Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովի ըստ յատուկ նիւթերու չորս նիստերը սկսան իրենց աշխատանքներուն` «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հոլովոյթը», «Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները», «Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ներկայ հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները» եւ «Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողով»:
Լրագրողներու համաժողովի քննարկման հիմնական ուղղութիւններն են` «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հոլովոյթին լուսաբանումը մամուլին մէջ». «Հայոց լեզուի իմացութեան եւ պահպանութեան հիմնախնդիրները», «Քարոզչութիւն, հակաքարոզչութիւն, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրներ» եւ «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները եւ հեռանկարները»:
Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին բացումը կատարեց Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան: Գէորգեան բարձր գնահատեց նախորդ համաժողովներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպչական աշխատանքները: Ողջունելով ներկաները` ան կարեւոր նկատեց հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը եւ այս առիթով կազմակերպուած Հայաստան-սփիւռք համաժողովը եւ մաղթեց արգասաբեր աշխատանք:
Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Վալենսիոյ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան, Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Իրանի «Լոյս» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Էդիկ Բաղդասարեան եւ այլ ներկայացուցիչներ:
Արարատ Ղուկասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Վալենսիոյ խորհրդարան դիմած են պահանջով եւ խնդրանքով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը այնտեղ արդարացի լուծում ունենայ եւ հասած են դրական արդիւնքի:
Վահագն Գարագաշեան ներկաներուն փոխանցեց Պուլկարիոյ խումբ մը լրագրողներու ողջոյնի խօսքը: Էդիկ Բաղդասարեան ներկայացուց իրենց կատարած աշխատանքները: Ան ըսաւ, որ թէեւ Իրանի մէջ իրենց արգիլած են իբրեւ լրատուամիջոց հանդէս գալ, սակայն 1995-ին սկսած են իրենց աշխուժ աշխատանքները, կայքին մէջ զետեղուած են ցեղասպանութեան նուիրուած շուրջ 1500 նիւթ, հրատարակուած են տարբեր գիրքեր:
Հայագէտ Յակոբ Չոլաքեան կարեւոր նկատեց լրագրողներուն Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանման հարցով համախմբուած աշխատիլը եւ կարելի եղածին չափ տեղեկատուական նիւթեր տարածելը ամբողջ աշխարհով:
Համաժողովին մասնակից լրագրողները փոխանակեցին իրենց փորձը, որոշեցին աւելի սերտօրէն համագործակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներ կատարելու ուղղութեամբ:
Այսօր կը շարունակուին Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին աշխատանքները:


