Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Սփիւռք Համահայկական 5-րդ Համաժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները

September 22, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8169_b20 սեպտեմբերին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի վերջին լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը կրկին իր յարկին տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչներուն Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլորդ մայր հայրենիքին մէջ»:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հանրապետութեան նախագահը նշեց. «2015-ին ազգովին պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 2015 թուականը քաղաքական լուրջ նախաձեռնութիւններու եւ  ձեռքբերումներու տարի պէտք է դառնայ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան համար»:

Սուրիայէն ներգաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «անոնք Եղեռնը վերապրած մեր նախնիներուն բեկորներն են, որոնք, սփռուելով աշխարհով մէկ, կրցան պահպանել ազգային դիմագիծն ու հայկականութիւնը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւելցնելով ըսաւ. «Ցաւօք սրտի, շրջանային հակամարտութիւնները հետզհետէ կ՛աւելնան, եւ մեր գերնպատակը պէտք է ըլլայ  աշխարհի որեւէ ծայրը փորձութեան մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայու ցաւին ու տառապանքին արձագանգելը` անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէ, միասնական ուժերով անոնց օգնելն ու սատարելը»:

Աւարտելով խօսքը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն անընդհատ ամրացնելու կապը հայրենիքին հետ:

0920_hama1ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացը» նիւթով նիստին արդիւնքները` արձանագրելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հետեւանքներուն վերացումը այսուհետեւ պէտք է մնան մեր քաղաքական պայքարի օրակարգին վրայ եւ համազգային դատի վերջնական լուծման պիտի հասնինք հայութեան բոլոր հատուածներուն միասնական ջանքերով:

Բերիոյ թեմի մամլոյ քարտուղար, Սուրիոյ հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու ընդհանուր բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան ներկայացուց «Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները» նիւթով նիստի արդիւնքները` արձանագրելով, որ աշխարհի տարբեր անկիւնները գտնուող  հակամարտութիւնները կը վտանգեն նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակները եւ լուրջ մարտահրաւէր են Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց «Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի արդիւնքները` արձանագրելով, որ մեկնելով համազգային առաջնահերթութիւններէն եւ ներկայ մարտահրաւէրներէն, այսուհետեւ աւելի հետեւողական եւ ծրագրաւորուած աշխատանքներ պէտք է իրականացնեն Հայաստանի, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի  վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ, յստակ քայլեր ձեռնարկեն թուրք-ազրպէյճանական կեղծարար, ապատեղեկատուական քարոզչամեքենային դէմ եւ իրենց ուժերը համախմբեն նաեւ օտարալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ հայկական հիմնախնդիրները արծարծելու, Հայ դատի լուծման նպաստելու համար:

Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովի մասին ամփոփիչ ելոյթով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ընդգծեց. «Մենք ուժեղ ենք միասին եւ միասնաբար պիտի կերտենք մեր պատմութիւնն ու ապագան` յանուն անկախ ու յաղթանակած Արցախի եւ կազմակերպուած սփիւռքի:

Համաժողովի աւարտին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան ընթերցեց Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին կողմէ ընդունուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ հաստատուած են հետեւեալ կէտերը.

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութեան հետագայ ընդլայնումն ու զարգացումը կը նպաստէ համազգային առաջնահերթութիւններու յստակեցման եւ իրականացման հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի անվտանգ գոյատեւման, ազգային շահերու եւ  նպատակներու շուրջ հայութեան համախմբման:

Հայութիւնը իր միասնական ջանքերը պէտք է նպատակաուղղէ.

Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, հետագայ յառաջընթացին եւ  ապահովութեան:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդարացի եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ  լուծումին:

Սփիւռքի կազմակերպման:

Ազգային ինքնութեան պահպանման եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման:

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման:

Հայ եկեղեցւոյ  շուրջ հայութեան համախմբումին:

Արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու օգնութեան եւ  աջակցութեան:

Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

 

Նախորդը

«Հայաստանը Դարձեալ Անկախ Է 23 Տարիներէ Ի Վեր` Իբրեւ Վահան Հայ Ժողովուրդի Յաւերժութեան»

Յաջորդը

Պարգեւատրումներ` Անկախութեան Վերականգնման 23-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.