ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 փետրուարին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Սամուէլ Երանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի եւ Հայաստանի ՀՅԴ 10 մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներու հետ:
Աղուան Վարդանեան մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն ներկայացուցած է վերջերս աւարտած ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւերը, քննարկուած են յառաջիկայ ընելիքները եւ ծրագրուած են յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ գործող բոլոր` յիսուն կոմիտէութիւններուն մէջ ընկերային հաւաքներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:
Աղուան Վարդանեան եւ Սամուէլ Երանեան հանդիպած են նաեւ ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներէն զեկուցում մը ներկայացուցած են եւ քննարկած են ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու ներկայացուած աշխատանքներու ծրագիրները: