Գլխաւոր լուրեր

8293_b

Խմբագրական. Ժամանակահատուած, Ամպիոն Եւ Առիթ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքը իրաւամբ բոլոր պատճառները ունի առանձնանալու այդ ամպիոնէն փոխանցուած նախորդ ելոյթներէն: Իւրայատկութիւնը ունի թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային, թէ՛ շեշտադրումային եւ թէ՛ ոճաբանական հիմնաւորումներ: Այստեղ առիթը օգտագործուած է առաւելագոյն ձեւով ամուր, կարծր դիրքերէ ուղերձներ փոխանցելու: Խօսքը, իր իւրաքանչիւր պարբերութեամբ եւ իւրաքանչիւր բառով` իր ամբողջութեան մէջ երկարապատում մեկնաբանութիւններու կարիք չունի: Պէտք է կեդրոնանալ ա՛յս ժամանակահատուածին նախագահին կողմէ...

8346_b

Միացեալ Նահանգներու Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Տեսակցած Է Յառաջատար Փորձագէտներու Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ տեսակցած է Միացեալ Նահանգներու միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ յառաջատար փորձագէտներ Ճէյմս (Ճիմ) Քոլինզի, Ճէյմս (Ճիմ) Թրոպի, Սթիվըն Սեսթանովիչի եւՎալի Նասրի հետ: Հայաստանի նախագահն ու միջազգային փորձագէտները հիւրընկալած է ամերիկահայ բարերար Ասօ Դաւիթեան: Փորձագէտները նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած են Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններուն իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց...

0926_Hovig-Aprahamian_Energy

Աբրահամեան. «Մեր Նպատակն Է Երկրին Մէջ Ապահովել Ուժանիւթի Կայուն Համակարգ»

«Ուժանիւթի մարզը մեր երկրի տնտեսութեան ամէնէն կարեւոր ճիւղերէն է, եւ մեր նպատակն է երկրին մէջ ապահովել ուժանիւթի կայուն համակարգ»,  Հայաստանի ուժանիւթի մարզին վերաբերող քննարկումի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ան կարեւոր նկատեց Համաշխարհային դրամատան թեքնիք օժանդակութիւնը մարզի հետագայ զարգացման գործին մէջ: Ըստ կառավարութեան բանբերին, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչները անդրադարձած են մարզին մէջ Հայաստանի ունեցած առաւելութիւններուն եւ խնդիրներուն, յառաջիկայ տարիներուն...

0926_Ghoulian_Raul-Khadzhimba

Ղարաբաղի Պատուիրակները Տեսակցեցան Աբխազիոյ Նախագահին Հետ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, Սուխումիի մէջ Աբխազիոյ նորընտիր նախագահ Ռաուլ Խաճիմպայի երդման արարողութենէն  ետք (հինգշաբթի) տեսակցած է  անոր հետ: Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կողմերը ընդգծած են փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց...

0926_Turkey1

Պոլսոյ Մէջ Հայկական Համայնքի Սեփականութիւնը Վերադարձուած Է Իրաւատիրոջ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր խորհուրդը որոշում տուած է շուրջ 42 հազար քառակուսի մեթր տարածք վերադարձնելու հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամին: Հայ համայնքին վերադարձուած տարածքին մէջ կը մտնէ նաեւ Պոլսոյ Զէյթինպուռնուի մարզադաշտը: Հայկական սեփականութիւնը հիմնադրամին վերադարձնելու վերջնական որոշումը տրուած է 22 յունուար 2014-ին, սակայն Զէյթինպուռնուի քաղաքապետարանը դատարանին մէջ բողոքարկած էր որոշումը` պատճառաբանելով, որ տարածքը...

ՀՅԴ-ՍԴՀԿ-ՌԱԿ

Հաղորդագրութիւն

Երէկ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումին առիթով հրապարակուեցաւ դատապարտագիր-հաղորդագրութիւն մը, որ յղուեցաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: Ստորեւ` հաղորդագրութիւնը: Մինչ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենար Հայաստան - սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հայութիւնը անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն պահանջեց, ոճրային ձեռքը երկարեցաւ`...

0925_Rusdamian1

«Ասիկա Նախագահին Ամէնէն Յաջող Ելոյթն Էր ՄԱԿ-ի Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՀՅԴ-ն կը նկատէ անոր «ամէնէն յաջող ելոյթը` դիպուկ եւ ճիշդ շեշտադրումներով»: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ շատոնց պէտք էր ատիկա ըլլար. «Ես կը կարծեմ, որ նախագահի ամէնէն յաջող ելոյթն էր: ՄԱԿ-ի մէջ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր...

Fotor0925141051-f

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. «Գրողի Ծոցը Վաւերացնէք»-ը Էրտողանին Հասկնալի Ոճով Ըսուած Էր

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան դրական եւ ուժեղ որակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանին ելոյթը: «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցին ընթացքին Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Նախագահի ելոյթին մէջ կային ճիշդ շեշտադրումներ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, թէ՛ արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ: «Նախագահը այդ բարձր ատեանէն բացայայտեց Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Շատ յատկանշական է, որ Լեռնային Ղարաբաղի...

363981268vizitisomxetshiohanian

Երեւանի Մէջ Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները

Ալասանիա եւ Օհանեան Աշխատանքային այցելութեամբ վերջին երկու օրերուն Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա  տեսակցեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Տեսակցութեան  ընթացքին քննարկուեցան զինուորական եւ զինուորական-ճարտարագիտական համագործակցութեան, շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող  համագործակցութեան մակարդակը ընդլայնելու կարելիութիւնները եւ բազմակողմ շրջանակներու մէջ գործակցութեան հեռանկարները, ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան  պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

8286_b

Հայաստանի Նախագահը Նիւ Եորքի Մէջ Տեսակցեցաւ Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Եակլանտ եւ նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային այցելութեամբ  Միացեալ Նահանգներ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան  չորեքշաբթի տեսակցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ: Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, տեսակցութեան ընթացքին Սարգսեան անգամ  մը եւս շնորհաւորած է Եակլանտը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով եւ մաղթած նորանոր նուաճումներ այդ պատասխանատու առաքելութեան մէջ: Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած...

0924_Serj_UN-f

Նախագահ Սարգսեան ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Ուշագրաւ Յայտարարութիւն Կատարեց. Հայաստան Լրջօրէն Կը Քննարկէ Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւնները Խորհրդարանէն Ետ Կանչելու Հարցը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ պաշտօնական Երեւանը նախաձեռնած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, սակայն Թուրքիոյ ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով այսօր պաշտօնական Երեւան լրջօրէն կը քննարկէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Յայտնի է, որ պաշտօնական Երեւանի նախաձեռնած...

0924_St-Martyr

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Խստիւ Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած եկեղեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ դեսպանատունը կը միանայ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այս անմիտ աւերածութիւնը դարձեալ կը փաստէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան բացարձակ քամահրանքը Միջին Արեւելքի հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ: «Ինչպէս նշած է...

0922_Hrant1

Մարգարեան. «Մենք Կ՛ուզենք Երկրին Մէջ Հիմնական Փոփոխութիւն Մտցնել»

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին օրը «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին «Ռ-Էվոլիւցիա» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով հաղորդավարին հարցումին, որ կ՛ըսէր, թէ Հայաստանը ներկայ քաղաքական համակարգով, եթէ 100 առ հարիւր համամասնական կամ խորհրդարանական համակարգին անցնի այդ համակարգը որքանո՛վ կը փոխուի, Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ «այսօրուան սահմանադրութեամբ ներկայի իշխանութիւնները երկու անգամով վերարտադրուած են: Յաջորդ սահմանադրութիւնը կրնայ ապահովել...

0924_Jirayr2

«Սուրիոյ Հայաշատ Շարք Մը Համայնքներ Դատարկուած Են» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Ժիրայր Ռէյիսեան Սուրիոյ երբեմնի մօտ հարիւր հազարնոց հայկական համայնքէն այսօր տարբեր հաշուարկներով մնացած է 20-30 հազար մարդ: Սուրիոյ հայաշատ համայնքներէն տեղահանուածներէն շատերը ապաստանած են Սուրիոյ քիչ թէ շատ ապահով նկատուող բնակավայրերուն մէջ: Սուրիայէն չեն հեռացած հիմնականին մէջ այն ընտանիքները, որոնք հեռանալու բաւարար միջոցներ չունին: Այս օրերուն Երեւան կը գտնուի Հալէպի հայկական համայնքի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին...

0924_Nalbandian_Minsk-group_Mamedyarov

Նիւ Եորքի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Եւ Մամետեարովի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ՄԱԿ-ի 69-րդ  Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երեքշաբթի տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտրիոյի, Ճէյմս Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան` տեսակցութիւնը շարունակուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ:...

Pr-Sargsian_5th-Armenia-Diaspora

«2015 Թուականը Ոչ Թէ Հայոց Պահանջատիրութեան Սահմանագիծն Է, Այլ Ազգային Վերազարթօնքի Նոր Հանգրուանը»

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 20 սեպտեմբերին Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովի փակման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ստորեւ կու տանք համաժողովի փակման արարողութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեանի արտասանած խօսքը: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութիւնը կրկին իր յարկի տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչների Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Այսօր...

0924_DeirZor-f

Խմբագրական. Տէր Զօրը Եկեղեցիներու Պայթեցման Օրինակներէն Դուրս Է

Տէր Զօրի մատուռի պայթեցման փաստը դիտարկումի առաջին փորձով քանի մը հայեցակէտեր կ՛ամփոփէ։ Սուրիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Տէր Զօրը կրած էր որոշ աւերումներ։ Սակաւ չէին այն մեկնաբանութիւնները, որոնք պատահածը անպայման թիրախաւորուած յարձակում չէին նկատեր։ Այս տեսակէտին կը նպաստէին նաեւ այն օրերուն շրջանին մէջ կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումները, որոնց անմիջական հետեւանքով նիւթական ծանր վնասներ կրած էր հայոց եկեղեցին։Սակայն ասիկա...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Կը Դատապարտենք Արցախի Մշակութային  Եւ Կրօնական Կոթողներէն Հայկականութեան  Հետքերը Ջնջելու Ազրպէյճանի Նախաձեռնութիւնը»

Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ականահարումին Դէմ Դատապարտումի Բուռն Ալիքը Կը Շարունակուի

Ս. Էջմիածինի Դատապարտումը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ հայոց նուիրական սրբավայր հանդիսացող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ պայթեցումը ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մասունքները ամփոփող եկեղեցւոյ  աւերումը անարգալից քայլ է հայ ժողովուրդի եւ անոր սուրբ նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ: «Տեղի ունեցածը անթաքոյց դրսեւորում է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի յիշատակութեան նախօրեակին հարուածելու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արդար ձգտումները: Կատարուածը ...

0923_Vehapar_DeirZor

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Եկեղեցւոյ Ականահարումը

Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք հասնելէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս խոր ցաւով եւ յուզումով իմացաւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ականահարումը: Վեհափառ հայրապետին հասած տեղեկութեանց համաձայն, ասիկա ծրագրուած ոճիր մըն է Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումը ոճրագործ ձեռքերու կողմէ: Վեհափառ հայրապետը խստիւ դատապարտելէ ետք յիշեալ ոճրային արարքը ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան...

009-300×146

Սփիւռքի Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ անասելի վայրագութեան նոր դրսեւորումը

21 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ականահարած է Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ռաշտիէ թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի պատմական եկեղեցին: Այս առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կը յայտնէ. «Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ այս անասելի վայրագութեան, մշակութային ցեղասպանութեան նոր դրսեւորումը, կոչ կ’ուղղէ սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն` հայ ժողովուրդի նուիրական սրբավայրին դէմ...

Page 825 of 885 1 … 824 825 826 … 885