Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ռաուֆօղլուի. Փաշինեանն Ու Ալիեւը Միացեալ Հռչակագիր Եւ Մինսքի Խմբակէն Դուրս Գալու Վերաբերեալ Միացեալ Նամակ Պիտի Ստորագրեն

Օգոստոս 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք վեհաժողովին խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիր պիտի չստորագրուի, սակայն պիտի ձեռնարկուին առանցքային քայլեր տեւական խաղաղութեան համար: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Տումայի մէջ «Թուրան» լրատու գործակալութեան հաւատարմագրուած լրագրող Ալեքս Ռաուֆօղլու` վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Անոր համաձայն, Փաշինեանն ու Ալիեւը պիտի ստորագրեն միացեալ հռչակագիր մը, որ պիտի ձեւակերպուի իբրեւ «խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման յստակ ուղի»:

Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի նախաստորագրեն ամիսներ շարունակ բանակցուող երկկողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը:

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի ստորագրեն միացեալ նամակ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն դուրս գալու վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգները առանձին փոխըմբռնման յուշագիրներ պիտի ստորագրեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` «վերագործարկելով» եւ «մեկնարկելով» համապատասխան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բանալով նախապէս անկարելի թուացած կարելիութիւնները:

Ռաուֆօղու նաեւ նշած է, որ այլեւս միջանցք չկայ. Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ վեհաժողովին ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ «Թրամփի երթուղի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» կամ ԹՐԻՓՓ անունով տարանցիկ եւ զարգացման նոր ծրագիրը:

ԹՐԻՓՓ-ը պիտի ստեղծէ տարանցիկ երթուղի Հայաստանի հարաւով` ապահովելով Ազրպէյճանի անարգել մուտքը դէպի Նախիջեւան: ԹՐԻՓՓ-ը ռազմական կամ պաշտպանական նախաձեռնութիւն չէ: Միացեալ Նահանգները զօրքեր պիտի չտեղակայեն երթուղիին վրայ: Ատոր փոխարէն, Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը պիտի ըլլայ զուտ առեւտրական. Միացեալ Նահանգներ պիտի ստանձնեն պատասխանատուութիւն` Ապահովելու երթուղիի «անվտանգ գործունէութիւնը բոլոր կողմերուն համար»` «բարձրակարգ գործարկուներու» հետ համաձայնագիրներու միջոցով:

Նախորդը

Սպիտակ Տան Կողմէ Քաջալերուած Փաստաթուղթը Պիտի Օրինականացնէ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?