Գլխաւոր լուրեր

0917_ARF-Delegation

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրին այցելեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրայի հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանէն խնդրեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով իր շնորհակալութիւնը փոխանցել յունական իշխանութեանց, խորհրդարանին եւ յոյն ժողովուրդին: Հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանին խորհրդականը, առիթ մը եղաւ...

0917_Rusdamian1

10 Հոկտեմբերին Ոչ Իշխանական Ուժերու Հանրահաւաք. ՀՅԴ-ն Պիտի Չմասնակցի Լուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

Երէկ ոչ իշխանական քառեակի նիստին ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ մարզային այցելութիւններու եւ հանրահաւաքի հետ առնչուող հարցեր: Օրակարգին վրայ տեղ գտած է հիմնական 3 հարց` Միացեալ հանրահաւաք կազմակերպելու օրը եւ վայրը: Հանրահաւաքի օրակարգը եւ բովանդակութիւնը: Միասնական մարզային այցելութիւնները: Նիստին  ընթացքին որոշուած է, որ 3 քաղաքական ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, 10 հոկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք...

170914LehastanKhorhrdaran

Բակօ Սահակեան Ընդունեց Լեհաստանէն Հասած Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Լեհաստանէն հասած պատուիրակութիւնը` Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտի անդամ, Հայաստան-Լեհաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Լուկաշ Աբգարովիչի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեհաստան-Արցախ կապերու զարգացման, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ հայ-լեհական յարաբերութիւնները ունին դարերու պատմութիւն, ինչ որ դրական ազդեցութիւն ունի...

0917_Ghoulian

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Պետական-Իրաւական Հարցերու Յանձնախումբը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններու միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ մասնագիտական յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքներու կարելիութիւնները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

0917_Ohanian_China

Սէյրան Օհանեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Յունաստանի Եւ Չինաստանի Դեսպանները

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Թաղիսը եւ դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Կէորկիոս Մաւրոէիտիսը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց գնդապետ Մաւրոէիտիսը Հայաստանի մէջ զինուորական կցորդ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Սէյրան Օհանեան երէկ նաեւ ընդունեց Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը` Հայաստանի...

Bako-Sahakyan-with-Ari-f

Սփիւռքահայ 70 Գործարարներ` Արցախի Նախագահի Նստավայրում Բակօ Սահակեան. Արցախի Շէնացման Գործում Իր Ուրոյն Ներդրումն Ունի ԱՌԻ-ն

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախի շէնացման գործում, յատկապէս Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջաններում, իր ուրոյն ներդրումն ունի ԱՌԻ-ի ծրագիրը, յայտարարեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը ԱՌԻ-ի բաժնետէրերի հետ սեպտեմբերի 16-ին Ստեփանակերտում կայացած հանդիպման ընթացքում: «Աղաւնոյ գետի ափին Առիաւան գիւղի կառուցումը կարեւոր է ոչ միայն ժողովրդագրական, այլ քաղաքական իմաստով», ասաց Սահակեանը, ընդգծելով, որ արդարացուած է եւ ամօթ չէ ներդրումներով Արցախում դրամ վաստակելը: «Եթէ կարելի է...

0916_Ardzvig-f

Մինասեան. «Համախոհութեան Միջոցով Իշխանութեան Պէտք Է Պարտադրել Փոփոխութիւններ` Ստանալով Երաշխիքներ»

Արծուիկ Մինասեան Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ երէկ կազմակերպուած` «Սահմանադրական փոփոխութիւններ. թեր եւ դէմ» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, ներկայացնելով ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ,  վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կողմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն` անոնց մէջ տեսնելով կառավարման ձեւի փոփոխութիւն, եւ այդ մէկը ոչ թէ իրավիճակային մօտեցում է, այլ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ՀՅԴ-ի համոզումը: Արծուիկ Մինասեան կառավարման...

0916_Nalbandian_Warlick

Ուորլիք. «Ժամանակն Է, Որ Բանակցութիւնները Տարուին Այլ Մակարդակի Վրայ»

Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ երկուշաբթի օր Ուաշինկթընէն հասած էր Երեւան, երէկ Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ արդէն ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ բանակցութիւնները տարուին այլ մակարդակի մը վրայ: Ան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի...

0916_Seyran-Ohanian2

Օհանեան. «Բանակը Ներքաղաքական Իրադարձութիւններուն Չէ Միջամտած»

Հայաստանի ոչ իշխանական քառեակը «թէժ աշուն» կը խոստանայ, Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան կը հակադարձէ եւ կը սպառնայ «պաղ ցնցուղով», իսկ  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կը հաւաստէ, որ բանակը բնաւ չէ մասնակցած ներքաղաքական խմորումներուն, եւ այժմ ալ, համապատասխան ցուցմունքի  պարագային պատրաստ է իրականացնելու միայն կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը: Լրագրողներուն  հետ երէկ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ 2008-ի նախադէպէն ետք...

0916_viken

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Մէջ. Արցախի Անկախութեան 23-րդ Ամեակի Տօնակատարութիւն Եւ Վիգէն Զաքարեանի Կիսանդրիի Բացման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախի անկախութեան  23-րդ ամեակի տօնակատարութիւն եւ Վիգէն Զաքարեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութիւն` երեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Վիգէն Զաքարեան» սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններու քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Նազօ Տողանեան Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի ատենապետ Նազօ Տողանեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ազատագրուած...

Agnarg_jeddah

Ակնարկ. Անգարան` Ընդլայնուող Դաշինքին Եւ Իսլամականներուն Միջեւ

Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը` ընդդէմ Իսլամական պետութեան, տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած: Եւ այստեղ այնքան մշուշոտ է դաշտը, այնքան տակաւին անորոշ գործընթացներ կ՛արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ: Հարցը կը վերաբերի Իսլամական պետութեան շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւններուն: Կատարուածներուն արդիւնքներէն դատելով  քանի մը...

DSCN0811[1]

Արիաւան. Երազանք, Որ Դարձաւ Իրականութիւն

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախ այցելողները կանգ են առնում դէպի Աղաւնոյ գետի հովիտ տանող ոլորապտոյտ ճանապարհի եզրին եւ հիանում ու հպարտանում կարմիր տանիքներով, միմեանցից ներդաշնակ հեռաւորութեամբ վեր բարձրացող առանձնատներով: «Այն երազը, որ մենք ունէինք, արդէն իրականութիւն է դարձել», ասաց ԱՐԻ ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերից Բենիամին Պչաքչեանը` դիմելով լիբանանահայ գործարարներին, ովքեր եկել էին Արիաւան` սեփական աչքերով տեսնելու իրականութիւնը: Արիաւանը նախկին Աղաւնոյ գիւղի տարածքում կառուցուող...

0915_Karen-Mirzoyan-Ibai-Iriate-f

Ստեփանակերտի Եւ Տոնոսթիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Պասքերու երկրի Տոնոսթիա շրջանի (Սան Սեպասթիան) քաղաքապետարանին մէջ քաղաքապետ Խուան Քարլոս Իզակիրէ Օրթելանոյի հետ վերջերս ունեցած է տեսակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Ստեփանակերտի եւ Տոնոսթիոյ միջեւ բարեկամական եւ գործնական փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման հեռանկարներուն շուրջ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Ստեփանակերտ եւ...

0915_armen-astana-f

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Ասթանայի Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Յանձնախումբի Ժողովին

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը այս անգամ տեղի կ՛ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ, այդ երկրի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:   Ժողովին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Տաճիկիստանի, Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կուսակցութիւններէն: Ներկայ է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան: Ժողովին մասնակից ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջն...

0915_Paris-conference

Փարիզի Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Իրաքին Աջակցութիւն Կը Խոստանան

Երեսուն երկիրներ խոստացան «անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով» Իրաքին օժանդակել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու: Փարիզի Խորհրդաժողովին մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները յայտնեցին, որ օժանդակութիւնը պիտի ներառէ «զինուորական պատշաճ աջակցութիւն»: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խորհրդաժողովի բացման ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներկայացուցած վտանգը համաշխարհային հակազդեցութեան կը կարօտի: Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մահսում, որ Հոլլանտի հետ կը նախագահէր ժողովին, յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը «շուտով» պէտք է...

0914_կիրո1-f

Մանոյեան. «Պէտք Է Միասնական Ըլլալ»

Մօտ օրէն կը հրապարակուի Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման ուսումնասիրութեան խումբի ուսումնասիրութիւնը, որ քննարկումի առանցքային նիւթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է, որ մենք համախոհութիւն ունենանք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք եւ ինչպէ՛ս պիտի պահանջենք: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պետական յանձնաժողովի`...

0914_Basque-Parliament

Պասքերու Խորհրդարանը Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Իրաւունքը

«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ Պասքերու տարածքային խորհրդարանը 12 սեպտեմբերին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրած է փաստաթուղթ մը, որ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման: Պասքերու խորհրդարանին որդեգրած փաստաթուղթը կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հաւատարմութիւնը, անկախ ստեղծուած բարդ իրավիճակէն: Անիկա կը նշէ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր սեփական ապագան, մասնաւորաբար իր ինքնորոշումը, որ...

0914_gatoghigos-f

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպում Ունեցաւ Քոնկրեսի Մեծամասնական Պլոքի Ղեկավար Քեվըն Մքարթիի Հետ

Ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը` Արամ Համբարեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ վեհափառ հայրապետին ժողովական բազմազբաղ վիճակին, կ’այցելէ Հայ դատի...

0914_khach3

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին,  ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինին եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա լերան քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին (ղեկավար` Պօղոս Քենտիրճեան),...

DSC09605

«Առասպել Է, Որ Մեր Արխիւները Փակ Կը Պահենք» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երուանդ Փամպուքեան

Շաբաթ, 13 սեպտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ հատորներուն մասին տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը հատորներու խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով այսպիսի աշխատանքներուն ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` Փամպուքեան յայտնեց, որ պատմագրութեան համար ամէնէն կարեւորը սկզբնաղբիւրներն են, որոնց հիմամբ կարելի է կարծիք կազմել: Ան...

Page 827 of 885 1 … 826 827 828 … 885