Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:
Սահակեան բարձր գնահատեց պարոնուհիին աջակցութիւնը Արցախին` զայն նկատելով անշահախնդիր մարդասիրութեան եւ անկեղծ ընկերութեան օրինակելի դրսեւորում:
Տեսակցութեան մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշքեան եւ այլ պաշտօնատարներ:


