Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տան Կողմէ Քաջալերուած Փաստաթուղթը Պիտի Օրինականացնէ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Գործողութիւնները

Օգոստոս 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Սպիտակ տան մէջ նախատեսուած՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայանալիք վեհաժողովի բոլոր մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ ձգտելու սկզբունքային եւ տեւական խաղաղութեան՝ հիմնուած արդարութեան, պատասխանատուութեան, բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ու
ինքնիշխանութեան պահպանման վրայ։

Մեկնաբանելով սպասուող հանդիպումը՝ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Հայերը կ՛ուզեն իրական խաղաղութիւն։ Արցախը «մաքրելը» խաղաղութիւն չէ։ Ցեղային զտման օրինականացումը խաղաղութիւն չէ։ Քրիստոնէական սրբավայրերը մոռացութեան մատնելը խաղաղութիւն չէ։ Պատանդները մոռնալը խաղաղութիւն չէ։ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման հետ հաշտուիլը խաղաղութիւն չէ։ Ուժի սպառնալիքով պարտադրուած խաղաղութիւնը խաղաղութիւն չէ»։

Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, Սպիտակ տան հովանիին ներքեւ, 7-8 օգոստոսին տեղի ունենալիք բանակցութիւններէն ետք հաւանական է, որ հրապարակուի յայտարարութիւն կամ փոխըմբռնման յուշագիր՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ առ այն, որ հաւանական յայտարարութիւնները կամ համաձայնութիւնները չեն անդրադառնար հիմնական առաջնահերթութիւններուն, մասնաւորապէս, արցախահայութեան՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքին, Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատութեան, հայկական քրիստոնէական սրբավայրերու միջազգային պաշտպանութեան եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու դուրս բերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Ըստ Արամ Համբարեանի, «որեւէ համաձայնութիւն, որ բնական կը նկատէ եւ ապա կ՛օրինականացնէ 150․000 արցախահայերու բռնի տեղահանումը, յառաջընթաց չէ։ Ատիկա հեռացում է խաղաղութենէն, քայլ՝ ազրպէյճանական նոր նախայարձակումի ուղղութեամբ։ Իրական խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է կառուցել վերադարձի իրաւունքի իրականացումով, պատանդներու ազատութեամբ, քրիստոնէական սրբավայրերու պաշտպանութեամբ, Հայաստանէն օտար զօրքերու դուրս բերումով եւ պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան սկզբունքով։ Եթէ Ուաշինկթըն կը ցանկայ Հարաւային Կովկասի մէջ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ, ապա պէտք է ապահովէ, որ խաղաղութեան այս գործընթացը ըլլայ իրական՝ հիմնուած պատասխանատուութեան վրայ, այլ ոչ թէ Հայաստանին պարտադրուած սպառնալիքներու վրայ։ Ամերիկահայերը վճռականօրէն դէմ են որեւէ համաձայնութեան, որ արդարութիւնը կը փոխարինէ յարմարուողականութեամբ կամ վտանգի տակ կը դնէ
հայերու կեանքը»։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կրկին կը վերահաստատէ իր խիստ ընդդիմութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ յառաջ քաշուող այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գաղափարին՝ զայն նկատելով ուղղակի սպառնալիք Հայաստանի ինքնիշխանութեան։ Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի յանձնախումբերուն ուղարկուած Յանձնախումբի գրութեան մէջ նշուած է՝ նման միջանցքը պիտի խաթարէ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը։

Նախորդը

Փութին. «Զելենսքիի Հետ Ժողովի Դէմ Չեմ, Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թրամփի Հետ Հանդիպումին Հաւանական Վայրերէն Են»

Յաջորդը

Ըստ Ռաուֆօղլուի. Փաշինեանն Ու Ալիեւը Միացեալ Հռչակագիր Եւ Մինսքի Խմբակէն Դուրս Գալու Վերաբերեալ Միացեալ Նամակ Պիտի Ստորագրեն

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?