Պերլինի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարի Գերմանիոյ խորհրդարանը պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում եւ կը նախատեսուի, որ երեսփոխանները որդեգրեն նաեւ բանաձեւ մը: Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան, խորհրդարանի արտաքին կապերու յանձնախումբի անդամ Մանֆրետ Կրունտ ըսած է, որ կը քննարկուի ձեւաչափի հարցը:
«Պունտեսթակի ղեկավարին հետ խօսած եմ եւ հիմա կը քննարկենք, թէ ի՛նչ ձեւաչափ պէտք է ընտրել, որպէսզի յաջորդ տարի յիշատակենք այդ սարսափելի ոճրագործութեան 100-ամեակը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Պունտեսթակը պիտի որդեգրէ նաեւ բանաձեւ այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ նաեւ անոր մէջ պիտի կազմակերպուի քննարկում այդ ոճիրին հետ կապուած», ըսաւ Մանֆրետ Կրունտ:


