Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին մէջ նախանցեալ օր իշխող կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան խիստ քննադատութիւն ուղղած է համաձայնական դաշինքի իր երբեմնի գործընկերոջ հասցէին` ըսելով, թէ «Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական դերակատարը երկրին համար դարձած է չարիք»: Սարգսեան յայտարարած է, որ իր հրամանագիրով Ծառուկեան ազատ պիտի կացուցուի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամի կարգավիճակէն:
«Երկրին անվտանգութեան բարձրագոյն մարմինը կրկէսի սրահ չէ, որ ով երբ ուզէ գայ, երբ չուզէ` չգայ», ըսած է Սարգսեան` միաժամանակ նշելով, որ Ծառուկեան 2013-2014 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գումարած 145 նիստերէն մասնակցած է միայն 4-ին: «Եթէ ան այդ աստիճանի կ՛արհամարհէ իր ընտրողները եւ Ազգային ժողովի դերը, մենք անոր իրաւունքը չունինք. մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքներուն համար: Մեր պատգամաւորները վաղն իսկ պիտի նախաձեռնեն նման անհեթեթ վիճակին վերջ տալու համար անհրաժեշտ քայլերուն», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:
Սերժ Սարգսեան յորդորած է վարչապետին ստուգումներ իրականացնել «գողցուած միլիառները» բարեգործութեան անուան տակ քողարկելու լուրերուն առնչութեամբ եւ ցանկ ներկայացնել բոլորին:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, կը շարունակուին նաեւ օդին մէջ կախուած մնալ բազմաթիւ քրէական յանցագործութիւններ արհեստավարժ կերպով քողարկելու մեքանիզմ հիմնելու մասին չստուգուած լուրերը:
«Ըսեմ, որ խօսքս ամբողջութեամբ Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական կամ կեղծ-քաղաքական երեւոյթին մասին էր: Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ գործարար, ես անոր վերաբերեալ որեւէ խնդիր չեմ տեսներ, եթէ, անշուշտ, հիմնաւորապէս հերքուին օրէնքին հետ խնդիրներ ունենալու մասին բոլոր լուրերը», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Սերժ Սարգսեան ակնյայտ հեգնանքով խօսած է Ծառուկեանի` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին մասին, որուն ընթացքին Ծառուկեան յայտարարած էր հանրահաւաքային պայքարը վերսկսելու մտադրութեան մասին:
«Մենք անկեղծօրէն տրամադրուած էինք գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին քննարկել Գագիկ Ծառուկեանի վերջին ելոյթը եւ պաշտօնապէս արձագանգել անոր: Ցաւով պիտի ըսեմ, որ քննարկման ընթացքին, սակայն, գրեթէ անդրադարձ չեղաւ այդ ելոյթին: Քննարկելու իմաստը ի՞նչ է: Ի՞նչը քննարկենք. քննարկենք ի՞նչ ըսուած է, թէ՞ քննարկենք` արդեօք հասկցա՞ծ է, թէ ինչ կ՛ընթերցէ: Ու նոյնը` տարիներ շարունակ: Խմբակիցները անընդհատ ջանք կը թափեն բացատրելու, թէ որն է «այբը», որը` «բենը»: Ոմանք սեփական օրակարգը կը գրեն, դէմ կու տան` միտքին մէջ համոզուած ըլլալով, որ «միեւնոյն է` չի հասկնար ինչ որ կը խօսի», ընդգծած է Սարգսեան:
Սարգսեան յայտնած է, որ այս պահուն շատ աւելի կարեւոր է զբաղիլ քաղաքական դաշտը մաքրելով` այնտեղ տեղ բանալով քաղաքական գործիչներուն համար, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական լուծումներ եւ որոշումներ որդեգրել: Նախագահը աւելցուցած է, որ դաշտը պիտի մաքրուի աւատապետական տրամաբանութենէն` բոլորին իր տեղը ցոյց տալով: Ան պարզաբանեց, որ ժամանակն է ամբարտաւանին ցոյց տալ իր տեղը, տգէտին` իր տեղը, իսկ մոլորեալին` իր տեղը:
Հայաստանի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ «Ծառուկեան քաղաքական դերակատարը մեր երկրին համար դարձած է չարիք», ու ատիկա բնական նկատած է: «Քաղաքական հոլովոյթներուն մասնակից ըլլալու համար անհրաժեշտ մեքանիզմներ տնօրինող, բայց մտաւոր ցած ունակութիւններով անհատը ինքնաբերաբար կը դառնայ որեւէ զարգացման ուղղակի արգելակ: Երեւոյթ մը, որ յստակօրէն կ՛երեւի արդէն վաղուց: Որեւէ լուսաւոր անհատ կամ որեւէ լուսաւոր գաղափար մեր երկրին մէջ հրապարակ իջնելէն ետք կը մոլեգնէ խաւարի ուժը. աղաղակ, պիտակաւորում, անուանարկում, «ես այսօր այստեղ եմ եւ ես ուրախ եմ, որ այսօր այստեղ եմ» մակարդակէն վեր իւրաքանչիւր մտքի բռնաբարում: Ծանօ՛թ պատկերներ են, չէ՞: Անշու՛շտ ծանօթ են: Ու չըսէք, թէ ասիկա միայն իշխանական գործիչների դէմ կ՛օգտագործուի: Բոլորը ամէն ինչ շատ լաւ կը հասկնան»:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, ողբերգութիւն եւ զաւեշտ է այն փաստը, որ Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական մեծ յաւակնութիւններ ունի:
«Վստահաբար անոր շրջապատի գրագէտ մարդիկը նոյնպէս իրենց հոգիի խորքին մէջ կը հասկնան, որ այս տեսակի` պատերազմող երկրի քաղաքական վերնախաւին մաս հանդիսանալը իրական վտանգ է: Կը պատկերացնէ՞ք իրավիճակ մը, երբ Ծառուկեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թուղթ մը կը կարդայ, որուն կը յաջորդեն պատգամաւորներու, որոնց շարքին նաեւ թուրք եւ ազրպէյճանցի պատգամաւորներու, հարցումերը: Այո՛, պատկերացնելը շատ բարդ է եւ սոսկալի, անշուշտ: Անոր արտերկրեայ քանի մը յայտնի այցելութիւններուն ընթացքին ձգած ամօթալի տպաւորութեան մասին մեր գործընկերներուն ծաղրական պատմութիւնները դեռ մինչեւ այսօր մենք չենք մարսած», յայտնած է ան:
Երկրին նախագահը այնուհետեւ կատարած է իւրայատուկ «խոստովանութիւն» մը, թէ կ՛ընդունի ստեղծուած իրավիճակին մէջ մեղքի իր բաժինը եւ շտապած է աւելցնել, որ պէտք է արագ, մինչեւ վերջ եւ յստակ ուղղել իր սխալը:
Գագիկ Ծառուկեան Կը Հակազդէ
«Ստեղծուած է վիճակ մը, որ կը պահանջէ լուծում, եւ միակ լուծումը ամբողջական իշխանափոխութիւնն է` նախագահական արտակարգ ընտրութեան միջոցով», երէկ յայտարարած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան` իր գլխաւորած կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին ժամանակ:
Խօսքը ուղղելով ժողովուրդին` Ծառուկեան ըսած է. «Ես գիտեմ, որ ասիկա եղած է ձեր հիմնական պահանջը եւ ես երկար ժամանակ փորձած եմ անցնցում տարբերակով այդ պահանջը բաւարարելու ճամբան գտնել: Բայց փաստօրէն ցնցումներու ճամբով կ՛երթայ իշխանութիւնը: Ինչ ըսեմ, մեղքը իր վիզը: Ի՞նչ պիտի ընենք մենք: Շատ յստակ եւ հաշուարկուած քայլեր»:
«Պատրաստուեցէ՛ք պայքարի: Երեք հազար մարդ փողոց կ՛ելլէ` ասոնք ստիպուած օրէնք կը փոխեն: Եթէ ամբողջ ժողովուրդը ելլէ` իշխանութիւնը կը փոխուի: Ես այժմ կոչ կ՛ուղղեմ համազգային զօրաշարժի, ունենալով մէկ նպատակ` քաղաքական բոլոր օրինական միջոցներով (անդադար հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր, անհնազանդութիւն եւ այլն) հասնիլ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնանկութեան` ազատելու համար չարիքի այս իշխանութենէն», յայտարարած է ԲՀԿ-ի առաջնորդը` շարունակելով. «Այս իշխանութիւնը անյապաղ պէտք է հեռացուի, եւ մենք պէտք է փակենք մեր պատմութեան անփառունակ եւ ամօթալի այս էջը: Հայաստանը պէտք է մաքրել գաղջ մթնոլորտէն»:
«Մեր խօսքը գործ է: Իմ կեանքիս մեծագոյն գործը այժմ ես կը նկատեմ չարիքի իշխանութենէն Հայաստանը ազատելը: Բոլորիս յաղթանակ կը մաղթեմ», ըսած է Ծառուկեան:
ԲՀԿ-ի ղեկավարը իր խօսքին սկիզբը անդրադարձած է իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նախանցեալ օրուան նիստին ժամանակ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն, զանոնք անուանելով «երէկ եթերը լեցուցած յայտնի մարդու ելոյթ», ապա յատուկ ընդգծած, որ իր «խօսքը ոչ թէ ուղղուած է անոր, այլ` ժողովուրդին»:
«Ես, ինչպէս եւ դուք, ծանօթացած եմ այդ մարդուն խօսքին: Պետութեան նախագահի պաշտօնին վրայ գտնուող մարդու ծրագրային խօսք կոչուածին մէջ ես բառ մը անգամ չտեսայ մեր պետութեան բարգաւաճման եւ ժողովուրդի խնդիրներու լուծման մասին մտահոգութիւն», ընդգծած է Ծառուկեան:
«Այդ մարդը չխօսեցաւ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Նազարպայեւ կը նուաստացնէր եւ կը ստորացնէր զայն: Ան չխօսեցաւ, թէ օգոստոսեան զինուորական լարուածութեան ժամանակ ինչո՞ւ Պատեն Պատենէն չվերադարձաւ Հայաստան: Ան լուռ էր, երբ մարդիկ խուճապի մատնուած էին դրամի սրընթաց արժեզրկման պատճառով: Ան ոչ մէկ բառ ըսաւ, թէ ինչո՛ւ կը լռէր, երբ Գիւմրին եւ հայ ժողովուրդը կը սգային դաժան սպանութեան համար եւ ոտքի կը կանգնէին», շարունակած է ԲՀԿ-ի ղեկավարը:
«Պատգամաւորական լիազօրութենէն զիս զրկելու մասին. ինծի համար կարեւորը Հայաստանի քաղաքացիներուն վստահութիւնն է, որ առկայ է: Այնպէս որ, ես ունիմ ամէնէն կարեւոր լիազօրութիւնը», յայտարարած է ԲՀԿ-ի ղեկավարը:
«Փաստօրէն, այդ մարդու ծրագրային խօսքը անձամբ ինծի կը վերաբերէր, այսինքն` անոր ծրագիրը ինծի դէմ պատերազմ յայտարարելն ու ցմահ իշխելու խոչընդոտը վերացնելն է: Առաջ անցնելով ըսեմ, որ ես կ՛ընդունիմ մարտահրաւէրը եւ պիտի երթամ մինչեւ յաղթանակ», յայտարարած է ԲՀԿ-ի նախագահը, որ իր հասցէին կատարուած անձնական վիրաւորանքներուն առնչութեամբ ըսած է. «Պատասխանեմ` ես պիտի չիջնեմ նման ցած մակարդակի»:
«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական զաւեշտին, հայ ժողովուրդը իսկապէս զաւեշտ կը նկատէ այս իշխանութեան գոյութիւնը մինչեւ այսօր: Ասիկա մեր բոլորիս ամօթն է եւ եկած է սխալները ուղղելու ժամանակը», յայտարարած է Գագիկ Ծառուկեան:
Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ
Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որ վարած է Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Բացման խօսքին մէջ նախագահը նշած է. «Շուրջ քառորդ դարէ մեր պետութիւնը անցած է ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման բարդ ուղի: Մեր պետականութեան կառուցումը խարսխուած է իրաւունքի գերակայութեան, խօսքի ազատութեան, քաղաքական բազմակարծութեան եւ այլ հիմնարար սկզբունքներու վրայ, որոնք երբեք կասկածի տակ չեն առնուած: Ցաւօք սրտի, անշուշտ եղած են ժամանակահատուածներ, երբ այս սկզբունքները աւելի շատ կը կրէին քարոզչական բնոյթ եւ իրականութեան չէին համապատասխաներ: Միաժամանակ միշտ գիտակցած ենք, որ կան արժէքներ, որոնք վեր են անձնական, խմբակային, կուսակցական եւ այլ շահերէ: Անոնց շարքին ամէնէն կարեւորներէն մէկը մեր երկրի ներքին անդորրի եւ համերաշխութեան ապահովումն է, որ ներկայիս շրջանային եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ աւելի արժէքաւոր կը դառնայ: Այս արժէքի պահպանումն ինքնին կ՛ենթադրէ նաեւ քաղաքական պայքարի առկայութիւն եւ տարաբնոյթ շահերու արտայայտման եւ պաշտպանութեան համար ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ ճանչցուած այլ միջոցներու կիրարկում: Սակայն վերջերս աւելի կ՛ընդգծուին առանձին անձերու օրակարգին մէջ տեղ գտած հարցերը քաղաքական հոլովոյթներու ծիրէն դուրս բերելու եւ անոնց այլ լուծումներ տալու մտադրութիւններն ու փորձերը: Ցարդ համապատասխան գործողութիւններուն տրուած գնահատականները եւ անոնց առիթով կատարուած վերլուծութիւնները առաւելապէս ունեցած են քաղաքական ուղղուածութիւն: Կը կարծեմ, որ այսօր ժամանակն է նման գործողութիւնները եւ անոնց առնչուող երեւոյթները քննարկել նաեւ ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն: Մեր խնդիրն է գնահատել, թէ որքանո՛վ առկայ սպառնալիքները կը վտանգեն անձի, հանրութեան եւ պետութեան կենսականօրէն կարեւոր շահերը, ձեւաւորել ընդհանուր մօտեցում, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլան այդ սպառնալիքներու չէզոքացման միջոցները: Ըսուածը բնաւ չի նշանակեր, որ հանրութեան բնականոն գործունէութեան համար կարեւոր շարք մը հարցերու կապակցութեամբ պետութիւնը չէ ունեցած որոշ վերաբերմունք կամ նոր դիրքորոշումներ կը ձեւաւորէ: Մասնաւորապէս, պետութիւնը երբեք չէ խրախուսած բռնութիւններու միտուած երկիմաստ քարոզչութիւնը, լաւ թէ վատ, թէեւ ատիկա այս պահու խնդիր չէ, փորձած է վերահսկել ելեւմտական միջոցներու գոյացման օրինականութիւնը, որոշ չափով արձագանգած է կասկածելի դրամական աղբիւրները քաղաքական նպատակներով օգտագործելու երեւոյթին, պարբերաբար հակազդած է սեփական շահերու պաշտպանութեան համար թեքնիք եւ կազմակերպական կարելիութիւններու անհամաչափ գործածման: Անշուշտ, այս ամէնը պետական իրաւասու մարմիններու առօրեայ գործունէութեան բաղկացուցիչ մասն է: Սակայն երբ նման բացասական երեւոյթները կը միացուին եւ կը ծառայեցուին երկրի ազգային անվտանգութեան հակադրուող շահերու սպասարկման, ատոր նկատմամբ վերաբերմունքը պէտք է ըլլայ սկզբունքօրէն այլ: Թէ ինչպիսին, կը քննարկենք այսօր»:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին տեղի ունեցած քննարկումներուն իբրեւ հետեւանք ձեւաւորուած է ընդհանուր մօտեցում, երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնացող երեւոյթները գնահատելու եւ անոնց վտանգաւորութեան աստիճանին համարժէք միջոցներ ձեռնարկելու կապակցութեամբ: Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ սպառնալիքի չէզոքացման միջոցները պէտք է համապատասխանեն օրինականութեան եւ արդարութեան չափանիշներուն: