Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Հայաստանին Անհրաժեշտ Են Նոր Որակի Իշխանութիւններ»

Փետրուար 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20815_FotorCreated9Հայաստանը միշտ ալ պատերազմի մէջ էր, ինչու այդ ընթացքին կառավարման խորհրդարանական համակարգին կողմ էին այդ նոյն մարդիկ:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ոչ իշխանական քաղաքական հասարակական ուժերու խորհրդաժողովի ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարութեան, թէ կիսապատերազմական պայմաններու մէջ, երբ սահմանին վրայ ամէն օր կը կրակեն, երբ հակառակորդը կը սպառնայ նոր լայնածաւալ պատերազմով, ապա  կարելի չէ երկրի կառավարման ձեւը փոխել եւ պատճառ դառնալ հասարակական քաղաքական ցնցումներու:

«Մեր ըսածը ամէն տեղ է` 27 Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն 19-ն խորհրդարանական համակարգ ունին եւ պէտք չէ հիմա յիշել, որ պատերազմի մէջ է Հայաստանը», ըսաւ Ռուստամեան եւ նշեց, որ կարեւոր կը նկատէ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւնները:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ 25 տարի է, որ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ անցնիլ ներկայացուած խորհրդարանական համակարգին, ինչպէս նաեւ ընտրական համակարգին մէջ փոփոխութիւններ կատարել, զորս իրարմէ անջատելը կը թուլացնէ միւսին ուժը:

«Մենք կ՛ըսենք` ինքնին միայն լաւ ընտրութիւններու կազմակերպումը  բաւարար չէ: Այդ մէկը տեսանք 1990-1991-ին, երբ լաւ ընտրութիւններ եղան, բայց ժողովրդավարութիւնը այդպէս ալ անշեղ չընթացաւ, անոր  համար ալ պէտք է համակարգը այնպիսին ըլլայ, որ այդ լաւ  ընտրութիւններով եկող իշխանութիւնները չայլասերին», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը նշեց, որ որեւէ իշխանութիւն հակուած է այլասերելու եւ  հակուած է իր եղած հզօրութիւնը, լծակները օգտագործելու նախ եւ առաջ իր հատուածական կամ անձնական շահերուն համար:

«Մենք այս մէկը բացառելու համար կ՛ըսենք, որ համակարգային փոփոխութիւն պէտք է: Ասիկա չեն կատարեր ու չես գիտեր ինչու մեզի  աշխարհէն կտրուած բաներ կը բացատրեն, որոնք բացարձակապէս որեւէ միջազգային փորձի մէջ չեն արձանագրուած», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան կ՛ընդունի, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է նոր որակի իշխանութիւն, որ պէտք չէ ընտրութիւնները կեղծել, որ իշխանութիւնները պէտք չէ նոյնանան պետութեան հետ եւ պետութիւնը  իրենց համար չօգտագործեն:

«Այդ նոյն բաները ես կ՛ընդունիմ եւ այդ բոլորին տակ կրնամ ստորագրել: Այո՛, անոնք պէտք են, բայց այդ բոլորին ինչպէ՞ս հասնիլ` բարի կամքո՞վ, ինչ որ մէկու մը ոտքերուն տակ բարի հրեշտակ ըլլալու հանգամանքո՞վ, չեմ հաւատար ես ատոր, եթէ ոեւէ մէկը կը հաւատայ, թող անգամ մը եւս երթայ եւ խաբուի», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց երթալու Դաշնակցութեան առաջարկած ճամբով` համակարգային, խորքային փոփոխութիւններ իրականացնելով:

«Մենք կ՛ըսենք` եկէք այնպէս մը ընենք, որ որեւէ մէկը իշխանութեան մէջ ըլլալով կաշկանդուի, զսպուի եւ հակակշռուի, որ չկարենայ նոյնիսկ  պետութիւնը օգտագործել ի շահ իրեն, որովհետեւ համակարգի միւս բաղկացուցիչ մասերը թոյլ չեն տար: Այդպէս է, որ երկիրը երկիր կը դառնայ»,  ըսաւ ան:

«Ձեզի կը թուի, թէ սարքոզիները, հոլլանտները այդքան շատ լա՞ւ են, եւ միայն կամքո՞վ կ՛առաջնորդուին, ո՛չ, իրենք չեն կրնար այլ բան կատարել, համակարգը թոյլ չի տար: Եթէ օրինակ` ուզեն ինչ որ բան ի վնաս ֆրանսացի ժողովուրդին համար կատարել, չեն կրնար, ֆրանսացի ժողովուրդը 4 հանգրուանով հասած է այս համակարգի ձեւին», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հանդիպում ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Միջնորդները Պատրաստ Են Բանակցային Եռանդուն Գործընթացի Հրաւիրելու

RelatedPosts

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Մարտ 24, 2023
Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In