Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ Ու Ազրպէյճան Ստորագրեցին Միացեալ Հռչակագիր` «Թրամփի Ուղի»-ին Վերաբերեալ

Օգոստոս 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի երթուղի»-ին վերաբերեալ (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պիտի ճանչցուի TRIPP յապաւումով:

Ուաշինկթընէն «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ, որ Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան այս հռչակագիրը ստորագրեցին 8 օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպումէն ետք:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հռչակագիրը ստորագրեց իբրեւ վկայ, իսկ Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը` ստորագրելով փաստաթուղթը, պիտի հաստատեն իրենց ուղին դէպի խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ կայունութիւն:

Եռակողմանի հանդիպումէն առաջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը: Այս մասին Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան ըսաւ, թէ նպատակ ունենալով խորացնել ռազմավարական համագործակցութիւնը երեք առանցքային ոլորտներու մէջ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները ստորագրեցին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի կարողութիւններու զարգացման ոլորտին մէջ գործընկերութեան, արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ նորարարական գործընկերութեան եւ ուժանիւթի ապահովութեան ոլորտին մէջ գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրները:

Անկէ ետք հանդիպում կայացաւ Թրամփի եւ Ալիեւի միջեւ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ բազում անգամներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները փորձած են հասնիլ համաձայնութեան, սակայն ցարդ չեն յաջողած: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին, իր յատուկ յանձնակատար Սթիւ Ուիթքոֆին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց արտաքին գործոց նախարարութեան կազմը: «Աւելի քան 35 տարի է Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը պատերազմին ցաւալի հակամարտութեան շրջագիծի մէջ, որ մեծ տառապանքներ պատճառած է երկու ժողովուրդներուն: Այս հարցին լուծում փորձած են գտնել շատեր, որոնց կարգին` Եւրոպական Միութիւնը, Ռուսիան, որ շատ աշխատած է այս ուղղութեամբ, սակայն չէ յաջողած», նշեց նախագահը` աւելցնելով, որ այս արձանագրութեամբ վերջապէս կարելի եղած է հասնիլ խաղաղութեան հաստատման:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը հանդէս եկան միացեալ մամլոյ ասուլիսով, որուն սկիզբը Թրամփ ըսաւ. «35 տարի իրենք կռուած են ու հիմա ընկերներ են եւ ընկերներ պիտի ըլլան երկար ժամանակ: Մեծագոյն պատիւ է բոլորը ողջունել Սպիտակ տան մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այս պատմական վեհաժողովին: Կ՛ուզեմ ողջունել երկու հրաշալի առաջնորդները Ուաշինկթըն գալու համար, որպէսզի ստորագրեն այս պատմական արժէք ունեցող հռչակագիրը»:

Ան աւելցուց, որ ստորագրուելիքը շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող փաստաթուղթ է:

Թրամփ յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պարտաւոր կը դառնան ընդմիշտ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները:

«Հայաստան ու Ազրպէյճան յանձն կ՛առնեն յաւերժ դադրեցնել որեւէ տեսակի կռիւ, բանալ առեւտրական, ճանապարհորդական, դիւանագիտական յարաբերութիւնները, յարգել միմեանց ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր է:

«Իրենք շատ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենան: Այդքան յաճախ չեն հանդիպած իրարու, բայց կը կարծեմ` պիտի հանդիպին: Կասկած չկայ, այլապէս` ինծի հեռաձայնեցէք, ես կ՛ուղղեմ ամէն ինչ», ըսաւ Թրամփ:

Միաժամանակ ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը վերացնեն Ազրպէյճանի հետ ռազմական համագործակցութեան սահմանափակումները:

Խօսելով ճամբուն մասին` նախագահ Թրամփ ըսաւ. «Ասիկա պիտի ըլլայ յատուկ տարանցիկ տարածք, որ թոյլ պիտի տայ Ազրպէյճանին լիակատար հասանելիութիւն ունենալ Նախիջեւանի իր տարածքին` լիովին յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը»: Ըստ անոր, ամերիկեան ընկերութիւնները լայնածաւալ ենթակառուցուածքային զարգացման կը ծրագրեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:

«Անոնք պիտի կարենան իսկապէս ապրիլ ու աշխատիլ միասին, ինչ որ հիանալի է», ըսաւ Թրամփ: Ան աւելցուց, որ Հայաստան նաեւ կը հաստատէ բացառիկ համագործակցութիւն Միացեալ Նահանգներու հետ` զարգացնելու այդ ուղին, որ կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 99 տարի: «Եւ անոնք կը խոստանան, որ 99 տարի ետք պիտի երկարաձգեն ժամկէտը, այնպէս չէ՞», հարց տուաւ ան` դիմելով հայկական պատուիրակութեան: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, թէ կ՛ակնկալուի, որ ամերիկեան կազմակերպութիւնը մեծածաւալ ենթակառուցուածքներ պիտի զարգացնէ հոն, եւ մեծ գումար պիտի ծախսուի: «Ասկէ տնտեսապէս պիտի շահին մեր երեք երկիրներն ալ: Ասիկա չափազանց դրական լուր է ամբողջ տարածաշրջանին համար», շեշտեց Թրամփ` տեղեկացնելով, որ իրենք երկկողմանի համաձայնագիրներ կը ստորագրեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` ընդլայնելու համագործակցութիւնը ուժանիւթի, առեւտուրի եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսաւ, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդը պիտի յիշէ այդ օրը` նախագահ Թրամփի կողմէ «մեր երկրին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար»:

«Այսօր մենք կը հաստատենք խաղաղութիւն, որ նոր կարելիութիւններ պիտի բանայ տարածաշրջանին մէջ, եւ որ պիտի վերացնէ խոչընդոտները եւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ բազմաթիւ երկիրներու համար», ըսաւ Ալիեւ` նշելով. «Նախագահ Թրամփ խաղաղութիւն կը բերէ Կովկասի մէջ, եւ մենք շնորհակալ ենք ատոր համար: Մենք պիտի դարձնենք արիւնահեղութեան էջը, եւ պայծառ ապագայ պիտի ապահովենք մեր երեխաներուն համար»:

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան իր կարգին ըսաւ. «Այս բեկումնային յառաջընթացը հնարաւոր չէր լինի առանց նախագահ Թրամփի անձնական ներգրաւուածութեան ու խաղաղութեան նկատմամբ նրա վճռական յանձնառութեան: Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը ճանապարհ կը հարթի մեր երկրների միջեւ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեանը վերջ դնելու համար եւ կը բացի նոր դարաշրջան»:

Ըստ անոր, համաձայնագիրներու ստորագրութեան ներկայ ըլլալով, նախագահ Թրամփ վստահութիւն կը հաղորդէ, որ` «մենք Հարաւային Կովկասում բացում ենք խաղաղութեան, բարգաւաճման, տնտեսական համագործակցութեան էջը»:

Փաշինեանը յատկապէս ընդգծեց, որ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման համաձայնագիրը հիմնուած է ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու իրաւազօրութեան սկզբունքներուն վրայ:

«Սա լրջագոյն գործարք է մեր երկրների, տարածաշրջանի ու աշխարհի համար, քանի որ աւելի խաղաղ տարածաշրջանը նշանակում է աւելի խաղաղ աշխարհ», աւելցուց ան:

Փաշինեան անտեսելով լրագրողի մը` տեղահանուած արցախցիներուն Արցախ վերադարձի կարելիութեան վերաբերող հարցում մը` նիւթը շեղելով յայտարարեց. «Նախագահ Թրամփը արժանի է Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի, մենք պաշտպանելու ենք եւ այդ ուղղութեամբ ջանք ենք գործադրելու»:

Ալիեւ` միանալով այդ առաջարկին ըսաւ. «Ո՞վ, եթէ ոչ Թրամփը արժանի է Խաղաղութեան մրցանակին»:

Ան շեշտեց, որ նախագահ Թրամփ «հրաշք գործած է, միայն վեց ամսուան ընթացքին խաղաղութիւն բերած է տասնամեակներով պատերազմի մէջ գտնուող տարածաշրջանին մէջ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ իրաւական հետեւանքներ պիտի ըլլա՞ն, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկը հրաժարի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն` Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ. «Չեմ կարծեր, թէ նման բան տեղի պիտի ունենայ: Ես ըսած եմ` մեծ խնդիրները լուծուած են, եւ եթէ փոքր խնդիր ունենան, կրնան հեռաձայնել ինծի, ես կը լուծեմ: Եթէ խնդիր ըլլայ, մենք պիտի լուծենք»:

Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց. «Մենք նախաստորագրած ենք Խաղաղութեան պայմանագիրը, որ երկար ժամանակէ բանակցութեան մէջ է, եւ փաստը, որ անիկա կը նախաստորագրուի, թիւ մէկ գերտէրութեան մայրաքաղաքին մէջ, աշխարհի թիւ մէկ գրասենեակին մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու մեծն նախագահին ներկայութեան, կը նշանակէ, թէ կասկած իսկ պէտք չէ ըլլայ, որ կողմերէն ոեւէ մէկը ետքայլ պիտի կատարէ: Եթէ մեզմէ ոեւէ մէկը մեր մտքերուն մէջ ունենայինք նման բան, չէինք գար հոս»:

Թրամփ նաեւ ըսաւ, թէ ինք չէ խնդրած, որ Հայաստանով անցնող երթուղին անուանակոչուի ի պատիւ իրեն, միաժամանակ աւելցնելով` «մեծ պատիւ է իրեն համար»:

«Էսոշիէյթըտ փրես»-ը` վկայակոչելով Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, նշած է, որ իրականութեան մէջ հայերը առաջարկած են այդ անունը:

Նախորդը

Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Միջեւ Ստորագրուած Հռչակագիրին Բնագիրը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?