Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղի Միջազգային Ճանաչումը Առաջնահերթութիւն Է Հայ Դատի Յանձնախումբին Համար» Կ՛ըսէ Քեն Խաչիկեան

September 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor092293437Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան տնօրէն Հրայր Թամրազեանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործը այլեւս առաջնահերթութիւն է իրենց կառոյցին համար:

«Ասիկա ձեր կազմակերպութեան նոր օրակա՞րգն է, որքանո՞վ դուք կարեւոր կը նկատէք ասիկա: Միացեալ Նահանգներ կրնա՞ն օր մը ճանչնալ Ղարաբաղի անկախութիւնը»,  այս հարցումին Քեն Խաչիկեան պատասխանեց, որ յանձնախումբը շատ կարեւոր կը նկատէ ատիկա եւ յոյս ունի` տրուած ըլլալով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են 43 նահանգներ: Խաչիկեան աւելցուց, որ շարք մը նահանգներ ճանչցած են Ղարաբաղի անկախութիւնը, անոնց շարքին են Մասաչուսեցը, Ռոտ Այլընտը, եւ քանի մը շաբաթ առաջ ալ` Քալիֆորնիան: «Մենք կը շարունակենք աշխատանք տանիլ նահանգային մակարդակի վրայ` Հայ դատի տեղական կազմակերպութիւններուն միջոցով, որոնք աշխուժօրէն կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ: Այնպէս որ, այո, ասիկա մեզի համար առաջնահերթ խնդիր է, եւ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Ես ձեզի նաեւ նորութիւն մը ըսեմ` պէտք է արժանին մատուցել Պրիւքսէլի մեր գործընկերներուն, Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է` քննադատելով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի նախայարձակումը: Ատիկա նախաձեռնած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը»:

Գնահատելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի առջեւ դրուած արտաքին սպառնալիքները, նախորդ օգոստոսին արձանագրուած զինեալ բախումները, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի դաշնակիցներէն մէկը այս ընթացքին մեծապէս աջակցած է Ազրպէյճանին, Խաչիկեան նշեց. «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը` ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, մեր օրակարգի առաջնային կէտերէն է: Եւ ես կը կարծեմ, որ ասիկա նիւթ մըն է, որուն շուրջ մենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ միասին աշխատանք կը տանինք: Արեւմտեան պետութիւններու ձախողութիւնը` Ազրպէյճանի նախայարձակումը սանձելու գծով, պարզապէս աններելի է, եւ շատ հիասթափեցնող: Անոնք սկսած են հասնիլ այն գիտակցութեան, որ անոր պէտք է վերջ դնել, բայց անոնց այս հաւասարակշիռ յայտարարութիւնները` թէ կողմերը պէտք է զերծ մնան նախայարձակումէն, անհեթեթութիւն է: Ազրպէյճան կանոնաւոր կերպով, շաբաթական հարիւրաւոր անգամներ կը խախտէ զինադադարը, եւ զայն պէտք է պատասխանատուութեան կանչել անոր համար: Անցած 60 տարիներուն ընթացքին տառացիօրէն 100 նոր երկիր միացած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան: ՄԱԿ-ի անդամներուն թիւը 100-էն հասած է շուրջ 200-ի»:

Խաչիկեան հարցուց, թէ ուրկէ՞ յայտնուած են այդ 100 նոր երկիրները` անոնք բոլորն ալ յառաջացած են ինքնորոշման իրաւունքի իրացման շնորհիւ, որովհետեւ մարդիկ ցանկացած են իրենք զիրենք կառավարել:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պարզապէս կ՛արտայայտեն իրենց կամքը ճիշդ այնպէս, ինչպէս շուրջ 100 այլ երկիրներու ժողովուրդները ըրած են: Եւ ատիկա պիտի շարունակուի, մենք պիտի շարունակենք տեսնել նման օրինակներ ամբողջ աշխարհին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի, Սկովտիոյ, Պասկերու երկրին մէջ եւ այլուր: Խաչիկեան վստահ չէ, թէ այդ ժողովուրդները իւրաքանչիւր պարագային ի՞նչ որոշում պիտի տան, բայց անոնք անոր իրաւունքը ունին: Եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերն ալ, անշուշտ, ունին նոյն իրաւունքը եւ կարելի չէ այս առումով որեւէ այլ դիրքորոշում որդեգրել:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ թուրքերը կ՛օգնեն ազրպէյճանցիներուն, նոյնիսկ զէնք կը տրամադրեն, Քեն Խաչիկեան համաձայն գտնուեցաւ: Ըստ անոր, ծիծաղելի է, երբ փորձ կը կատարուի Թուրքիոյ ներկայացնել իբրեւ միջնորդ այս հոլովոյթին մէջ: Խաչիկեան ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակին մէջ ներգրաւուած են Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, որոնք բոլորն ալ հզօր պետութիւններ են, եւ կը ներկայացնեն կողմերուն շահերը եւ կը փորձեն միջնորդել, որպէսզի այս տագնապը լուծուի:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ. «Առեւանգուած Զինուորներուն Ընտանիքներուն Ոչ Մէկ Երաշխիք Կրնանք Տալ»

Յաջորդը

Հայկական Խաղաղապահ Ուժերու 32 Հոգիէ Կազմուած Ջոկատ Մը Լիբանան Պիտի Հասնի

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.