Եւրոպական Խորհրդարանը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ երէկ հաստատելով իր նախորդ բանաձեւերը` որդեգրեց բանաձեւ մը, դատապարտելով Ազրպէյճանը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանողները հալածանքի ենթարկելուն դէմ եւ կոչ ուղղեց թիրախային պատժամիջոցներու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին դէմ, ինչպէս նաեւ մուտքի արտօնագիր ստանալու արգիլման` ճնշումներուն անմիջական պատասխանատու որոշ անձերու նկատմամբ:
Ազրպէյճան խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններուն կողմէ, որոնք դիտել տուին Ազրպէյճանի անհեթեթ իրականութիւնը` մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան արժէքները պահպանող Եւրոպայի խորհուրդի նախարարաց խորհուրդի հերթագայող նախագահութիւնը վարելուն, մինչ «վերջին տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու մթնոլորտը վատթարացած է, կառավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներու լուրջ սաստկացումով, ճնշումներ եւ վախ` ուղղուած հասարակական կազմակերպութիւններուն դէմ, քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու, լրագրողներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն դէմ»:
Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարի-Քրիստին Վերժիա (Եւրոպայի միացած ձախի- Նորտիք Կանաչներ համադաշնակցային խումբ, Ֆրանսա) ըսաւ, որ Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգի անպատժելիութիւնը պէտք է դադրի, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է քարիւղի եւ կազի վրայ չկեդրոնանայ միայն, եւ թէ Ազրպէյճանի հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը պէտք չէ յառաջ մղուի: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ալեքսանտր Կրաֆ Լամպստորֆ (Եւրոպայի համար ազատականներու եւ ժողովրդականներու դաշինքի խումբ, Գերմանիա) շեշտեց Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան սարսափելի իրավիճակը` բռնատիրական վարչակարգին կողմէ շինծու եւ քաղաքական նպատակներ ունեցող շարունակական եւ դաժան հետապնդումներէն ետք: Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու խօսքերուն ընթացքին նշուեցաւ, թէ քանի մը ամիս առաջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպայի խորհուրդի բեմէն զինք քննադատողները անուանեց ստախօս եւ ժխտեց ամէն տեսակի քննադատութիւն, մինչ այդ իրականութեան մէջ Ազրպէյճանի իրավիճակը հետզհետէ վատթարացած է:
Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը «կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կառավարութեան այդ գործողութիւնները, որոնց նպատակն է զսպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու եւ երիտասարդ գործիչներու եւ մտաւորականներու կապերը, որոնք հսկայական կարեւորութիւն ունին երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ թշնամութիւնը կամրջելու մէջ. այս առումով կը յիշեցնէ Լէյլա Եունուսի եւ իր ամուսնոյն` Արիֆի տարած կարեւոր աշխատանքը»:
Բանաձեւը կը շեշտէ, թէ իր հաւանութիւնը Ազրպէյճանի հետ գործընկերային համաձայնագիրին ստորագրման առնչութեամբ պիտի ըլլայ պայմանական, մինչեւ վերեւ նշուած պահանջներու գոհացուցիչ արտացոլումը, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու ազատ արձակումը, անկախ քաղաքացիական հասարակութեան գործողութիւնը սահմանափակող օրէնսդրութեան յետս կոչումը եւ հասարակական, անկախ զանգուածային լրատու միջոցներու, ընդդիմութեան ուժերու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւ երիտասարդ ու ընկերային ցանցերու գործիչներու դէմ ուղղուած հալածանքի եւ վախի դադրեցումը: Եւրոպական խորհրդարանի անդամները նշեցին, որ Ազրպէյճան պէտք է հաշուետու ըլլայ իր երկրին մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն վերաբերեալ եւ մարդկային իրաւունքները պէտք է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան անբաժանելի մասը ըլլան:
Բանաձեւը կ’ողբայ ոչ մէկ էական յառաջդիմութիւն արձանագրած Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան մարդկային իրաւունքներու երկխօսութեան վրայ: Երկրի մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը նկատի առնելով կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութեան, որ աշխուժացնէ այս երկխօսութիւնը` նպատակ ունենալով ատիկա դարձնել արդիւնաւէտ, պարբերաբար զեկուցումներ ներկայացնէ խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին եւ անդամ պետութիւններուն, որ պահանջեն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն կոչ ուղղել Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ճնշումները դադրեցնելու, եւ իրենց հասկցնել, թէ կ’ակնկալէ, որ իբրեւ յաջորդ տարի տեղի ունենալիք Եւրոպական ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիր պաշտպանէ Ողիմպիական կանոնագիրի` զանգուածային լրատու միջոցներու ազատութեան պայմանը:
Ամէնէն կարեւորը` Եւրոպական խորհրդարանը կը յիշեցնէ իր 24 մայիս 2012-ի դիրքորոշումը եւ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, որ քննարկէ թիրախային պատժամիջոցներ որդեգրելու կարելիութիւնը մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատասխանատուներուն համար, եթէ անոնք շարունակուին իրականութիւն դառնալ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, որ վերջապէս Եւրոպական Միութիւնը կը խօսի Պաքուի ճնշողական վարչակարգին դէմ եւ թէ յանձնակատար Նեւեն Միմիցայի միջամտութիւնը ճիշդ ուղղութեան վրայ է: «Կ’ողջունենք Եւրոպական խորհրդարանի սոյն բանաձեւը: Բանաձեւ մը, որ կը պաշտպանէ Եւրոպական Միութեան իսկական արժէքները, բանաձեւ, որ կը շեշտէ Պաքուի վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներու անհրաժեշտութիւնը: Մարդկային իրաւունքները նկատի պիտի առնուին արտաքին քաղաքականութեան բոլոր մարզերուն մէջ, իսկ ուժանիւթի հոսքը պիտի չկուրցնէ Եւրոպական Միութիւնը մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու խախտման պարագաներուն», ըսաւ Կարապետեան եւ եզրակացուց. «Ազրպէյճանի իսկական ժողովրդավարութիւնը միակ բանալին է Արցախի երկարատեւ հիմնահարցի լուծման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան ուղղութեամբ»:


