Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումին հաւանական վայրերէն մէկը կը նկատուին:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ պատրաստ է Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումներ ունենալու:
«Ռուսական եւ ամերիկեան երկու կողմերն ալ հետաքրքրուած են վեհաժողովի մը գումարումով», նշեց ան:
«Ռուսիան ունի բազմաթիւ բարեկամներ, որոնք պատրաստ են Թրամփի հետ հանդիպումը համակարգելու», աւելցուց Ռուսիոյ նախագահը:
Ինչ կը վերաբերի Զելենսքիի հետ իր հանդիպումի հաւանականութեան, Փութին ըսաւ, որ ինք դէմ չէ Զելենսքիի հետ ժողովի գումարման, սակայն շեշտեց. «Անհրաժեշտ է այդպիսի բանակցութիւններու յարմար պայմաններ ստեղծել»:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով «Ինթըրֆաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում ունենալու շուրջ»:
Անոր համաձայն, այժմ կողմերը ձեռնամուխ եղած են բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
«Համաձայնեցուած է նաեւ հանդիպումին վայրը, այդ մասին պիտի յայտարարուի որոշ ժամանակ ետք», աւելցուցած է Ուշաքով: Փութինի յառաջիկայ շաբաթ հանդիպումի կարելիութիւնը տակաւին ի զօրու է»: