Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը, Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

February 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_DBAYEH21115_Cornich-Manara«Եոհան» դարձաւ իսկական փոթորիկ մը, որ պատճառեց տեղատարափ անձրեւներ, ծովուն մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց, ծովուն ալիքները 6 մեթր բարձրացան, ծառեր արմատախիլ դարձան, ծանուցումներու հսկայ պաստառներ փուլ եկան, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանը նուազեցաւ 3-ի եւ 4-ի:

«Եոհան», որ Լիբանան հասած էր Պալքաններէն, միախառնուած էր Սինայի անապատներուն աւազամրրիկին եւ այդ պատճառով ալ իբրեւ ցեխ հասած էր Լիբանան:

«Եոհան» պատճառեց նիւթական մեծ վնասներ, որոնց շրջագիծին մէջ Սայտայի, Պաթրունի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստները կասեցուցին իրենց աշխատանքները եւ հոն գտնուող բազմաթիւ նաւակներ ընկղմեցան:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, Զահլէ-Թարշիշ, Այնաթա Արզ-Լաքլուք- Աքուրա- Քֆարտըպիան եւ Պաալպեքի ճամբաները լրիւ փակուեցան` տեղացած առատ ձիւնին պատճառով:

Ծովուն բարձր ալիքներուն պատճառով Նահր Քալպէն անդին Ժունիէ-Պէյրութ ծովային ճամբան փակուեցաւ, իսկ Այն Մրէյսէ-Մանարա ճամբուն վրայ մեծ վնասներ արձանագրուեցան:

Ուզայիի մէջ բարձրացած ալիքները պատճառ դարձան նաեւ շուրջ քսան բնակարաններու քանդումին եւ ողողումներու:

Մտայրէժի, Սաուֆարի եւ Տահր Պայտարի ճամբաները ամբողջ օրուան ընթացքին բաց մնացին միայն այն ինքնաշարժներուն դիմաց, որոնց անիւները շղթաներով պատուած են եւ պատրաստ ձիւնածածկ ճամբաները կտրելու:

«Եոհան»-ին պատճառով կարգ մը շրջաններու մէջ համացանցը խանգարուած էր, ելեկտրական հոսանքը ընդհատուած, ինչպէս նաեւ պտղատու ծառերուն բերքը` փճացած:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանի Մէջ Գիւղական Զբօսաշրջութեան Ռազմավարութեան Գործադրութեան Սկիզբի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Լահհամի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.