Երեւանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ երէկ սկսաւ Հայաստան-սփիւռք հինգերորդ համաժողովը, որուն ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարք, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Հովել Միքայէլեան, Հայաստանի կառավարութեան անդամներն ու սփիւռքի 690-է աւելի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հրանուշ Յակոբեան Գլխաւոր Համազգային
Առաջնահերթութիւնը Հայոց Պետութեան
Հզօրացումը Կը Նկատէ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ սփիւռքը համազգային 7 առաջնահերթութիւններ ունին այս տարի: Այս մասին Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համաժողովին ընթացքին իր խօսքին մէջ յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան նշեց, որ 2011 թուականին 5 առաջնահերթութիւններ կային, իսկ այսօր` 7:
Նախարարը ընդգծեց, որ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը հայոց պետութեան հզօրացումն է: «Չեմ կարծեր, որ աշխարհի մէջ կը գտնուի հայ մը, որ չի մտածեր Հայաստանի հզօրացման մասին: Այստեղ, այս բեմէն խօսուեցաւ արտագաղթի, աղքատութեան եւ Հայաստանի մէջ տնտեսական զարգացման հարցերուն մասին: Եթէ աշխարհի մէջ շուրջ 30 հազար հայկական կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը յաջողի ներդրումներ բերել Հայաստան, մենք կը պայքարինք թէ՛ արտագաղթի եւ թէ՛ աղքատութեան դէմ», շեշտեց Յակոբեան: Երկրորդ առաջնահերթութիւնը Արցախի անկախութեան եւ ապահովութեան հարցն է: Ըստ նախարարին, երեք տարի առաջ թերեւս ոչ մէկուն միտքէն կ՛անցնէր, որ Միացեալ Նահանգներու 5 նահանգներ, Աւստրալիոյ Ուէյլզ նահանգը կրնան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատին Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ եւ կը նպաստեն այդ հոլովոյթին: «Արցախի շուրջ մեր համախմբումը պէտք է շարունակուի: Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացումը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը», նշեց Յակոբեան: Երրորդ առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդումն է: Նախարարը նշեց, որ սփիւռքը ուժի աղբիւր է, եւ սփիւռքի առջեւ կանգնած են մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին միասնական ջանքերով: Չորրորդ առաջնահերթութիւնը համայն հայութեան մօտ հայոց լեզուի տարածումն է: Ան ընդգծեց, որ որեւէ հայ կրնայ ինքզինք լիարժէք հայ զգալ, երբ կը տիրապետէ մայրենի լեզուին: Նախարարը ներկաներուն կոչ ուղղեց աջակցելու հայոց լեզուի տարածման համայն հայութեան, յատկապէս դուրսը ապրող երիտասարդութեան մօտ, ընել այնպէս, որ անոնք տիրապետեն մայրենի լեզուին, որպէսզի ցանկութիւն ունենան Հայաստան գալ, տեսնել հայրենիքը: Հինգերորդ առաջնահերթութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրն է: Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ 100 տարիներու ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին այդքան չէ խօսուած, որքան վերջին 5 տարիներուն ընթացքին: «Ստեղծուած է պետական յանձնախումբ հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ: 50 երկիրներու մէջ մեր դեսպաններուն աջակցութեամբ կը գործեն տարածքային յանձնախումբեր: Հիմա մեզի կը մնայ երկու բան ըսել` պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք այն երկիրներուն, որոնք դռները բացած եւ ընդունած են մեր սոված հայրենակիցները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնենք անոնց, որոնք համարձակութիւն ունին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահանջել Թուրքիայէն վերականգնելու պատմական արդարութիւնը: Եւ ես կը ցանկամ, որ մենք 10 միլիոնի անունով խօսինք: Մենք պէտք չէ մտածենք, որ փոքր ազգ ենք: Տարածքը փոքր է, սակայն մենք հզօր ազգ ենք», շեշտեց Յակոբեան: Վեցերորդ առաջնահերթութիւնը եկեղեցին է, որուն շուրջ, ինչպէս ընդգծեց նախարար Հրանուշ Յակոբեան, համայն հայութիւնը պէտք է համախմբուի: Եօթներորդ առաջնահերթութիւնը արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու հարցն է: Յակոբեան նկատել տուաւ, որ ներկայիս այսպիսի վիճակի մէջ կը գտնուին սուրիահայերը, իրաքի հայերը, որոնց կը միանան նաեւ Ուքրանիոյ հայերը` աւելցնելով, որ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, թէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ սփիւռքը պէտք է ընեն ամէն ինչ, որպէսզի այդ ծանր իրավիճակին մէջ հայերը յաջողին իրենք զիրենք պաշտպանուած զգալ:
Յովիկ Աբրահամեան. «Հայաստան – Արցախ –
Սփիւռք Եռամիասնութեան Մէջ Է
Մեր Յաջողութեան Միակ Գրաւականը»
Ողջունելով ներկաները` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ շատ ուրախ է, որ հանդիպած է բազմաբովանդակ սփիւռքի հայկական կառոյցներու ղեկավարներուն եւ համայնքային պատուիրակներուն: «Ուրախ եմ նաեւ, որ պատեհ առիթ ստեղծուած է ձեզի հետ կրկին գնահատելու եւ արժեւորելու Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան գործակցութեան անցեալն ու ներկան, յստակացնելու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակելու մեր հայրենիքի եւ ազգի համար օրակարգային հարցերու շուրջ: Այս եռամիասնութեան մէջ է մեր յաջողութեան միակ գրաւականը: Հայոց նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ, որ միայն միասնական ջանքերու շնորհիւ մենք ի զօրու ենք յաղթահարելու համայն հայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները: Դիպուկ են Գարեգին Նժդեհի խօսքերը. «Մեր ժողովուրդը առանց հայրենասիրութեան այն է, ինչ մարմին մը` առանց հոգիի»: Ուրեմն, մենք պիտի հզօրանանք մեր համախմբուածութեամբ, մեր միասնականութեամբ, համազգային խնդիրներու լուծման միտուած մեր հաստատակամութեամբ», ըսաւ Աբրահամեան:
Հայաստանի վարչապետին խօսքով` Հայաստան ուժեղ է եւ անպարտելի իր երկու թեւերուն եւ միասնական սփիւռքին շնորհիւ: Յովիկ Աբրահամեան նշեց. «Հայաստանի մէջ մենք մեզ աւելի հզօր կը զգանք` թիկունքին ունենալով սփիւռքի ներուժը»: Վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ նոյն ձեւով սփիւռքը կ՛ընկալէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` անկախ եւ ազատ հայրենիքը: «Մենք չունինք եւ չենք կրնար ունենալ առանձին հատուածական շահեր: Մեր շահերը կապուած են իրարու, իսկ մեր գործողութիւնները պէտք է ըլլան համաձայնեցուած եւ իրար լրացնող: Ուրախալի է, որ անցած տարիներուն ընթացքին սփիւռքի նախարարութիւնը յաջողած է գործընկերային կապեր հաստատել սփիւռքի բոլոր կառոյցներու հետ», ըսաւ վարչապետը:
Բակօ Սահակեան Քալիֆորնիոյ Կողմէ Արցախի
Ճանաչումը Բարոյական Քայլ Կը Նկատէ
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման նախաշեմին շատ կարեւոր էր Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Այս մասին Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: «Ասիկա շատ կարեւոր քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական քայլ էր Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հզօր նահանգին կողմէ», յայտնեց նախագահը:
Բակօ Սահակեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կեանքի կոչել այս կարեւոր քայլը: «Մեր բոլոր յաջողութիւնները Հայաստան-Արցախ-սփիւռք անսասան միասնութեան արդիւնք են: Վստահ եմ, որ այսուհետեւ ալ միացեալ ուժերով պիտի լուծենք մեր ժողովուրդին առջեւ դրուած խնդիրները, որոնք պէտք է քննարկուին նաեւ այսպիսի համաժողովներու ընթացքին», ըսաւ Սահակեան:
Ան ընդգծեց, որ համաժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած նիւթերը հրատապ են եւ կարեւոր նշանակութիւն ունին գաղափարախօսական եւ մարտավարական տեսանկիւնէն: «Մենք մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք քաղաքական, տեղեկատուական, մշակութային, գիտական-արհեստագիտական եւ այլ մարզերուն մէջ միացեալ աշխատանքի իրականացման գործին մէջ: Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` կը մաղթեմ արդիւնաւէտ աշխատանք եւ մեծագոյն յաջողութիւններ` յանուն հայոց պետականութեան հզօրացման եւ մեր համազգային նպատակներու իրականացման», եզրափակեց Սահակեան:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայրենիքի Եւ
Սփիւռքի Միջեւ Կապերու Ամրապնդումը
Մեր Կեանքի Հրամայականն Է»
Համաժողովի աշխատակիցներուն օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` նշելով, որ նախորդ բոլոր համաժողովներն ալ արդիւնաւէտ եղած են հայրենիք-սփիւռք կապերու մերձեցման ուղղութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կարեւոր նկատեց հայ ընտանիքներու աճը: Ան նշեց, որ սուրիական պատերազմի առաջին իսկ օրերէն եկեղեցին եւ պետութիւնը բոլոր կարելի միջոցները գործադրեցին` միջազգային բեմերուն վրայ բարձրաձայնելու խնդիրը, որպէսզի տեղահանուած մարդիկ, մասնաւորապէս սուրիահայերը յաջողին վերադառնալ եւ ապրիլ իրենց տուները:
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մօտ Թուականին Թուրքիոյ Դէմ Դատ Պիտի Բանայ` Պահանջելով Սիսի
Կաթողիկոսարանը»
Հայաստան-սփիւռք հինգերորդ համաժողովի բացման նիստին, իր պատգամը ուղղելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է: Հետեւաբար, կոչուած ենք 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ու նոր հունաւորում կու տան Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն»: Անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով անցնող տասնամեակներուն տարուած մեծապէս գնահատելի աշխատանքին` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ` «ժամանակը հասած է, որ Հայ դատի աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին փոխադրենք իրաւական դաշտ»:
Ապա, վեհափառը համաժողովին առջեւ, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտ թուականին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ պիտի բանայ պահանջելով իր պատմական կեդրոնի` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ` հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին»: Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, անցնող երկու տարիներուն ընթացքին իր անմիջական հսկողութեամբ, այս գծով հետեւողական աշխատանք տարուած է միջազգային օրէնքի մասնագէտներու հետ: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց. «Այն պարագային, երբ մեր դատը մերժուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ, զայն անմիջապէս պիտի ներկայացնենք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին»:
Վեհափառ հայրապետը յիշեցնելէ ետք, որ յիշեալ դատը անխուսափելի կերպով դուռը պիտի բանայ մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան ու սեփական կալուածներու վերադարձի թղթածրարին, հաստատեց. «Եթէ դատը շահինք, պատիւը եւ յաղթանակը կ’երթայ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ: Իսկ եթէ դատը կորսնցնենք, դարձեալ յաղթած կ’ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին գործնապէս յիշեցուցած կ’ըլլանք, թէ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն, որքան ալ տարիներու թիւը մեզ հեռացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թուականէն»: Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ` «նիւթական կարեւոր ներդրում կ’ենթադրէ այս դատը: Բոլոր պարագաներուն, մենք կը վստահինք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ եկեղեցական որեւէ կեդրոն մեր ժողովուրդին սեփականութիւնն է»:
Հայկ Դեմոյեան. «Մեր Պայքարը Սրբազան Է
Եւ Ժամկէտներ Չի Ճանչնար»
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի Հայաստան ամբողջ աշխարհին պիտի ներկայացնէ ցեղասպանութեան հետեւանքները, պիտի փորձէ ապացուցել անոնց վերացման անհրաժեշտութիւնը: Դեմոյեան շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւններուն ընդմէջէն կարելի պէտք է ըլլայ լուծել Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան ապահովութեան հարցը: Ան ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է նաեւ, որ յաջորդ տարի բոլորը միասնաբար եւ մեծ պատասխանատուութեամբ մօտենան այն քայլերուն, որոնք պիտի առնուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վերաբերեալ:
Հայկ Դեմոյեան նշեց, որ յաջորդ տարին ամփոփիչ տարի չէ, անիկա հանգրուան պիտի ապահովէ, որպէսզի ապագայ սերունդի համար պայքարի նոր երաշխիքներ ըլլան եւ ուղղութիւններ նախանշուին, ըլլան գործիքներ վերջնական յաղթանակի հասնելու համար: Դեմոյեան յայտնեց, որ 100-ամեակին կապուած քայլերը նոր չեն սկսած: Ըստ անոր, այդ ուղղութեամբ մեծ ծաւալի աշխատանք կատարուած է համահայկական հզօր կառոյց մը ստեղծելու գծով` տեղական յանձնախումբերը, եւ պետական յանձնախումբերը եւ այս կառոյցը ժամանակաւոր պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է մտածուի անոր շարունակականութեան մասին:
2-րդ լիագումար նիստին ընթացքին համագումարի չորս հիմնական նիւթերու ուղղութիւններուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման մասին), Սուրիահայերուն հետ տարուող աշխատանքները համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան (Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն մասին) եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Հայկական մամուլի դերը համաշխարհայնացուող աշխարհին մէջ):
Յայտնենք, որ համաժողովին խօսք առին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը կու տանք առանձին:
Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ
Հայաստան – Սփիւռք Համաժողովի Մասնակիցներուն Հետ
19 սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք հինգերորդ համաժողովի մասնակիցներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ աշխարհի տարբեր պետութիւններէն համաժողովի ժամանած սփիւռքահայեր: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ողջունեց համաժողովի մասնակիցները եւ նախապէս շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով: Ազգային ժողովի նախագահին խօսքով` համայն հայութիւնը միաւորուած է մէկ գաղափարի շուրջ` դատապարտել հայութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը, հասնիլ ցեղասպանութեան ճանաչման մարդկութեան կողմէ, քանի որ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի խնդիրն է, այլեւ միջազգային հանրութեան: Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնեց, որ 2015 թուականին Երեւանի մէջ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցին ոչ միայն հայեր, այլեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օտարազգիներ: Միտքերու փոխանակութեան ընթացքին խորհրդարանականները եւ համաժողովի մասնակիցները զրուցեցին եւ բարեմաղթանքներ յղեցին իրարու:
Խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան:
Յայտնենք, որ համաժողովին մասնակիցները երէկ ներկայ գտնուեցան նաեւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կազմակերպած ընդունելութեան:
Այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ
Համաժողովի պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` գլուխ խոնարհելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Պատուիրակութեան անդամները նախ ծաղիկներ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, որմէ ետք հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութեան կարգ կատարեցին:
Այնուհետեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութիւններու պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատունկ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եւ Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին:


