Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է 2020-2022 Թուականներուն Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւններուն Համապատասխան` Նպաստել Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման, Փոխադրամիջոցային Ապաշրջափակման»

August 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քրեմլին կը յայտնէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է Երեւանի նախաձեռնութեամբ:

«Փաշինեան մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն կարեւորութիւնը եւ յայտնած Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու այս հոլովոյթին:

«Վլատիմիր Փութին նշած է կարեւորութիւնը այն քայլերուն, որոնք կը նպաստեն Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան ապահովման: Հաստատուած է ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը` 2020-2022 թուականներու բարձրագոյն մակարդակով յայտնի եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան` նպաստելու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, ներառեալ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

Փութին Փաշինեանին պատմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆի հետ զրոյցի արդիւնքներուն եւ Ալասքայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

«Վլատիմիր Փութին, իր կարգին, խօսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվըն Ուիթքոֆի հետ զրոյցի հիմնական արդիւնքներու եւ Ալասքայի մէջ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպման նախապատրաստման մասին», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Փաշինեան ողջունած է ուքրանական ճգնաժամի խաղաղ լուծման ուղղուած քայլերը: Ղեկավարները քննարկած են առեւտրական եւ ներդրումային համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը:

«Անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի օրակարգի որոշ արդիական հարցերու` շեշտը դնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ առեւտրական եւ ներդրումային համագործակցութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման վրայ» կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Էրտողան-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Նախաստորագրուած Համաձայնագիրի Բնագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.