Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

May 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ Արցախի ու Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը քննարկած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին:

Նախարարը դեսպանին իր մտահոգութիւնը յայտնած է վերջին շրջանին զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով վիրաւորուած է հայ զինուոր մը:

Քասփրչիք ներկայացուցած է բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջիկայ  օրակարգային խնդիրները, նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Շաբաթասկիզբին Տաւուշի մարզին մէջ վիրաւորուած է 32-ամեայ պայմանագրային զինուոր Արգիշտի Սեփխանեանը: Զինուորը ծանր վիճակի մէջ ուղղաթիռով տեղափոխուած է Երեւան` պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդած է, որ վերջին շրջանին շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ կը նկատուի  թշնամիի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ճարտարապետական-ամրաշինական մեծածաւալ աշխատանքներու եւ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու տեսքով:

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ազրպէյճանական Կողմին Կոչ Կ՛ուղղէ Չսրելու Իրադրութիւնը Եւ Կը Դիմէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Յաջորդը

6 Մայիսին Լաւրով-Փոմփէօ Հաւանական Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.