել» միջազգային...

Խմբագրական.  Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն  Ամբոխներու Կերպարափոխումը  (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն Ամբոխներու Կերպարափոխումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Աշխատաւորներու օրուան առիթով ընկերափիլիսոփայական հրապարակումները հետզհետէ զիջած են զուտ քաղաքական ուղերձներուն: Տօնը կամ օրուան նշումը ստացած է գերքաղաքական բնոյթ. ընկերվարական աշխարհն ու երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը իրենց դաւանած գաղափարաբանական խորհրդանիշին վերածած էին մայիս 1-ը, մինչ Արեւմուտքը եւ առաւելաբար Միացեալ Նահանգները այլ օր նշած են Լէյպըր տէյը: Բնականաբար աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական ծրագիրները լոյսին կու գան հերթական անգամ: Տօնի քաղաքականացումը յաճախ նաեւ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ուղեկցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Գէորգ արք. Խազումեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան, ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ իր սկզբունքներին ու արժեհամակարգին, համահայկական կառոյցի զօրակցութեամբ, հետամուտ է հայրենիքի հզօրացմանը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների անվտանգութեան համակարգերի ամրապնդմանը, հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւնների խորացմանը` համոզումով, որ միայն հանրային եւ համազգային համերաշխութեան պայմաններում է երկիրն ունակ դիմագրաւել ներազգային եւ արտաքին մարտահրաւէրները: ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն Ժողովն արձանագրում է. 1.- 2018 թուականի ժողովրդային շարժումով եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով պայմանաւորուած` Հայաստանի ներքաղաքական...

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչ Իշխան  Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ միշտ ներգրաւուած եղած են նոր մարդիկ, թարմացում միշտ եղած է, ուստի ներքին իշխանափոխութեան հարց մեր օրակարգին վրայ չկայ. երէկ, 30 ապրիլին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ կապուած երբ երկրի վարչապետը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը շատ կտրուկ եւ յստակ յայտարարութիւններ...

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը  Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին

Երեքշաբթի, 30 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, Ստեփանակերտի մէջ այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով` նախագահ Բակօ Սահակեան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի հետ համագործակցութիւնը պահանջուած է: Ան բարձր...

Մայիլեանի Այցելութիւնը`  Արժանթինի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն

Մայիլեանի Այցելութիւնը` Արժանթինի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն

29 ապրիլին Պուենոս Այրես գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Արժանթինի  մէջ Հայաստանի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան էսթերա Մկրտումեանի եւ դեսպանութեան անձնակազմին հետ: Դեսպան Մկրտումեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան հիմնական ուղղութիւնները: Կողմերը անդրադարձած են Արցախի պատուիրակութեան Ուրուկուէյ կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ շարունակուող հանդիպումներու ընթացքին: Ելոյթ` Պուենոս Այրեսի Պետական Համալսարանին...

Թուրքիոյ Հայ Մտաւորականութիւնը  Կոչ Ուղղած Է Պատրիարքի Ազատ  Ու Անկախ Ընտրութիւն Կատարելու

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Համար Դիմած Է Պոլսոյ Նահանգապետարան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը 29 ապրիլին որոշած է դիմել Պոլսոյ նահանգապետարան` նոր պատրիարքի ընտրութեան արտօնութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը: 8 մարտին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանումէն ետք յայտարարուած սուգը աւարտած է, եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար առաջին ժողովը կայացած է երկուշաբթի, 29 ապրիլին: Կրօնական ժողովի ընթացքին որոշուած է ընտրութեան ընթացքը: Ըստ աւանդութեան, պատրիարքի վախճանումէն ետք...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 11 Դիմումի Ընդառաջում` Ապրիլ Ամսուան Ընթացքին 24-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 352 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը ապրիլ 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 11 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ մարտ 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 341 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 4 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 7 պարագաներ, որոնք...

Երիտասարդական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Երիտասարդական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արշօ Պալեան ներկաներուն բացատրեց հանդիպումին նպատակը եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը փոխանցելու իր խօսքը: ՀՅԴ Բիւրոյի...

Նախարար Կիտանեան Ներկայ Գտնուեցաւ  Տուպայի Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսին

Նախարար Կիտանեան Ներկայ Գտնուեցաւ Տուպայի Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Տուպայ, ուր տեղի ունեցաւ զբօսաշրջական յատուկ ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Լիբանան ներկայացաւ իր յատուկ տաղաւարով: Այս առիթով նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Զբօսաշրջութեան եւ ազգային աւանդներու ընդհանուր խորհուրդի վարչութեան պետ Ահմետ պըն Աքիլ Խաթիպի հետ, որ իր կարգին կը գտնուէր Տուպայ: Նախարար Կիտանեան Տուպայի մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Հաղորդագրութիւն

26-էն 29 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը: Քննելով նախընթաց միամեայ ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը եւ  յստակացնելով յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան հիմնական ուղենիշները` Գերագոյն ժողովը ընտրեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին հետեւեալ կազմով` Իշխան Սաղաթելեան Սիմոն Սիմոնեան Արծուիկ Մինասեան Լիլիթ Գալստեան Աշոտ Սիմոնեան Տարօն Տօնոյեան Շաղիկ Մարուխեան Յակոբ Մաթիլեան Արթուր Խաչատրեան Միքայէլ Մանուկեան Արմենուհի Կիւրեղեան ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ  ընտրուած...

Խմբագրական.  Անգարայի Մեծ Ետքայլը Եւ Երեւանի  Ուղենշային Ձեւակերպումները

Խմբագրական. Անգարայի Մեծ Ետքայլը Եւ Երեւանի Ուղենշային Ձեւակերպումները

Ապրիլ 24-ի առիթով Երեւան-Անգարա բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւններուն դիտարժան կէտերը մտածել կու տան, որ օգտագործուած ուղերձային հռետորաբանութիւնը ո՛չ միայն հատած է դիւանագիտութեան համար ընկալելի օրինաչափութիւններու սահմանը, այլեւ յատկապէս Անգարայի կողմէ փակած է հաւանական բաց պատուհանները: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով Անգարան դիւանագիտական ձեւակերպումներ կ՛որոնէր ուղերձ փոխանցելու համար ո՛չ միայն հայկական կողմին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան: Ձեւակերպումները կը շրջէին «ցաւալի դէպքեր»,...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Այցելութիւնները` Հայաստանի  Նախագահին Ու Վարչապետին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնները` Հայաստանի Նախագահին Ու Վարչապետին

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ եւ վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեանէ երկուշաբթի, 29 ապրիլին այցելեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները: Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ միաւորելու, համախմբելու եւ կրթելու կարեւոր դեր ունի սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ ան մեծ...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է  Ռուսիոյ Վարչապետ Մետվետեւը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Մետվետեւը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը, որ աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Հայաստան` մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Ողջունելէ ետք հիւրը, վարչապետ Փաշինեան ըսած է, թէ Հայաստանի մէջ  նախորդ տարի տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք ասիկա Ռուսիոյ վարչապետին առաջին այցելութիւնն է, որ իւրայատուկ նշանակութիւն կու տայ այցելութեան: «Կը կարծեմ, որ այժմ մեր յարաբերութիւններուն մէջ շատ...

Page 234 of 256 1 … 233 234 235 … 256