Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններու ղեկավար անձնակազմին մասնակցութեամբ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը վարած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Խորհրդակցութեան մասնակցողներուն ներկայացուած են ձեռնարկներուն ծրագիրը, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին ներքեւ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ կազմակերպուելիք բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ ծրագիրի` բարձր մակարդակով իրականացման գործին մէջ պետական մարմիններուն մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Զեկուցումով մը հանդէս եկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան», կը յայտնէ նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը:


