Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութիւնը Հանդիսաւոր Տօնակատարութեամբ Նշեց Հայաստանի Վերանկախացման 23-Ամեակը

September 20, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0919_23amyag1ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինը, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Իշխան», «Սարդարապատ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, երէկ երեկոյան հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ եւ հսկայաթիւ հայորդիներու ներկայութեամբ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին մէջ նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-ամեակը:

0919_sheporakhumpՊաշտօնական ձեռնարկէն առաջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը Պուրճ Համուտի հրապարակէն ուղղուեցաւ «Սարդարապատ» ակումբ, ուրկէ շրջեցաւ նաեւ «Արագած» եւ ապա «Ազիրեան» ակումբները, ի վերջոյ հասնելով ձեռնարկին վայրը:

Շեփորախումբին ընկերակցեցան «Ռոստոմ», «Հրայր Դժոխք» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններուն անդամները:

Յայտագիրին բացումը կատարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ընդգծեց Մայիս 28-ի ուխտով եւ Սեպտեմբեր 21-ի ոգիով ամբողջական Հայաստանը կերտելու երազը իրականացնելու յանձնառութիւնը:

Ապա ան ներկայացուց ձեռնարկին ընթացքին մատուցուելիք յայտագիրը:

Շահէն Արապօղլեան
Շահէն Արապօղլեան
Յարութիւն Լափաճեան
Յարութիւն Լափաճեան

«Իշխան», «Սարդարապատ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն անունով Յարութիւն Լափաճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ 21 սեպտեմբերին կերտուած անկախութեամբ վերանորոգուած է Հայաստանի անկախութեան մայիս 28-եան ուխտը, իսկ այսօր` վերանկախացումէն 23 տարի ետք բոլորս այդ անկախութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Ան շեշտեց, որ հզօր Հայաստանով միայն դատը կը լուծուի եւ այդ Հայաստանն է ամբողջական հայրենիքի կերտման սիւնը, «հետեւաբար մենք ամէն գնով պէտք է հզօրացնենք մեր հայրենիքը, մեր մէջ ամուր պահելով հայրենիքին ծառայելու կամքն ու հաւատքը», ըսաւ ան:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ իր գողգոթայէն միայն երեք տարի ետք անկախութիւն կերտած եւ ապա 23 տարիներ առաջ խորհրդային լուծէն վերանկախացած հայ ժողովուրդին պատմութեան հանգրուաններուն` շեշտելով «Հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար» կարգախօսին ընդմէջէն Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցելու եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք հաւաքական ճիգերով հզօր պետութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ, ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամ Շահէն Արապօղլեան, որ ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը:

Եսայի հաւաթեան
Եսայի հաւաթեան

Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին պատգամը փոխանցեց օրուան բանախօս Եսայի հաւաթեան, որ ընդգծեց, թէ հայ մնալ կը նշանակէ ազատ կամքով ազատ ու քաջ ապրիլ եւ մղուած անհաւասար կռիւներէն յաղթական դուրս գալ:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ ամէն առաւօտ Աստուծոյ փառք տալէ ետք, փառք տայ նաեւ 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն, որոնց շնորհիւ հայութիւնը փրկուեցաւ ոչնչացումէ:

Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին առիթով, Ե. Հաւաթեան հաստատեց զգացական ժողովուրդ մը ըլլալէ աւելի տրամաբանող ժողովուրդ մը դառնալու անհրաժեշտութիւնը` կերտելու համար ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

Ե. Հաւաթեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Բոլորս կոչուած ենք հայրենիքին հետ ապրելու ամէն օր: Ո՛չ պիտի ըսենք հատուածականութեան եւ այո՛ միասնականութեան: Պէտք է քանդենք մեզ իրարմէ անջատող բոլոր պատնէշները եւ իբրեւ ազգ երաշխաւորենք մեր գոյատեւումը»: (Այս առիթով Եսայի Հաւաթեանի արտասանած խօսքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ»-ի երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի թիւով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին):

0919_vicken_karnigԱնկախութեան տօնակատարութիւնը խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտով համակուեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի եւ Վիգէն Տիշչեքենեանի ազգային ու յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ եւ Յովիկ Ատուրեանի նուագակցութեամբ:

 

 

Նախորդը

Հայ Արուեստագէտներ Կը Մասնակցին «Պէյրութ Արթ Ֆեր» Միջազգային Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Երկուշաբթի Օրուան Թիւը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.