Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարիսա Ալավերդեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Խելացի Փոխզիջում Է Արցախի Անկախութեան Եւ Իշխանութիւններու Օրինականութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ»

Մայիս 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութիւններու» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան ըսած է, որ Դաշնակցութեան առաջարկը` Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք կնքելու, քիչ մը տարբեր ձեւով առաջարկուած է 1994-ին` Արցախի հարցով յատուկ յանձնաժողովին կողմէ:

Ըստ անոր, 1992-ին, երբ հռչակուած  է Արցախի անկախութիւնը, մտավախութիւն ունեցած են, որ երկրին ճանաչումը միշտ չէ, որ կը կապուի երկրի սահմաններուն ճանաչման հետ, մանաւանդ որ կարգ մը հռչակագիրներ կրնան տարբեր ձեւով ընկալուիլ, ուստի 1996-ին խումբ մը կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին Դաշնակցութիւնը, շրջանառութեան մէջ դրած են կարեւոր հարց, որ Հայաստան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի կայացման եւ անոր իշխանութիւններուն օրինականութիւնը: Ալավերդեան դիտել տուած է, որ ասոր վրայ աւելցնելով այն նոր ձեւակերպումը, զոր Դաշնակցութիւնը կու տայ, տէ ժիւրէ կը դարձնէ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնները եւ որեւէ ձեւով չի վնասեր Հայաստան-Արցախ միաւորման տեսլականին: Ան աւելցուցած է, որ ասիկա նաեւ միջազգային հանրութեան համար գոնէ երկրի մը կողմէ Արցախի անկախութեան` որոշ աստիճանի ճանաչում է, որպէսզի դադրի այն խօսքը, թէ ոչ ոք կը ճանչնայ Արցախի օրինականութիւնը:

«Դաշնակցութեան մօտեցումը ճիշդ կը նկատեմ, որովհետեւ ատիկա ամբողջական ճանաչում չէ, ինչպէս որ միշտ վտանգ նկատուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց կարծիքը չեմ կիսեր: Հիմա Դաշնակցութեան առաջարկած` Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կնքումը խելացի փոխզիջում է Արցախի անկախութեան, ինչպէս նաեւ կայացման եւ իշխանութիւններու օրինականութեան ճանաչման առումով: Ասիկա պիտի ըլլայ միակ ձեւը, որ Հայաստանը դուրս պիտի բերէ զուտ փորձագիտական դաշտէն` տանելով միջազգային ճանաչման, այլ խնդիր է` կը յանգեցնէ՞ ատիկա միջազգային արագ ճանաչման, թէ ոչ: Ի վերջոյ, անկախութիւնները կը ճանչնան` աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնելով, բայց անվիճելի է այն, որ այդ հարցը օրակարգ կը մտնէ իբրեւ Արցախի կայացման իրաւական հիմք,  եւ չի մնար քաղաքական յեղյեղուկ դաշտին մէջ: Եւ այս առումով պատահական չէ, որ 1994-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը համաձայնագիր կնքած է Արցախի Գերագոյն խորհուրդին հետ», դիտել տուած է Ալավերդեան:

Արցախ-Հայաստան ռազմավարական դաշինքին գծով Լարիսա Ալավերդեան նշած է, որ անոր ոչ մէկ դիմադրութիւն կը յաջորդէ, քանի որ անիկա բարոյական-իրաւական փաստաթուղթ կը ներկայացնէ: «Ատիկա փաստի արձանագրութիւն է, քանի որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները տարբեր մակարդակներով այցելութիւններ կը կատարեն Արցախ: Ասիկա կարելի չէ խորքային դիւանագիտական փաստաթուղթ նկատել, որովհետեւ բարոյական-իրաւական դաշտին կը վերաբերի», եզրափակած է ան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Արժանթին Այցելութեան

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստին Հայաստանի Ներկայացուցիչը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Նախագահին Յայտարարութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?