Նախագահ Սարգսեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդէն Պաշտօնանկ Կ՛ընէ Գագիկ Ծառուկեանը
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին մէջ նախանցեալ օր իշխող կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան խիստ քննադատութիւն ուղղած է համաձայնական դաշինքի իր երբեմնի գործընկերոջ հասցէին` ըսելով, թէ «Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական դերակատարը երկրին համար դարձած է չարիք»: Սարգսեան յայտարարած է, որ իր հրամանագիրով Ծառուկեան ազատ պիտի կացուցուի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամի կարգավիճակէն: «Երկրին անվտանգութեան բարձրագոյն մարմինը կրկէսի սրահ չէ, որ...



















