Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 124-Ամեակը

February 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20815_FotorCreated85 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Մարտակերտի շրջանային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 124- ամեակը:

Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները այցելեցին Մարտակերտի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու երդման արարողութիւնը:

Այնուհետեւ Մարտակերտի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ  հանդիսաւոր տօնակատարութիւն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան,  ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, կուսակցական ընկերներ եւ պաշտօնատար այլ անձիք:

Շնորհաւորելով ներկաները` «Գանձասար» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սամուէլ Գրիգորեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն կը հանդիսանայ այն կուսակցութիւնը, որուն վիճակուած է բախտորոշ դերակատարութիւն ունենալ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ` 1890-էն մինչեւ այսօր:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, անդրադառնալով Դաշնակցութեան առաքելութեան, նշեց, որ հարիւրամեակէ մը աւելի է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը կոչուած է իր ուսերուն տանելու հայ մարդու հոգը, որպէսզի հայոց երկրին մէջ` Մեծ Հայքի տարածքին, ըլլայ պետականութիւն, հայ մարդը ունենայ  արժանավայել կեանք:

Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին ապացուցեց, որ հայ մարդը կրնայ եւ արժանի է պետականութիւն ունենալու:

«Այսօր` Մեծ եղեռնի նախօրեակին, ՀՅԴ-ն անգամ մը եւս աշխարհին կ՛ըսէ,  որ ինքը կայ եւ կ՛ապրի, ան իր պայքարը կը շարունակէ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը ապրի միացեալ, ծովէ ծով Հայաստանի մէջ, իսկ այդ գործը  մենք պիտի կատարենք, ժողովուրդին հետ միասնաբար` ձեռք ձեռքի տուած: Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ մեր թշնամիները գիշեր ու զօր կը մտածեն մեզ բաժնելու, տրոհելու մասին, բայց այս հողին վրայ մեր աշխատանքները նորանոր որակներ պիտի ստանան` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան», նշեց Վահրամ Բալայեան:

20815_FotorCreated31Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան` ընդգծելով Դաշնակցութեան դերը արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ:

«Մեր ժողովրդին մէջ ձեւաւորուած է այնպիսի կարծիք, որ Դաշնակցութիւնը պատերազմի կուսակցութիւն է, պէտք է հաստատեմ, այո՛ Դաշնակցութիւնը նաեւ պատերազմի կուսակցութիւն է եւ 1989-ին Արցախ գալով` դիմակայեց ամէնէն գլխաւոր` հայու եւ Հայաստանի լինելիութեան մարտահրաւէրը, այն ժամանակ արդէն պարզ էր, որ միայն զէնքով կայ փրկութիւն», նշեց Արթուր Աղաբեկեան` կարեւոր նկատելով նաեւ ՀՅԴ-ի ներկայիս դերն ու առաքելութիւնը:

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ տօնական համերգով:

Նախորդը

Անդրադարձ. Յաջողութիւնը` Էրտողանին, Իսկ Ձախողութիւնը` Տաւութօղլուին

Յաջորդը

Հանդիպում ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.