Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իրանեան Աղբիւրի Մը. Ռուհանի Այսօր Հաւանաբար Յայտարարէ Ամերիկեան Քայլերուն «Դէմ Իրանեան Քայլեր»-ը

May 8, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւլէական համաձայնութեան վերահսկող յանձնախումբին մօտիկ իրանցի պատասխանատու աղբիւր մը ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հաւանաբար այսօր յայտարարէ «Իրանեան փոխադարձ քայլեր»-ը` հակադարձելով 2015-ին Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին շուրջ կնքուած Իրան-Վեցեակ համաձայնութենէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալուն:

Ան մանրամասնեց, որ այդ քայլերը պիտի վերաբերին համաձայնութեան 26-րդ եւ 36-րդ կէտերուն` աւելցնելով, որ Իրանի հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալու հարցը «ներկայիս սեղանի վրայ չէ»:

Աղբիւրը աւելցուց, որ տեղի ունենալիքը 2015-ին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Իրանի ստանձնած պարտաւորութիւններու «ամբողջական ու մասնակի նուազեցում» մըն է:

Իրանեան աղբիւրը ըսաւ, որ ատոնք «Ամերիկայի հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալուն եւ եւրոպացիներուն իրենց յանձնառութիւնները չյարգելուն» ի պատասխան իրանեան առաջին քայլերը պիտի ըլլան` աւելցնելով. «Այս որոշումը Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներուն փոխանցուեցաւ ոչ պաշտօնական ձեւով»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ գոյութիւն ունին իրանեան շարժումներ, «որոնք Ուաշինկթընին մտածել կու տան, թէ մագլցողական քայլ մը ընթացքի մէջ է»:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկրի օդանաւակիր մը մարտանաւերու ուղեկցութեամբ Միջին Արեւելք ուղարկուած է` «իբրեւ իր ուժերն ու բարեկամ ուժերը Իրանէն պաշտպանելու նախազգուշական քայլ»:

«Միացեալ Նահանգներու կամ անոնց դաշնակիցներու շահերուն դէմ որեւէ յարձակում ուժգին պատասխան պիտի ստանայ», ըսաւ Պոլթըն` աւելցնելով. «Այս որոշումը տրուեցաւ ի պատասխան ցուցանիշներու եւ հետզհետէ աճող ու մտահոգիչ զգուշացումներու»:

«Միացեալ Նահանգներ իրանեան վարչակարգին հետ պատերազմի չեն ձգտիր, սակայն կատարելապէս պատրաստ ենք հակադարձելու որեւէ յարձակումի, ըլլայ այդ փոխարինաբար, Յեղափոխական պահակագունդի կամ իրանեան կանոնաւոր ուժերու կողմէ»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն «Թեհրանը պատասխանատու պիտի նկատէ ամերիկեան ուժերուն կամ շահերուն դէմ որեւէ յարձակումի համար»` նշելով, որ օդանաւակիրներու եւ հրթիռներ կրող մարտանաւերու տարածումը «սպառազինութեան վերադասաւորում է` հակադարձելով Թեհրանէն եկող լուրջ սպառնալիքի ցուցանիշներուն»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Որոշեց Պոլսոյ Քաղաքապետական Ընտրութեան Արդիւնքը Ջնջել

Յաջորդը

Թուրքիան Նոր Ուժեր Կը Կուտակէ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.