Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Շիի Նախարարներու Նիստէն Դուրս Գալուն. Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ամերիկեան Փաստաթուղթի Նպատակներուն

Օգոստոս 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը:

«Էն.Պի.Էն.» հաղորդեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը քննարկէ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթին ընդհանուր նպատակները:

Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարները կտրուկ կերպով մերժելով քննարկել Պարրաքի փաստաթուղթը հեռացան նիստէն: Շատ չանցած շիի հինգերորդ նախարար Ֆատի Մաքքին եւս հեռացաւ նիստէն:

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար յայտարարեց. «Կառավարութենէն հեռացանք, երբ Թամ Պարրաքի փաստաթուղթի քննարկումը մինչեւ 31 օգոստոս` բանակին կողմէ իր ծրագիրին ներկայացումը յետաձգելը մերժուեցաւ»:

Վարչական բարեկարգման նախարար Ֆատի Մաքքի նշեց, որ իր տեսակէտը արտայայտած է զէնքի թղթածրարին շուրջ, «եւ այն, ինչ որ մեր շուրջ տեղի կ՛ունենայ, շատ վտանգաւոր է, եւ շատ աւելի մեծ, որ այդ առնչութեամբ որոշում տանք: Կառավարութեան նիստէն հեռացայ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի փաստաթուղթին մէջ մեծ բան մը գոյութիւն ունենալուն համար, եւ այդ մեծ հարցը շատ մեծ ըլլալով կարելի չէ անոր վրայ աշխատիլ»:

«Միայն այս նիստէն հեռացայ եւ կառավարութեան մասնակցութիւնս չառկախեցի», նշեց Մաքքի:

«Կառավարութեան յաջորդ նիստերուն ներկայ պիտի գտնուիմ, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլայի եւ Ամալի նախարարները զանոնք պոյքոթի ենթարկեն: Պոյքոթի եւ խոչընդոտման միջոց երբեք պիտի չըլլամ, սակայն դուրս եկայ, որպէսզի պաշտօնակիցներուս (5 օգոստոսին որդեգրուած որոշումը) վերատեսութեան ենթարկելու առիթ տամ»:

Հըզպալլային մօտիկ աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեցին. «Կառավարութեան նիստէն հեռացումը առաջին քայլ է, եւ բոլոր կարելիութիւնները բաց են, եթէ կառավարութիւնը Պարրաքի փաստաթուղթը առանց մեր մասնակցութեան վաւերացնէ»:

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար նախարարաց խորհուրդի նիստի աւարտէն ետք յայտարարեց. «Ամերիկեան փաստաթուղթի նպատակները նիստին ներկայ նախարարներուն կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուեցան»:

Կառավարութեան բանբեր, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց. «Նախարարաց խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ նշուած սկզբունքներուն եւ բոլոր հողերուն վրայ զինեալ ներկայութեան, ներառեալ Հըզպալլայի զինեալ ներկայութեան վերջ տալուն, եւ սահմանային շրջաններուն վրայ լիբանանեան բանակի տեղակայման»:

«Բանակի հրամանատարութեան ամսուան վերջաւորութեան ներկայացնելիք գործնական ծրագիրի լոյսին տակ յարմար որոշումներ պիտի որդեգրուին», աւելցուց ան:

Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն փոխանցած է, որ լիբանանեան տնտեսութեան փրկութեան համար միջազգային ու արաբական ջանքերու մեկնարկման վերաբերեալ միջազգային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է:

Պատասխանելով հարցումի մը` Մըրքոս ըսաւ. «Նախարարաց խորհուրդը համաձայնեցաւ ամերիկեան կողմին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի ամրապնդման վերաբերեալ ներկայացուցած փաստաթուղթի նպատակներուն»:

«Տարբեր տարազներով փորձեցինք նախարարները համոզել, որ նիստին շարունակեն մասնակցիլ, սակայն անոնք որոշեցին նիստէն դուրս գալ, սակայն ոչ` կառավարութենէն», նշեց նախարարը:

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ,  մեկնաբանելով նախարարաց խորհուրդի որոշումը, յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք իրագործեց Լիբանան-Իսրայէլ ճակատումը լիբանանեան կառավարութեան մէջ քաղաքական դիմակայման վերածելու իր նպատակը, եւ Իսրայէլը միջազգային հասարակական կարծիքին առջեւ դուրս բերաւ այն ամբաստանութենէն, թէ համաձայնութիւն չի գործադրեր, լիբանանեան բանակին Լիթանի գետին հարաւը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածուիլը կ՛արգիլէ, ինչպէս միջազգային որոշումը կը նշէ»:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհումը, Հակառակ Դժուարութիւններուն Ու Խոչընդոտներուն, Պիտի Իրականանայ»

Յաջորդը

Հայաստան Ազգային Արժէքներու Եւ Ինքնիշխանութեան Փլուզման Շեմին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?