
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-ամեակին առիթով` գիտութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի խումբ մը ներկայացուցիչներ, դատական համակարգի, հայոց բանակի, Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան համակարգի զինուորական ծառայողներ պարգեւատրուած են պետական բարձրագոյն պարգեւներով, շնորհուած են նաեւ պատուաւոր կոչումներ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրուածները տօնին եւ պետական բարձր պարգեւներուն արժանանալնուն առիթով, մաղթեց յաջողութիւն:
«Անկախութեան տօնը լաւ առիթ է մեզի համար մեծարելու բոլոր անոնք, որոնք իրենց գործով եւ կեանքով կը մարմնաւորեն մեր երկիրն ու հասարակութիւնը, որոնք իրենց գործով եւ կեանքով կ՛ապահովեն պետութեան եւ հասարակութեան յառաջընթացը: Նման մարդոցմով մենք կը դառնանք աւելի ուժեղ, աւելի ինքնավստահ, նման մարդոց օրինակի վրայ յենելով է, որ կ՛ամրապնդուի մեր հաւատքը երկրին ու ժողովուրդի ապագային նկատմամբ: Մեր պարտքն է առանձնացնել զանոնք եւ ցոյց տալ անոնց օրինակը յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:


