Ըստ Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին. Սուրիոյ Կրօնական Խճանկարը Ոչնչացման Եզրին Է
Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը Սուրիոյ տարածքին մէջ ողբերգական այլ դէպք մըն է: Այդ մասին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քեթրին Լիչ: Բրիտանացի դիւանագէտին խօսքով` ինք մտահոգ է, որ այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ կրօնական խճանկարը ոչնչացման եզրին է: «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական համայնքները վտանգուած են: Ներկայիս միջազգային հանրութիւնը կը փորձէ ընդունելի ռազմավարութիւն...


















