Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը Սուրիոյ տարածքին մէջ ողբերգական այլ դէպք մըն է: Այդ մասին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քեթրին Լիչ:
Բրիտանացի դիւանագէտին խօսքով` ինք մտահոգ է, որ այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ կրօնական խճանկարը ոչնչացման եզրին է: «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական համայնքները վտանգուած են: Ներկայիս միջազգային հանրութիւնը կը փորձէ ընդունելի ռազմավարութիւն գտնել այս վիճակէն դուրս գալու համար», ընդգծեց Քեթրին Լիչ:
Պատասխանելով այն հարցումին թէ որքա՞ն խոր կրնան ըլլալ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւնները, եւ կարելի՞ է արդեօք, որ ապագային ՕԹԱՆ դառնայ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի մէջ ապահովուող անվտանգութեան այլընտրանքը, Բրիտանիոյ դեսպանը ըսած է. «Ներկայիս ՕԹԱՆ-ի պատուախնդրութիւնը կը կայանայ դաշինքին հետ համագործակցող երկիրներուն մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու ծրագիրներուն նպաստելու մէջ»: Այդ երկիրներուն հետ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան երկրորդ երեսը, ըստ դիւանագէտին, գործընկերներու խրախուսումն է, որպէսզի անոնք նոյնպէս նպաստեն միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման եւ պահպանման, բան մը, որ տուեալ պահուն Հայաստան կ՛ընէ: «Այդ գործընկերային յարաբերութիւններուն մէջ համագործակցող կողմը ինք կը թելադրէ իր ցանկութիւններն ու գործողութիւններուն ծրագիրները, այդ պարագային ՕԹԱՆ միայն փոխգործակցողի դերին մէջ կ՛ըլլայ: Այս ծիրին մէջ Հայաստան ռազմավարական անվտանգութեան տեսակէտէն ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցող երկրի ցայտուն օրինակ է, եւ կը շարունակէ առաւել լայն կարելիութիւններ փնտռել` դաշինքի խաղաղարար աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով», ընդգծած է Քեթրին Լիչ:
Իսկ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի` ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման փաստին եւ այդ տեսակէտէն ազրպէյճանական կողմի ռազմամոլ յայտարարութիւններուն, դեսպան Քեթրին Լիչ ըսած է. «Խաղաղութիւն պահպանելու եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու կոչը ուղղուած է ոչ միայն Ազրպէյճանին, այլ նաեւ Հայաստանին` երկու երկիրներու ղեկավարներուն: Քեթրին Լիչի համոզումով` խաղաղութեան կը ձգտին ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմերը: «Շատ կարեւոր է նաեւ ժողովուրդները նախապատրաստել խաղաղութեան: Այստեղ խօսքը նաեւ փոխզիջումներու մասին է, որոնց երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան», նշած է բրիտանացի դիւանագէտը:


